ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի կողմէ վերջերս պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կարգադրութեամբ եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Լիլիթ Մակունց։ Այս վերջինը անցեալ շրջանին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կը գլխաւորէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը։ Լիլիթ Մակունցի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գործուղղման ուղղեալ կարգադրութիւնը վերջին շրջանին Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս պատճառ դարձաւ լուրջ բանավէճի մը։ Հայաստանի մէջ ծագած բանավէճերը, հասկնալիօրէն, կ՚ընկալուին ներքին քաղաքական հանգամանքներով, սակայն, այս շրջանին Լիլիթ Մակունցի նշանակման կապակցութեամբ վերապահութիւն կը բարձրաձայնուի նաեւ ամերիկահայ շրջանակներու կողմէ։ Այս հանգամանքը անանտեսելի է, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի շահերը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ հետապնդելու համար Հայաստանի դեսպանը տեսականօրէն մէկ կողմէ պէտք է աշխատի ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ, իսկ միւս կողմէ լաւ համագործակցելով պէտք է նպատակասլաց ձեւով հունաւորէ նաեւ ամերիկահայ համայնքին ներուժը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուած է ամերիկահայ հասարակական գործիչ եւ հրատարակիչ Յարութ Սասունեան, որ համայնքի ամենաազդու դէմքերէն մին է։ Լիլիթ Մակունցի դեսպան նշանակման վերաբերեալ լսումներու շրջանառութեան մէջ մտնելէն անմիջապէս վերջ Յարութ Սասունեան հարցազրոյց մը տուած է «Մետիալապ» կայքէջին, որու աշխատակիցներէն Մանէ Յարութիւնեան իր տեսակէտը շօշափած է դեսպանի նշանակման կապակցութեամբ։ Յարութ Սասունեանի այդ յայտարարութիւնները կը ներկայացնենք ստորեւ, մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ արեւմտահայերէնի փոխադրուած տարբերակով։ «Ես չեմ լսած ամերիկահայ որեւէ կազմակերպութիւն, որ համաձայն գտնուի Լիլիթ Մակունցի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին փոխարինելուն», նշած է Յարութ Սասունեան հարցազրոյցին մէջ։

*

-Լիլիթ Մակունցին ԱՄՆ-ի դեսպան նշանակելու տեղեկութիւնը արդէն իրողութիւն կը դառնայ: Ձեր կարծիքով՝ Մակունցի նշանակումով ի՞նչ կը սպասուի հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Դուք ամիսներ առաջ իշխանութիւններուն այս քայլը կը քննադատէիք: Հիմա, երբ այդ մէկը իրողութիւն կը դառնայ, ի՞նչ պէտք է ընել:

-Յոյս ունէի, որ վարչապետ Փաշինեան ետ կը կանգնի իր որոշումէն եւ Լիլիթ Մակունցը Ամերիկայի մօտ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան չի նշանակեր, սակայն կը տեսնենք, որ ան իր սխալ քայլը կը շարունակէ եւ ամենէն անփորձ անձը՝ ամենէն կարեւոր պաշտօններէն մէկուն կը նշանակէ:

Կը ցաւիմ այս որոշումին համար, բայց, դժբախտաբար, վարչապետին այս որոշումը անոր միակ սխալ որոշումը չէ: Վերջին երեք տարիներու ընթացքին ան նման հարիւրաւոր՝ եթէ ոչ հազարաւոր սխալներ գործած է: Երկիր ղեկավարելը իր գործը չէ, եւ չի կրնար ճիշդ կողմնորոշուիլ, ճի՛շդ որոշումներ կայացնել:

Շատ ցաւալի է, որ մանաւանդ հիմա, երբ Պայտընի ղեկավարութեամբ նոր կառավարութիւն ունինք Ամերիկայէ ներս, եւ նոր կառավարութիւնը Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել կ՚ուզէ, ամերիկահայութեան հետ կ՚աշխատի, ճիշդ հիմա էր ժամանակը՝ փորձառու եւ կարող դեսպան ունենալու:

Ներկայիս, ԱՄՆ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, երկու տարիէ ի վեր այդ պաշտօնին վրայ է ու ամերիկահայութիւնը շատ գոհ է անոր աշխատանքէն: Ան բազմաթիւ կապեր հաստատած է Քոնկրէսի անդամներուն, ԱՄՆ-ի կառավարութեան հետ, եւ ան կը յաջողի ինչ-որ հարցեր լուծել: Հիմա զինք տուն պիտի կանչեն եւ պիտի փոխարինեն անփորձ անհատով մը, պարզապէս որովհետեւ վարչապետը կ՚ուզէ իր մտերիմին համար մտերիմ բան մը ընել, բայց ստոյգ է, որ Հայաստանի համար բարիք չ՚ըներ: Ընդհակառակը, մեծ վնաս կը հասցնէ մեր ազգային շահերուն: Ինչպէս նախապէս ըսած էի, բոլոր երկիրները, որոնք Ուաշինկթըն դեսպան կը ղրկեն, ամենափորձառու դիւանագէտը կ՚ընտրեն, որպէսզի որպէս դեսպան Ամերիկայի մայրաքաղաքը ղրկեն:

Նոյնիսկ ամենէն յետամնաց երկիրներու ղեկավարները այդքանը գիտեն: Ես շատ կը ցաւիմ, որ մեր վարչապետը տարրական այդ գիտակցութիւնը չունի, որպէսզի փորձառու անհատ մը ղրկէ. իսկ եթէ այսպէս շարունակէ, շուտով ո՛չ միայն սխալ դեսպան կ՚ունենանք Ուաշինկթընի մէջ, այլ նաեւ պիտի զրկուինք արտաքին գործոց նախարարէն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմաթիւ պաշտօնեաներէն:

