ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ…
«Քաղաքը կարդում է». արեւելահայերէն այս խորագիրը ունէր Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօնը, որ այս տարի ընթացաւ աննախադէպ աշխուժութեամբ, հակառակ քորոնաժահրի վարակի սահմանափակումներուն եւ ճնշուած տրամադրութիւններուն, որ կայ այսօր՝ սահմանային միջադէպերու, նաեւ պատերազմի երկարաձիգ ազդեցութեան հետեւանքով…
Միւս կողմէ, թերեւս գիրքի փառատօն այցելելը, հոն ձեռնարկներու մասնակցիլն ու առօրեայէն պահ մը պոկուիլը կարճատեւ փրկութիւն է բոլոր տեսակի յուսալքումներէն, ճնշումներէն եւ տագնապներէն: Այսպիսով, այս տարուան փառատօնը դարձաւ վերջին շրջանի ամենամարդաշատ մշակութային ձեռնարկը, որուն ընթացքին սակայն, անխուսափելի էր պատերազմի նիւթին արծարծումը:
Անցեալ շաբաթավերջին՝ երեք օր շարունակ, Աբովեան փողոցի կեդրոնական մասը՝ Նկարիչներու միութեան շէնքի դահլիճը, «Զանգակ» գրատունը եւ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահը հիւրընկալած էին հրատարակիչներ, գրողներ, գրաքննադատներ եւ ընթերցողներ: Տեղի ունեցան գրական-մշակութային տասնեակ միջոցառումներ՝ գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառներէն զատ նաեւ նոր տպուած գիրքերու շնորհանդէսներ, գրական քննարկումներ, մասնագիտական աշխատարաններ, հանդիպումներ յատուկ ընտրուած հիւրերու հետ: Շուրջ յիշուն հրատարակիչներ ներկայացուցին իրենց նոր գիրքերը, որոնք վաճառուեցան մինչեւ 40-50 տոկոս զեղչով:
2017 թուականին հիմնուած Գիրքի Երեւանի փառատօնը նոր իրադարձութիւն մըն է մեր իրականութեան մէջ, զայն կը կազմակերպէ միացեալ պետական կառոյցը՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը: Ամէնամեայ պարբերականութեամբ հանրութեան կը ներկայացուին Հայաստանի մէջ զանազան հրատարակչութիւններու կողմէ տպագրուող գիրքերը՝ հայ ժամանակակից գրականութիւնը, թարգմանական գործերը եւ անցեալին տպուած եւ այսօր վերահրատարակուող գիրքերը:
Օրինակ, այս տարի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը ներկայացուց Թումանեանի ակադեմական հատորները, որոնք վերահրատարակուած են: Թումանեանը, որ նաեւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» բնորոշումը ստացած է, միշտ արդիական է եւ անոր հատորներու վերահրատարակումը ուղղակի պահանջ դարձած է:
Գիրքի Երեւանի փառատօնը կազմուած էր չորս բաղադրիչներէ. բանաստեղծութեան եւ արձակի ներկայացում, գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառներ, շնորհանդէսներ եւ բանախօսութիւններ ու գիրքերու քննարկումներ:
Փառատօնը սկսաւ սահմանապահ զինուորներուն հեռակայ քաջալերանք յղելով եւ յարգելով յուլիս 29-ին կեանքէն հեռացած մեր ժամանակներու լաւագոյն գրողներէն մէկուն՝ Արմէն Շէկոյեանին յիշատակը: Գրող Շէկոյեան իսկապէս մեր ժամանակի շունչը դարձած էր. անկախութենէն ետք ան կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի նորագոյն գրականութեան կերտման մէջ թէ՛ իր քերթուածներով եւ թէ՛ վէպերով, որոնց մէջ կ՚երեւի նոր ժամանակներու հայ մարդուն կերպարը:
