ՀՐԱԺԵՇՏ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ԿԱՐՕ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆԻՆ
Թրքահայ համայնքը անցեալ շաբթուան դադարի օրերուն ենթարկուեցաւ զգացական մեծ ցնցումի մը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գնաց պոլսահայ մամլոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն Կարօ Համամճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէր մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի անձնակազմին։ Մեր մամլոյ վաստակեալ աշխատակից մը ըլլալու առընթեր, Կարօ Համամճեան եռանդուն համայնքային վարիչ մըն էր։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներս տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ծառայէր բազմակողմանի ձեւով, համեստ ձեւով, բայց նաեւ վճռական։ Աստիճանաբար Ֆէրիգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն ներս սկսած էր աշխատիլ՝ ներառեալ սանուց միութիւնը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը եւ ի վերջոյ ընտրուած էր թաղային խորհուրդի անդամ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հոգածութեան յանձնուած Հալըճըօղլուի գերեզմանատան համար ալ մեծ աշխատանք տարած էր։ Կարեւոր գործ տեսած էր, որպէսզի գերեզմանատունը այսօրուան խնամուած վիճակին հասնի։ Կարօ Համամճեան թէեւ դասական իմաստով խմբագիր մը չէր, սակայն մեր համայնքային կեանքի այնպէս մը ներգրաւուած էր, որ ունէր իր հոտառութիւնը, ունէր իր դիտարկումները եւ այդ բոլորի հիման վրայ նպաստաւոր աշխատանք կը տանէր՝ հանրային կարծիքը առողջ ու դրական ձեւով պատրաստելու ուղղութեամբ։
Բացի իր արհեստավարժ զբաղմունքէն եւ վարչական դերակատարութենէն, ընկերային կեանքէ ներս ալ շատ սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր, չափազանց ընկերասէր ու միշտ ուրախ կը զգար բարեկամներէ շրջապատուած ըլլալով։ Բոլորի նկատմամբ սէր կը տածէր սրտին մէջ, բարի եւ անկեղծ տրամադրութիւններով կ՚առաջնորդուէր եւ այդպէսով ալ յաջողած էր բոլորի սիրտը շահիլ։
Հոգելոյս Կարօ Համամճեանի յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան բարձր ներկայութիւնը բերաւ բացօթեայ կազմակերպուած հրաժեշտին։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ դամբանական մըն ալ խօսեցաւ ի յիշատակ հոգելոյս Կարօ Համամճեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց, որ իր արտայայտութիւնները դամբանականէ մը աւելի սրտի խօսք կը համարուին։ Հանգուցեալին ծառայութիւններն ու մարդկային առաքելութիւնները ընդգծելէ վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի հոգելոյս Կարօ Համամճեանի յաւիտենական նենջը ըլլայ հանգիստ։ «Մեզի գէշ կատակ մը ըրիր, Կարօ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ու մաղթեց, որ Աստուած երկնային հանգիստ շնորհէ եւ թողութիւն պարգեւէ մեղքերուն։
Մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն իր ընկերները։ Ապա թաղման կարգն ալ տեղի ունեցաւ նոյն գերեզմանատան մէջ, ուր Կարօ Համամճեանի թարմ շիրիմին վրայ թողուեցան ծաղիկներ եւ բոլորը իրենց վերջին խոնարհումը բերին իր ազնիւ յիշատակին առջեւ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հոգելոյս Կարօ Համամճեանին, մեր խոնարհումը բերելով իր քաղցր յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ մեր սիրելի բարեկամուհի Անի Համամճեանին, բոլոր հարազատներուն, նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։ Այս դառն կորուստին առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք նաեւ մեր պաշտօնակից «Մարմարա»ի ընտանիքին։