Եւ հիմա… (1)

Հայութիւնը պատմական ճամբաբաժանի մը առջեւ կանգնած է բոլոր առումներով ու բոլոր ժամանակներու կտրուածքով։ Արցախի երկրորդ պատերազմին ծանր հետեւանքները պետական ցնցումէ կամ քաղաքական տագնապէ շատ աւելին կը նշանակեն հայ իրականութեան տեսակէտէ։ Առկայ մարտահրաւէրները հազարամեակներու հաշուեկշիռի մը բնոյթը ունին։ Աւելի՛ն, որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի, որ մարտահրաւէրներու լրջութեան համապատասխան արդիւնաւէտութեամբ շարժման անցնելու հնարաւորութիւններ, լծակներ ու մանաւանդ՝ գիակցութիւն գոյութիւն ունի։

44-օրեայ պատերազմը անդունդի եզրին հասցուցած է հայոց պետականութիւնը։ Անցեալ շուրջ երեք տասնամեակին մաքառած պետութիւնը օրհասական կացութեան մատնուած է։ 9-10 նոյեմբեր 2020 թուականին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարը, առանց չափազանցութեան, ձեւական դարձուցած է պետութիւնը։

Խնդիրը առաջին հերթին պահը խորաթափանց ընկալելու հրամայականը կը ստեղծէ։ Ճիշդ է, որ ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ պետութիւններու կեանքին մէջ կրնան ըլլալ վերելքներ կամ անկումներ։ Հայոց պատմութեան մէջ ալ կան բազում օրինակներ։ Ողբերգութիւն պէտք չէ ստեղծել, սակայն արհեստական թեթեւութեան սահմանէն ալ հեռու պէտք է մնալ։ Առարկայական արժեւորումը յստակ պատկեր մը կ՚ուրուագծէ բոլորի աչքին առջեւ, անվիճելի որոշ ազդանշաններով հանդերձ, այս փուլին ստեղծուած անդառնալի վտանգներուն շուրջ։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր դատապարտուած է մահու կենաց պայքարէն յաջողութեամբ դուրս գալու։ Այլապէս, սա պիտի ըլլայ պետականութեան կորուստէն ալ աւելին։ Սա պիտի յանգեցնէ հայութեան, ընդհանրապէս, երկրագունդէ բնաջնջման։ Դարերու հոլովոյթին մէջ հայութիւնը յաճախ դիմագրաւած է պետականութիւն կորսնցնելու մարտահրաւէրը, բայց առ հասարակ ոչնչանալու վտանգը յաղթահարած է, որովհետեւ իր բնօրրանին մէջ միշտ ունեցած է մարդուժ, ժողովրդագրական շարունակականութիւն։ Այն աշխարհագրութիւնը, ուր հայերը երկրագունդի վրայ յայտնուած են, արտադրած են սեփական դիմագծով, ապրած ու արարած են զանգուածայնաբար, միշտ եղած է հայաբնակ եւ թէ անանտեսելի համեմատութեամբ։ Սա նաեւ նախադրեալ մը եղած է պետականութեան վերականգնման համար, ինչ որ գերագոյն իտէալ կը համարուի որեւէ հաւաքականութեան, բոլոր ազգերուն համար, որովհետեւ յարատեւման գերագոյն երաշխիքը կը նկատուի։ Անշուշտ, գործնական գետնի վրայ միշտ դեր խաղացած է իրադրութեան նպաստաւոր ըլլալը կամ հակառակը։ Մօտաւորապէս դար մը առաջ հիմնովին փոխուած է այս պատկերը հայ ժողովուրդի բնօրրանին, անոր խտացած աշխարհագրութեան պարագային։ Այդ տարածքը 1915-ին գրեթէ հայաթափուած է անշրջադարձելիօրէն։ Ցեղասպանութենէն վերջ այդ բնօրրանի շատ փոքր մէկ հատուածէն ներս ժողովրդագրական խտութիւն մը մնացած է եւ այդ տարաքծը գրեթէ կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն։ Սա կ՚ենթադրէ ներուժ մը, առանց որու դժուար թէ խօսիլ կարելի ըլլայ ազգային ժառանգութեան պատին վրայ նոր աղիւսներ աւելցնելու մասին։

Ուրեմն, այժմ վտանգուած պետականութեան կորուստը ճակատագրական պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոր գոյութիւնը բախտորոշ է միանշանակօրէն հայ ազգի յարատեւութեան տեսանկիւնէն։ Ժամանակները այնպիսի պայմաններ ստեղծած են, որ եթէ այսօր հայկական պետութիւնը վերջնական փլուզման ենթարկուի, ապա յաջորդ քայլափոխին ընդհանուր անկումը անխուսափելի, անկասեցնելի կը դառնայ հայութեան համար։ Պարզապէս ժամանակի հարց կ՚ըլլայ։ Համաշխարհային քարտէսին վրայ գնդասեղի մը ծայրին չափ է Հայաստանը, սակայն երկրագունդի չորս ծագերուն սփռուած՝ շուրջ տասը միլիոն հայուն համար անկրկնելի ձգողականութիւն մը ունի։ Նոյնիսկ ամենաանտարբերին, նոյնիսկ արմատէն ամենահեռացածին համար ի զօրու է այս բանը։ Այո՛, միայն պետութիւն չէ հայը, այո՛, առանց պետականութեան ան շատ երկար դիմադրած է, սակայն այժմ վիճակը տարբեր է։ Ներկայ պետութիւնը մեծ հաշուով միակ ապահովագրութիւնն է յարատեւման։ Արդարեւ, այսօր միայն Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին այն արժէքները, որոնք հայը հա՛յ կը պահեն։ Այսօր միայն Հայաստանի մէջ կ՚արտադրուի այն ամէն ինչը, որ հայկական ինքնութիւնը կենսունակ պահելու, վերարտադրելու ազդակ կը դառնայ։ Պետութեան ձգողականութիւնը հաւաքական դիմագծի պահպանման առանցքը դարձած է։

Այս բոլորի լոյսին տակ աշխարհի բոլոր հայերուն իրաւունք կը ծնի խօսելու եւ խորհրդածելու Հայաստանի մասին։ Սա արդէն քաղաքացիութեան հանգամանքէն անկախ՝ ինքնութեան ահազանգի մը հարցն է, համազգային ժառանգութեան մը կորուստի վտանգին դէմ պոռթկումով հանդերձ։ Հայաստանը այս տեսանկիւնէն հասարակաց յայտարար մըն է եւ անոր առկայ մարտահրաւէրները կրնան բոլորին վրայ ազդեցութիւն գործել պատճառահետեւանքային հանգամանքներու բերումով։

*

Թէեւ հայութեան մօտ, ընդհանրապէս, այդքան ալ ընդունուած չէ, որ պոլսահայերը խօսին հայկական քաղաքականութեան մասին, սակայն, հաշուի առնելով պահու բացառիկ բնոյթը՝ այս տեսանկիւնէն ալ կ՚արժէ բացառութիւն մը ընել։ Արդարեւ, այսօր բոլորի մօտեցումները, դիտարկումները, համոզումներն ու հայեացքները պէտք է նորովի արժեւորուին՝ նպատակասլաց հետեւութիւններ ընելու համար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021