Փառատօնի ծիրէն ներս հանդիպումներ տեղի ունեցաւ անուանի գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ՝ Ալեքսանդր Թոփչեանի եւ այս տարուան Եւրոպական Միութեան գրական մրցանակակիր Արամ Պաչեանի հետ: Հանդիպում մը կազմակերպուած էր գրող Հրանդ Մատթէոսեանի կնոջ՝ Վերժինէ Մատթէոսեանի հետ: Ան ներկայացուց Հրանդ Մատթէոսեանը՝ բոլորովին ուրիշ տեսանկիւնէ:
Փառատօնի այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայ գտնուելու երիտասարդ արձակագիր Լուսինէ Խառատեանի «Անմոռուկի փակուղի» գիրքի շնորհանդէսին: Շնորհանդէսներու ձեւով ներկայացուցեան նաեւ Գոհար Մանուկեանի «Հարիւր տարուայ մարդասիրութիւն. հայկական Կարմիր խաչը 1920-է ի վեր», Լեւոն Սահակեանի «Կռիւ տալով», Արմինէ Գաբրիէլեանի «Շուշաններ», Անուշ Սարգսեանի «Անոն», ինչպէս նաեւ կարգ մը թարգմանական գիրքեր, որոնք վերջին մէկ տարուայ ընթացքին տպուած են: Նոր տպուած գիրքերէն մաս մը, որ արդէն շնորհանդէսներ ունեցած էին, պարզապէս քննարկումներու ձեւով ներկայացուեցան:
Երիտասարդ գրողներ, արձակագիրներ ստացան մրցանակներ, իսկ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ ներկայացուցեաւ շարժանկարին եւ գրականութեան կապը:
Փառատօնի գիրքերուն մէջ տեղ կը գրաւէին նաեւ արեւմտահայերէնով գիրքեր. մասնաւորապէս արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններ ներկայացուցած էին «Յովհաննիսեան» հիմնարկը, «Սփիւռք» հրատարակչութիւնը, այլ հրատարակչութիւններ եւս:
ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՇՈՒՆՉԸ…
Այս տարուան փառատօնի «հերոսը» սիրուած հայ գրող, արձակագիր Եղիշէ Չարենցն էր, փառատօնը անոր ծննդեան 125-ամեակին ընդառաջ էր (մեծ գրողին յոբելենական տարին 2022 թուականին է) եւ կը կրէր «Ժամանակիդ շունչը դարձիր» խորագիրը:
Անմահ Չարենցի անմահ տողերն են. «Եթէ կ՚ուզես երգդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»: Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակի ձեռնարկները տակաւին կը յաջորդեն, բայց այս փառատօնի ժամանակ ընթերցողին հասաւ գրողին «Երեւանի ուղղիչ տունէն» վէպը՝ թարմ վերահրատարակուած:
«Բանաստեղծին թոռը. Գոհար Չարենց» խորագիրով ձեռնարկը հանդիպում էր Եղիշէ Չարենցի թոռան՝ Գոհար Չարենցին հետ, որ Չարենցի կրտսեր դստեր՝ Անահիտ Չարենցի աղջիկն է: Ան պատմեց Չարենցի ազդեցութիւնը իր վրայ եւ շեշտեց իր ընտանիքին շարունակաբար փոխանցուած չարենցեան ժառանգութեան դերն ու նշանակութիւնը: Գոհար Չարենց այսօր կ՚աշխատի իր մեծ հօր տուն-թանգարանը, որպէս թանգարան-գիտական կեդրոնի առանցքային դէմքերէն մին:
Ան պատմեց, որ իր մեծ հօր անուան առընչուած է եօթը տարեկանին: Մայրը՝ Անահիտ Չարենցը, դստեր ձեռքը բռնած, տարած է Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոց, առաջին դասարան: Դուրսը շատ մարդ հաւաքուած եղած է, բոլորը կը սպասէին, դպրոցի պահակը հրահանգ ունէր՝ մինչեւ վերամուտի միջոցառումը ոչ մէկը ներս ձգել: Գոհար Չարենց կը պատմէ, որ մայրը անհամբեր էր, կը շտապէր եւ իր ձեռքը բռնած, փորձեց դուռէն ուղղակի ներս խուժել: Պահակը ետեւէն պոռաց. «Անանկ առաջ կ՚երթաս, կարծես քու հօրդ դպրոցը ըլլայ»: Բակը հաւաքուածներէն շատերը կը ճանչնային Անահիտ Չարենցը, կը խնդան այդ խօսքէն ետք եւ անտեղեակ պահակին կը բացատրեն, որ Չարենցը, որու անունը կը կրէ դպրոցը, իրապէս անոր հայրն է:
