ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՕՔԼՈՔՐԱՍԻ
Ըստ հռոմէացի պատմաբան Փոլիպիուսի (Ք.Ա. 208-126), օքլոքրասին ժողովրդավարութեան վերջին փուլն է։
Թէեւ ժողովրդավարութիւնը կը բացատրուի՝ որպէս քաղաքացիներու հաւասար իրաւունք ունեցած կառավարման ձեւ, սակայն, իրականութեան մէջ, անհաւասար մարդիկ կը համարուին հաւասար եւ սա օքլոքրասիի առաջին սերմն է։ Եթէ հասարակութեան մը մէջ բնակչութեան աճը կը գերազանցէ կրթութեան մակարդակը, այդ հասարակութեան մեծամասնութիւնը անխուսափելօրէն կը բաղկանայ անկիրթ մարդոցմէ եւ սա օքլոքրասիի առաջին ծիլն է։ Անոնք առանց գիտելիքի կ՚ունենան գաղափարներ, անոնք հնարաւոր չէ միաւորել, քանի որ անոնց համար գրեթէ անհնար է ընդունիլ այլ գաղափարներ, բացի իրենցինէն։ Եթէ կը նախատեսուի այս «թափառական» ամբոխը համախմբել, ապա անհրաժեշտ է գնել անոր անդամներու հասարակաց կէտը կամ պէտք է ստեղծել ընդհանուր նպատակ, գաղափար կամ թշնամի։ Սա օքլոքրասիի կոճղն է։ Քաղաքական իշխանութիւնը ստանձնած անճարակ մեծամասնութիւնով մենք այլեւս կը ստանանք ո՛չ միայն կոճղ, այլ նաեւ ծառ մը եւ անոր իւրաքանչիւր ճիւղը պետական իշխանութեան մէջ կը գտնէ իր տեղը, կ՚աճի եւ կը ստանայ տերեւներ, որոնք կը ստուերեն կրթուած եւ մտաւորական մարդիկը. սա ալ օքլոքրասիի պտուղն է։
Օքլոքրասիի հիմնական նշաններն են՝ հասարակական-քաղաքական խումբերու իշխանութեան գլուխ գալը, ամբոխավարական տրամադրութիւններու եւ պարզունակ գաղափարներու հասարակութեան պարտադրումը, անօրինութիւն եւ կամայականութիւն հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներու մէջ, ծրագրուած պայմաններու ստեղծումը անկարգութիւններու համար, մարդկային կեանքի արժէքի խախտումը, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու ճգնաժամային երեւոյթները:
Օքլոքրասիի իշխանութեան մարմինը զայրացած ամբոխն է: «Ամենավատը» կը ղեկավարուի հետեւեալ հիմնական սկզբունքներով. մտաւորականութիւնը եւ այլ կրթուած մարդիկ կ՚ենթարկուին աքսորի, նուաստացման կամ ուղղակի ֆիզիքական ոչնչացման: Տպագիր հրապարակումներու, ներկայացումներու, արուեստի գործերու եւ տեղեկատուութեան այլ աղբիւրներու խստիւ արգիլում, ինչ որ կը խթանէ իշխող «էլիթ»ներու գաղափարներուն աջակցող զանգուածները: Հայեցակարգերու փոխարինում. արդիւնքին՝ այն ինչ, որ նախապէս կը համարուէր պատուաբեր եւ լաւագոյնը, այլեւս կը դառնայ անընդունելի եւ ամօթալի: Անկարգութիւններ, բռնութեան կիրառում եւ այլ շարժումներ կ՚իրականացուին առաջնորդներու հրահրմամբ կամ ուղղորդմամբ՝ դժգոհ բազմութեան կամ հեշտութեամբ վերահսկուող խումբերու կողմէ։ Անպատժելիութիւնը կը դառնայ ազատութեան հոմանիշը. այն գործողութիւնները, որոնք նախապէս յանցանք կը համարուէին, իրաւական երանգ կը ստանան հանրային արդարադատութեան բարձր գաղափարներու անուան տակ։
Օքլոքրասին էապէս բաւական վտանգաւոր երեւոյթ է՝ որպէս իշխանութեան ձեւ։ Այդ կը ցանէ քաոս, աւերուածութիւն, անօրինականութիւն, անհամերաշխութիւն, ինչ որ երկրի բնակչութեան կեանքը կը մատնէ թնճուկի։ Քաղաքացիներու իրաւունքները այլեւս երաշխաւորուած չեն ըլլար, նոյնիսկ անվտանգութիւնը ապահովել կարելի չ՚ըլլար։
Պահ մը պատկերացնենք, որ հասարակութեան բոլոր դիրքերը կը բաշխուին վիճակահանութեամբ. օրինակ՝ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ինքնաշարժները վերանորոգած մարդը յանկարծ կը դառնայ գիւղատնտեսութեան նախարար։ Դժուար չէ կռահել, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետաքրքրուած հարցերու փլուզման հաւանականութիւնը շատ մեծ է։ Յամենայնդէպս, յստակ է, որ ինչու հին գիտնականներ կը հաւատային, թէ ժողովրդավարութիւիը ամենավատ պարագային կը դառնայ օքլոքրասի։ Հարկ է նշել, որ օքլոքրասին ամբոխի հզօրութիւնը շեշտող բառ մըն է կամ ժամանակակից իմաստով՝ ոչ-մասնագէտներու կառավարում։ Այս պատճառով է, որ ազնուականութիւնը, անոնց կարծիքով պետական կառավարման լաւագոյն ձեւն է, քանի որ այդ մէկը կը կառավարեն խելացի մասնագէտներ։ Ինչպէս աստղի մը գոյութեան փուլերը, այս քաղաքական կառուցուածքն ալ նախ կը փայլի, յետոյ կը նուազի անոր ուժականութիւնը, այնուհետեւ կը սկսի աճիլ եւ, ի վերջոյ, կը փլուզուի իր իսկ միջուկի վրայ։
Բռնապետութիւնը, երբ իշխանութիւնը կը հաւաքուի «քարիզմաթիկ» եւ «մանիփիւլաթիւ» առաջնորդի եւ անոր աջակցող քանի մը հզօր դէմքերու շուրջ, եղած է օքլոքրասիի ամենայայտնի եւ յաճախ պատահող հետեւանքը պատմութեան ընթացքին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