ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Հանդիսութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, մասնակցեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու ներքեւ կատարուած հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին վաստակաւոր կրթական մշակներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հրաչեայ Սրկ. Սուրենեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Գահվէճիեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Ս. Սահակ Հայրապետի վարքին։ Ան յիշեցուց թէ, քրիստոնէական արժէքներով սնած ու զարգացած մեծ հայրապետը, իր տեսլականը կեանքի կոչելու համար բաւականին աշխատած էր ու իր պաղատանքը մատուցած՝ առ Աստուած։ Այս տեսլականն էր քրիստոնէական հաւատքը լաւագոյնս փոխանցել հայ ժողովուրդին։ Այս ուղղութեամբ կարծէք Ս. Մեսրոպը կը յայտնուի, որպէս աստուածային պատասխան եւ կը դառնայ Ս. Սահակի անմիջական գործակիցը։ Ուստի, Մեսրոպ Մաշտոց տքնաջան աշխատութեամբ կը նպաստէ մեծ առաքելութեան։ Թարգմանիչ վարդապետներու գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած էր հաւատքը հասկնալի դարձնել ժողովուրդին, որպէսզի զայն փոխանցելու դժուարութիւնը նուազանայ։ Ինչպէս զանազան առիթներով, այս Թարգմանչաց տօնին եւս, սուրբերը կը փոխանցեն կարեւոր պատգամ մը եւ յատկապէս հայախօս հասարակութեան ուսերուն վրայ պարտականութիւն կը բեռցնեն։ Ներկայիս պէտք է միջոցներ գտնենք, որպէսզի ոչ-հայախօս մեր զաւակներն ու բարեկամները եւս իմանան եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ուսուցումն ու գրականութիւն։ Պատրիարք Հայրը այս շրջագիծով շեշտեց եկեղեցւոյ մեծ դերը, որով մեր առջեւ կը բացուի հայերէնը սորվելու, զարգացնելու եւ իւրացնելու հսկայ դաշտ մը։ Իր խօսքերու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ հայերը վերջին շրջաններուն օտար մշակոյթներու նպաստելէ աւելի, գրաւուած են օտար աւանդութիւններէ. բան մը՝ որ մեծ վտանգ կը սպառնայ մեր ժողովուրդին։

Ս. Պատարագի աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներ՝ Սահակ Արք. Ապուչէխցիի, Մեսրոպ Արք. Նարոյեանի, Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր օրհնեց ներկաները։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եկեղեցւոյ պարտէզը համեստ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ի պատիւ Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու։ Այս առիթով, Յարութիւն Աբեղայ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ու անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին։ Այս առիթով, յանուն ներկաներուն շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր անուան տօնախմբութիւնը, մաղթելով մեր Հոգեւոր Պետին արեւշատութիւն։ Մթնոլորտը ոգեւորուեցաւ միասնաբար երգուած տոհմիկ երգերով։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021