ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵՑԱՆ ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնները կը շարունակուին եւ այս մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը նոր քայլերու կը դիմէ՝ տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Տաւուշի մարզէն ներս, մասնաւորապէս՝ Ոսկէպար գիւղին մէջ, տեղակայուած են ռուս սահմանապահներ։ Վերջին օրերուն Հայաստանի լրատուամիջոցներով շրջանառութեան մէջ մտած էին համապատասխան տեղեկութիւններ, որոնք երէկ պաշտօնապէս հաստատուած եղան նախարարութեան կողմէ։ Այդ տեղեկութիւններուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ռուս սահմանապահներուն կողմէ ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներու վերաբերեալ լուրերուն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ յիշեալ տարածքէն ներս տեղակայուած ռուս սահմանապահները շինարարութիւններ կ՚իրականացնեն իրենց թիկունքային ապահովման նպատակով եւ համապատասխան կառուցումներու ձեռնարկած են։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս գործընթացը կ՚իրականացուի Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան շրջանակին մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի առընթեր խումբի նիստ։ Այս առթիւ նախարար Արշակ Կարապետեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեան։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ իրականացուած սադրանքներուն եւ անոնց հակազդելու ուղղեալ քայլերուն վրայ։ Պաշտպանութեան նախարարը խիստ յանձնարարական տուաւ, որպէսզի Ատրպէյճանի յառաջխաղացման կամ դիրքային բարեւալման ուղղեալ փորձերը բացառուին։

Ժողովի ժամանակ քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ ձմրան նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը։ Արշակ Կարապետեան պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարեց սեղմ ժամկէտներու մէջ լուծել առկայ բոլոր խնդիրները եւ ապահովել պատշաճ պայմաններ՝ ձմեռնային պայմաններու  ներքեւ անձնակազմի լիարժէք ծառայութեան կազմակերպման համար։ Նախարար Կարապետեան ժողովի մասնակիցներէն պահանջեց գործադրել առաւելագոյն ջանքեր՝ զինեալ ուժերու բարեփոխումները հնարաւորինս արագ եւ արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու նպատակով։

Երէկուան ժողովի ընթացքին Արշակ Կարապետեան նաեւ հրահանգեց ոչնչացնել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատելու փորձ կատարելիք Ատրպէյճանի զինուորականները։ Իր ելոյթին մէջ ան մասնաւորապէս շատ խիստ հրամաններ տուաւ, որպէսզի անմիջապէս կրակ բացուի եւ ամէն միջոցաւ ոչնչացուին Ատրպէյճանի այն զինուորականները, որոնք պիտի փորձեն խախտել Հայաստանի սահմանը։ Արշակ Կարապետեան նաեւ զգուշացուց, որ այն հրամանատարները, որոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն ներս Ատրպէյճանի զօրքերէն նոյնիսկ մէկ սանթիմեթր յառաջ պիտի երթան՝ շատ խիստ պատիժներու պիտի ենթարկուին։

Միւս կողմէ, Մոսկուա երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ յաճախակի դարձած զինեալ դէպքերուն կապակցութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, որ լարուածութիւնը տակաւին չէ նուազած, հակառակ ձեռնարկուած քայլերուն։ Նախարարութեան փոխ-խօսնակ Ալեքսանտր Պիքանթով երէկ ըսաւ.

«Կրնամ նշել, որ ռուսական կողմը լրջօրէն մտահոգուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առանձին հատուածներէն ներս վերջին շրջանին յաճախակի դարձած զինեալ միջադէպերուն պատճառով։ Յատկապէս տագնապ կը յառաջացնէ այն հանգամանքը, որ անոնք կ՚ուղեկցուին երկու կողմերէ մարդկային զոհերով»։ Ըստ բանբերին, հակառակ ձեռնարկուած բոլոր քայլերուն, սահմանային լարուածութիւնը տակաւին չէ նուազած։ Ան շարունակեց.

«Այս առումով մենք կոչ կ՚ուղղենք բոլոր կողմերուն խուսափիլ իրավիճակը վատթարացնելիք յետագայ գործողութիւններէ։ Բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ, քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով։ Ռուսաստան պատրաստ է այսուհետեւ եւս աշխոյժ ներդրում ունենալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, ներառեալ՝ լիցքաթափումը եւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համատեղ աշխատանքի գործարկման միջոցը»։

Նախարարութեան ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ ռուսական կողմի ջանքները տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ միջհամայնքային երկխօսութեան խթանման հետ միասին պիտի նպաստեն Հարաւային Կովկասը կայունութեան, անվտանգու-թեան եւ բարգաւաճման գօտիի մը վերածելու՝ համաձայն իր երկրի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականին եւ 11 յունուար 2021 թուականին կատարուած համատեղ եռակողմանի յայտարարութիւններուն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուսական լրատուամիջոցներն ալ կ՚անդրադառնան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ռուս սահմանապահներու տեղակայման։ Մինչ Ռուսաստան նոր ուժեր կը կուտակէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, այս իրադարձութեան քննադատաբար կ՚անդրադառնան ռուսական այն լրատուամիջոցները, որոնք յաճախ Ատրպէյճանի տեսակէտէ նպաստաւոր տեսակէտներ կը հրապարակեն։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կ՚ընդգծուի, որ Մոսկուա իրաւասու չէ առանց Պաքուի հետ համաձայնութեան սահմանապահներ տեղակայելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Մինչ այդ, Պիքանթով երէկ այս հարցին կապակցութեամբ նշեց, թէ սահմանի երկայնքով շարժական անցակէտերու տեղակայման հարցը կը վերաբերի Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան Սահմանապահ ծառայութեան իրաւասութեան։ «Սահմանի երկայնքով սահմանապահներու տեղակայման իրականացման խնդիրներէն մէկը միջազգային իրաւական ձեւակերպման բացակայութիւնն է։ Կը կարծենք, թէ սահմանի կայուն լիցքաթափումը կրնայ ապահովուիլ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման աշխատանքներու անյետաձգելի գործարկումով եւ աւելի վերջ սահմանագծումով։ Ռուսաստան կողմնակից է այդ գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկին», ըսաւ փոխ-բանբերը։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մաքրոն օր մը առաջ ալ հեռաձայնով զրուցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ շնորհաւորելու համար անոր վերանշանակումը։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Մաքրոն-Ալիեւ երէկուան զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է՝ համագործակցիլ տարածքաշրջանային կայունութեան հասնելու նպատակով։ Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները համաձայն գտնուած են՝ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ամրապնդման նպատակով համագործակցելու ուղղութեամբ՝ յենլով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու աջակցութեան վրայ։ Մաքրոն եւ Ալիեւ կարեւորած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերը՝ տարածքաշրջանային կայունութեան հաստատման տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021