Գոհար Չարենց կը յիշէ, որ այդ զգացողութիւնը երբեք չէ լքած զինք. «Պզտիկ աղջնակ էի, արդէն կը հպարտանայի, որ իմ մեծ հայրս՝ Չարենցը՝ այնքան մեծ մարդ է, որ իր անունով դպրոց կայ եւ բակը հաւաքուած բոլոր երեխաները կը յաճախեն այդ դպրոցը: Այլ հպարտութիւն էր դպրոցին բակը դրուած մեծ հօրս արձանը, որ ամէն օր կը տեսնէի»:
Այդպէս ան նաեւ կը յիշէ, որ բոլոր տարիները շատ մեծ հաճոյքով յաճախած է Չարենցի անուան դպրոցը, եւ երբ բանաստեղծին անունը կրող դպրոցը հիւր մը գար, Գոհարը եւ քոյրը դասերէն կը հանէին եւ կը տանէին, ուղղակի հիւրին ցոյց կու տային: Անոնք կ՚արտասանէին եւ կ՚ըսէ, թէ շատ կը սիրէին այդ պահերը, որովհետեւ դասի չէին մասնակցեր:
Անշուշտ, Չարենցի թոռը ըլլալը նաեւ պատասխանատուութիւն էր, եւ Գոհար Չարենց ըսաւ, որ պզտիկ ատենէն այդ պատասխանատուութիւնը զգացած է, մինչեւ այժմ կը զգայ եւ կը կրէ:
«Չարենցի ճակատագիրը նաեւ մեզի՝ իր ժառանգներուն փոխանցուեցաւ ձեւով մը: Իմ ամուսինս Եթովպիայէն է, Երեւան ամուսնացանք եւ պիտի երթայինք Եթովպիա, երկուքս ալ ուսուցիչ պիտի աշխատէինք: Ան մեկնեցաւ, մէկ ամիս ետք, երբ թուղթերս պատրաստ պիտի ըլլային, ես ալ պիտի հետեւէի անոր, բայց դժբախտաբար միայն երկու տարի ետք կրցայ միանալ ամուսինիս», տարիներու այս պատմութիւնը կը յիշէ Չարենցի թոռնուհին:
Խորհրդային Միութիւնը արգելքներ ստեղծած էր խորհրդային երկրէն Եթովպիա մեկնող երիտասարդ աղջկան համար, ըսելով, թէ չ՚ուզեր, որ Չարենցի ժառանգները երթան եւ դուրսը ապրին: Ատիկա նոյն խորհրդային կառավարութիւնն էր, որ հալածած էր Չարենցը, բանտարկած եւ բանտին մէջ ալ կամ աքսորի ճամբուն վրայ սպաննած բանաստեղծը, որ մինչեւ հիմա գերեզման չունի: Գոհար Չարենց կը պատմէ. «Ինծի ըսին, որ Եթովպիա մեկնելու թուղթերդ կանոնաւորելու համար պէտք է ամենավերեւէն սկսիլ՝ Պետական անվտանգութեան կոմիտէի ղեկավարէն: Ան ինծի հարցուց. «Դուն չե՞ս գիտեր, թէ որու թոռն ես»: Անմիջապէս հասկցայ, որ Չարենցը նկատի ունի, ըսի՝ բայց ես երկու մեծ հայր ունիմ: Ան կարծեց, թէ վրան կը խնդամ, ըսաւ՝ դուն լաւ գիտես, թէ որո՛ւ մասին կը խօսիմ: Իբրեւ թէ մտահոգ էր Չարենցի սերունդներով, ըսաւ հոս կը մնաս, նորէն կ՚ամուսնանաս»:
Գոհար շատ պայքարած է ամուսինին միանալու համար, շատ դուռեր թակած է, ամուսինն ալ մէկ կողմէն հետապնդած է եւ թերեւս ամուսինին կողմէն դուրսէն ստեղծուած ճնշումն էր նաեւ պատճառը, որ խորհրդային ղեկավարութիւնը երկու տարի ետք ստիպուած եղաւ արտօնել անոր:
Երեք տարի Եթովպիա ապրելէ ետք ամուսինները մեկնած են Հոլանտա, ուր քսանչորս տարի ապրելէ ետք, ահաւասիկ, արդէն տասը տարիէ ի վեր հայրենիքի մէջ են: Հոլանտա կը բնակի Չարենցի դուստրը՝ Անահիտը, իսկ Արփենիկ Չարենց մահացած է 2008 թուականին, Երեւան:
Յայտնի է, որ Գոհար Չարենցին մայրը՝ Անահիտ Չարենց իր արտաքինով շատ նման էր Եղիշէ Չարենցին, ի տարբերութիւն Արփիկ Չարենցին, որ բնաւորութեամբ էր հօրը նման: Չարենցը շատ սիրած է իր երկու դուստրերը, անյագ սէր դրսեւորած է անոնց հանդէպ եւ այդ մէկը նաեւ կ՚երեւի գրողին գործերուն, յուշերուն, լուսանկարներուն մէջ:
