Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ԵՒ ԳԷՈՐԳ ԷՕԶԳԱՐԱԿԷՕԶ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱԼԱԹԻԱ

Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան եւ վերաբացման աշխատութիւնները արդէն իսկ իրենց աւարտին հասած են։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս ամսուան վերջերը։ Այս հանգրուանին, Պատիրիարքական Աթոռը իր անմիջական հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Օրհնութեամբ ու հրամանաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, օգոստոսի 4-ին, Իսթանպուլէն դէպի Մալաթիա ուղղուեցաւ պատուիրակութիւն մը, տեղւոյն վրայ քննելու համար տարուած աշխատութիւնները։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, «Մալաթիա հայտէր» միութեան ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Իսթանպուլէն ժամանած խումբը Մալաթիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Եուսուֆ Դպիր Թապաշեանի եւ տեղւոյն հայազգի անդամներէն Սէրտար Պոյաճըի ու Արէտ Պոյաճըի կողմէ։

Այս առթիւ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամները նաեւ այցելեցին Մալաթիայի քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ յստակեցաւ վերաբացման արարողութեան ժամանակացոյցը։ Ինչպէս ծանօթ է, եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի կոչուի «Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի - Թաշխորան մշակոյթի կեդրոն» անունով։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ օգոստոսի 26-ին, հինգշաբթի առաւօտ, պատկան մարմիններու եւս մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ 28 օգոստոս, շաբաթ օր, Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ Իսկ 29 օգոստոս, կիրակի, Պատրիարք Հայրը նորոգ օրհնեալ տաճարին մէջ պատրիարքական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ։ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան հանդիսութեանց մասին գաղափարի փոխանակումներ։

Լուսարարապետ հայր սուրբը քաղաքս վերադարձին տեղեկութիններ փոխանցեց նաեւ Պատրիարք Հօր՝ կատարուած քննարկումներուն մասին։ Եկեղեցին ներքնապէս եւ արտաքնապէս բարեզարդուած ըլլալով, պատրաստ է արարողութեան։ Իսկ մինչեւ վերաբացման արարողութիւնը, եկեղեցին արդէն իսկ կատարելապէս գոյքերով հանդերձ պիտի ստանայ տաճարի բնոյթը։ Այս առթիւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Պատրիարք Հօր փոխանցեց նաեւ քաղաքապետ Կիւրքանի ողջոյնները։

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021