-Ըստ էութեան, ԱՄՆ-ի մեր ներկայի դեսպանը յաջողած է եւ անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ուզեն փոխել զինք:

-Ճիշդ այդ է, որ կ՚ըսեմ, թէ մեծ սխալ է մը կը գործէ: Աւելցնեմ նաեւ, թէ դժգոհ է ամբողջ ամերիկահայութիւնը, որ վարչապետը դեսպան կը փոխէ, որ կարող դեսպանը տուն կը կանչէ եւ անկարող անհատ մը կը բերէ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնները տարածած են համատեղ յայատարարութիւն մը, ուր կ՚ըսուի, թէ իրենք խիստ հակառակ են, որ Մակունցը դեսպան Ներսէսեանը փոխարինէ: Հիմա, այս պարագային, նոր խնդիր մը կը յառաջանայ. այն է, որ եթէ նոր դեսպանը Ուաշինկթըն հասնի, ինչպէ՞ս պիտի աշխատի ամերիկահայութեան մեծ կազմակերպութիւններուն հետ, երբ բոլորը իր նշանակման դէմ են:

Ատիկա յաւելեալ խնդիր մըն է եւ մեր Հայրենիքի շահերուն վնաս պիտի պատճառէ: Ես ամերիկահայ որեւէ մէկ կազմակերպութենէ չեմ լսած, որ համաձայն ըլլան, որպէսզի Մակունցը փոխարինէ դեսպան Ներսէսեանը:

Անկեղծօրէն, ես յոյս ունէի, որ վարչապետը, իմանալով այս բոլոր բողոքները, դժգոհութիւնները, ետ կը կանգնի իր այս սխալ որոշումէն, բայց կը տեսնենք, որ առաջ կ՚երթայ, ոչ մէկուն կը լսէ, ինչ որ շատ ցաւալի է եւ, դժբախտաբար, ո՛չ զարմանալի:

Եթէ ղեկավար մը ունիս, որ իր գործը չի գիտեր, այդ բաւական վատ է, բայց աւելի վատ է, որ այդ բան չիմացող ղեկավարը կը մերժէ նաեւ ոեւէ մէկուն լսել, ինչպէս նաեւ կը մերժէ խորհուրդներ լսել: Եթէ մարդ մը բան մը չի գիտեր ու նաեւ խորհուրդ չի լսեր, այլեւս ո՛չ մէկ բան կրնայ այդ կացութիւնը փրկել: Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլն է ամօթ:

Ես խնդիր չունիմ, որ պարոն Փաշինեանը ամէն հարցի վերաբերեալ մասնագէտ չըլլայ: Ո՛չ մէկ երկրի նախագահ բոլոր հարցերուն մէջ մասնագէտ է, բայց երբ բան մը չես գիտեր, նուազագոյնը պէտք է լսես իմացող մարդոց խորհուրդները: Ինք ո՛չ գիտէ, ո՛չ ալ կը լսէ, այսինքն՝ չենք կրնար նոյնիսկ անոր օգտակար դառնալ, որովհետեւ մենք ուզելով անոր օգտակար դառնալ՝ այդպիսով կ՚ուզենք օգտակար դառնալ մեր Հայրենիքին ու անոր շահերուն:

-Մակունցին այդտեղ տեղափոխուելէն ետք բողոքի մեծ ալիք կը բարձրանա՞յ:

-Մեր միակ յոյսը կը մնայ այն, որ եթէ ընտրութիւններէն ետք կառավարութեան առաջին դէմքի փոփոխութիւն ըլլայ, այդ ժամանակ նոր վարչապետը տուն կը կանչէ Մակունցը եւ նոր դեսպան մը կը նշանակէ, կամ դեսպան Ներսէսեանը ետ կը բերէ: Եթէ այդպիսի բան պատահի, սակայն, Հայաստանի դիւանագիտական ոլորտի մարդոց շրջանակներուն մէջ ծիծաղի առարկայ պիտի դառնայ:

Ամերիկացիները կ՚ըսեն՝ պանանային հանրապետութիւն: Ատիկա յաւելալ ցաւ է մեզի համար, քանի որ մենք մեր Հայրենիքով կ՚ուզենք հպարտ ըլլալ, մեր Հայրենիքը գէշ չերեւի օտարներուն դիմաց, ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր Հայրենիքը լաւ երեւի, մարդիկ ո՛չ թէ չարախօսեն Հայաստանի մասին, այլ՝ հիանան, թէ ի՜նչ փայլուն ժողովուրդ է հայ ժողովուրդը, ի՜նչ փայլուն ղեկավարներ ունի:

Վերջին երեսուն տարիներուն միշտ փորձած եմ բոլոր ղեկավարներուն իմ լաւագոյն խորհուրդներս տալ, փորձած եմ օգնել, որպէսզի իրենք ճիշդ որոշումներ կայացնեն, որովհետեւ օգնելով անոնց՝ օգնած կ՚ըլլամ մեր ժողովուրդին ու Հայրենիքին: Բայց եթէ չեն ուզեր լսել, կը մերժեն լսել, մենք այլեւս ոչինչ կրնանք ընել: Ատիկա բոլորիս համար մեծ ցաւ է:

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021