1937 թուականին Չարենցը ձերբակալուեցաւ: Սթալինեան բռնատիրութիւնը հալածեց նաեւ Չարենցին կինը, որ ձերբակալուեցաւ ամուսինէն չորս ամիս ետք, բայց ի տարբերութիւն Չարենցի, չմահացաւ աքսորի ժամանակ: Անոնց երեխաները՝ երկու տարեկան Անահիտը եւ հինգ տարեկան Արփենիկը, կը մնան առանց ծնողական խնամքի, ուղղակի կ՚որբանան: Սկիզբը զանոնք մեծ մայրը կը խնամէ, բայց քանի որ ծեր էր եւ նաեւ միջոցներ չունէր, չէր կրնար երկու երեխաները միաժամանակ պահել, մեծը՝ Արփենիկը, որբանոց կը ղրկեն, Անահիտը կը մնայ մեծ մօր քով: Արփենիկը չորս մանկատուն կը փոխէ, բայց կապը մեծ մօր եւ քրոջ հետ կը պահէ:
Իր յուշերուն մէջ Արփենիկ Չարենց գրած է, որ շաբաթ մը ինք կ՚երթար մեծ մօրը քով, շաբաթ մը Անահիտը կ՚երթար մանկատուն՝ իր քովը, եւ այդպէս չեն հեռացած իրարմէ:
«Իմ մայրս եւ մօրաքոյրս մինչեւ Չարենցի յետմահու արդարացումը չէին գիտեր, թէ ո՞վ է իրենց հայրը, ի՞նչ ըրած է, ի՞նչ գրած է, առհասարակ գաղափար չունէին: Իմ մայրս կը յիշէ, որ երբ ինք դպրոցական էր, ուսուցչուհին զինք կը տանէր իր տունը եւ կը սորվեցնէր «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Բոլորը կը զարմանային, թէ ուսուցչուհին ինչո՞ւ մէկ աշակերտ կ՚առնէր եւ իր տունը կը տանէր: Ան կ՚ըսէր, թէ դաս պիտի ընեն: Ատկէ ետք նոյն ուսուցչուհին օր մը, իր դասասենեակը կը հաւաքէ քանի մը վստահելի ուսուցիչ, մէկ ուսուցիչ ալ դրան մօտ կը կեցնէ, որ մարդ ներս չմտնէ եւ կը խնդրէ, որ Անահիտը բոլորին համար արտասանէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածը: Մայրս այն ժամանակ կը տեսնէ, որ երբ ինք կ՚արտասանէր, միւսները կու լային. կը զարմանայ, բան չի հասկնար: Միայն տարիներ ետք, ան պիտի հասկնար, թէ ինչո՞ւ ուսուցիչները կու լային…
Երբ 1955 թուականին Չարենցը յետմահու արդարացուած է, իմ մեծ մայրս հանած է իր պահած «Գիրք ճանապարհիե ժողովածուն, որուն կողքը պոկուած էր, ըսած է՝ նայէ՛, ասիկա քու հայրդ գրած է»:
Գոհար Չարենց թանգարանին մէջ այսօր ամէն օր կ՚առընչուի այս պատմութիւններուն հետ, թանգարանի այցելուները յաճախ կը հետաքրքրուին Չարենցի ձերբակալման եւ յետմահու արդարացման պատմութեամբ:
«Չարենցի քերթուածները բոլորը կը սիրեն՝ ամենապարզ մարդէն մինչեւ ակադեմիկոսը, հակառակ որ գիտեմ, շատ բարդ է հասկնալ անոր որոշ գործերը: Օր մը, կանաչութիւն վաճառողը, երբ գիտցաւ, թէ ես ո՛վ եմ, ըսաւ, բան չեմ հասկնար Չարենցի գրածէն, բայց շատ կը սիրեմ զայն: Շատ լաւ կը հասկնամ այսպիսի մարդիկը, որովհետեւ ես անձամբ շատ բաներ քանի մը անգամ կարդալէ ետք միայն հասկցած եմ: Բայց կայ բան մը, որ հարազատ է մարդոց, այդ մէկը այն է, որ ան միշտ եղած է իր ժողովուրդի կողքին, կիսած է անոր ճակատագիրը: Չարենց դարձած էր իր ժողովուրդին, հայրենիքի ճակատագրին խտացումը: Կրնանք ըսել, որ Չարենցի ճակատագիրը շատ նման եղաւ իր հայրենիքի ճակատագրին», Գիրքի Երեւանի փառատօնի ամենայուզիչ հանդիպումներէն մէկը այսպէս եզրափակեց Գոհար Չարենց:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան