ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԿԸ ՊԱՀԵՆՔ ՏԱՍՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ
Մենք Տիրոջ տասն պատուիրաններուն կը նայինք մեր մատներու արանքէն՝ կարեւորութիւն չենք տար, չենք կեդրոնանար, ջանք չենք թափեր պահելու: Սա մեծ մեղք է, անտարբերութիւն, արհամարհանք Աստուծոյ նկատմամբ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ես դպրոցական տարիներուն անգիր սորված էի տասն պատուիրանները եւ մինչեւ հիմա կը յիշեմ: Սակայն այդքանը: Միայն անգիր գիտէի: Որոշ պատուիրաններու, մասնաւորապէս չորրորդ պատուիրանի իմաստը չէի հասկնար եւ առանձնայատուկ ջանք չէի թափեր զայն ընկալելու համար. ինչպէ՞ս կարելի է օրը սուրբ պահել... Ինձ համար քով քովի շարուած բառեր էին, որոնք ես սերտեցի անգիր: Եւ միայն Արցախի վերջին պատերազմը ստիպեց զիս վերանայիլ իմ ապրած կեանքը, իմ արժէքները, ապաշխարել ու փորձել ճանաչել ու սիրել Արարիչը:
Մինչ այդ իմ հաւատքը մակերեսային էր, ինչպէս շատերունը: Զոր օրինակ, Հայաստանի մէջ քանի՞ հոգի կը պահէ Տիրոջ կարեւորագոյն պատուիրաններէն մին. «Շաբաթ օրը սուրբ պահէ»: Կարծես բոլոր պատուիրաններու մէջ մարդիկ կը շրջանցեն վերջինս: Իմաստը չեն հասկնար եւ չեն ալ փափաքիր ըմբռնել: Հին Կտակարանի «Ելք 19,20» գրքի մէջ Տէրը Մովսէսին յայտնելով պատուիրանները յստակ կ՚ըսէ. «Յիշէ շաբաթ օրը, որպէսզի սուրբ պահես զայն: Վեց օր պիտի աշխատիս եւ պիտի կատարես քու բոլոր գործերը: Եօթներորդ օրը քու տէր Աստուծոյ շաբաթ օրն է: Այդ օրը դուն ոչ մէկ գործ պիտի ընես, ոչ ալ քու տղան ու աղջիկը, քու ծառան ու քու աղախինը, քու էշն ու քու եզը, քու բոլոր անասունները, քեզ մօտ գտնուող օտարականն ու քեզ մօտ բնակուող պանդուխտը, որովհետեւ Տէր Աստուած վեց օրուայ մէջ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ծովն ու այն ամէնը ինչ անոնց մէջ է, իսկ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ: Անոր համար ալ Տէրը օրհնեց եօթներորդ օրը եւ զայն հռչակեց սուրբ»: Այնուհետեւ նոյն գրքի «Ելք 31,32» մէջ, Տէրը Սինա լերան վրայ խօսելով Մովսէսի հետ ըսաւ. «Զգո՛յշ եղէք, պահեցէ՛ք իմ շաբաթ օրերը, որովհետեւ այդ ձեր սերունդի մէջ, իմ ու ձեր միջեւ դրած պայմանն է, որպէսզի ճանչնաք, թէ ե՛ս եմ ձեզ սրբագործող Տէրը: Կը պահէք շաբաթ օրերը, որովհետեւ Տիրոջ եւ ձեզի համար այդ սրբութիւն է: Ով զայն պղծէ, թող դատապարտուի մահուան: Ամէն ոք, ով այդ օրը գործ ընէ, թող վերանայ իր ժողովուրդի մէջէն: Վեց օր գործ ըրէ, իսկ եօթներորդ օրը Տիրոջ սուրբ հանգստեան շաբաթ օրն է: Ով որ շաբաթ օրը գործ ընէ, թող մահուան դատապարտուի: Պահեցէք շաբաթ օրերը, որպէսզի անոնք ձեր սերունքի մէջ ի կատար ածուին որպէս յաւիտենական ուխտ: Այդ իմ յաւիտենական պայմանն է, որովհետեւ Տէրը վեց օրուայ մէջ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, իսկ եօթներորդ օրը դադար տուաւ ու հանգչեցաւ»:
Երբ կը շարունակենք կարդալ Աստուածաշունչը, յաջորդ գլուխի, Ղեւտական 26 գիրքի (Բ Օր. 28.15-68) մէջ կը տեսնենք, որ Տէրը շաբաթ օրերը սուրբ չպահելու պարագային կը պատժէ ոչ միայն մեզ, այլեւ՝ մեր երկիրը: Պարզ ու յստակ կը զգուշացնէ, թէ ինչ կրնայ ըլլալ մեր երկրի հետ, եթէ շաբաթ օրերը չպահենք սուրբ. «Ձեր քաղաքները պիտի դարձնեմ աւերակ, պիտի ամայացնեմ ձեր սրբարանները եւ ձեր զոհաբերութիւններու անուշ բոյրը այլեւս պիտի չհոտոտեմ: Պիտի աւերեմ ձեր երկիրը, եւ անոր մէջ ապրող ձեր թշնամիները պիտի զարմանան ատոր վրայ: Ձեզ պիտի ցրուեմ տարբեր ժողովուրդներու մէջ եւ ձեր վրայ իջած սուրը պիտի կոտորէ ձեզ: Ձեր երկիրը աւերակ պիտի դառնայ, իսկ ձեր քաղաքները՝ ամայի: Այնքան ժամանակ, որ երկիրը պիտի մնայ աւերակ, պիտի վայելէ իր հանգստեան օրերը, իսկ դուք պիտի ըլլաք ձեր թշնամիներու երկրի մէջ՝ օտար երկրի մէջ: Այնքան ժամանակ, որ երկիրը աւերակ պիտի մնայ, պիտի վայելէ իր հանգստեան օրերը, պիտի հանգստանայ այն շաբաթ օրերու փոխարէն, որ չհանգստացաւ ձեր այնտեղ բնակուելու ժամանակ...»:
Եթէ վերցնենք վերջին ժամանակները՝ 30 տարի... իւրաքանչիւր տարին 52 շաբաթ... երեսուն տարին՝ 1560 շաբաթ... 1560 օրը գրեթէ հինգ տարի... Եթէ չապաշխարենք մեր երկիրը մեզմէ առնուազն հինգ տարի պիտի հանգչի...
Մի՛ սպաններ
Մի՛ շնար
Մի՛ գողնար
Քու դրացիի դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ... Ասոնք բոլորը յանցանքներ են ու ծանր մեղքեր: Մեր ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ ամբողջութեամբ կը խախտէ Տիրոջ վերջին տասներորդ պատուիրանը. «Քու մերձաւորի ունեցուածքի վրայ աչք մի՛ տնկեր»: Եւ Հին Կտակարանի «Ելք 19, 20» գիրքի մէջ Տէրը կը մանրամասնէ. «Ո՛չ քու մերձաւորի տան, ո՛չ անոր ագարակի վրայ աչք մի՛ ունենար: Ո՛չ քու մերձաւորի կնոջ վրայ, ո՛չ անոր աղախինի վրայ, ո՛չ անոր անասունի վրայ, ո՛չ այն ամէնի վրայ, ինչ քու մերձաւորինն է, աչք մի՛ ունենար»:
Աւա՜ղ մենք սուրբ չենք պահեր Տիրոջ բոլոր պատուիրանները, եւ չենք արժանանար Բարձրեալի օրհնութեանը: Իսկ որքան գեղեցիկ կ՚ըլլար մեր կեանքը, մեր հայրենիքն ու մեր երկիր մոլորակը եթէ հնազանդէինք Տիրոջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան