ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին ուղարկեց շնորհաւորական մը։ Նախարարին կողմէ Նորին Սրբութեան ուղարկուած պատգամին մէջ մասնաւորապէս նշուած է հետեւեալը.
«Վեհափառ Տէր,
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեր տարեդարձը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կարեւոր աւանդ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերու յառաջմղման գործին մէջ՝ նաեւ մեր հայրենիքէն դուրս աշխարհասփիւռ իր կառոյցներուն միջոցաւ։ Նշանակալի է անցեալ տարի ատրպէյճանա-թրքական բռնութեան հետեւանքները յաղթահարելու եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը։ Որպէս արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ղեկավար՝ մեծ հեռանկարներ կը տեսնեմ Արտաքին գործոց նախարարութիւն-Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի ցանցային համագործակցութեան ու կրօնական դիւանագիտութեան գործիքակազմի աշխուժացման մէջ։ Կրկին անգամ շնորհաւորելով ձեր տարեդարձը՝ անսպառ ուժ եւ եռանդ կը ցանկանամ Ամենայն Հայոց Հայրապետի պատասխանատու առաքելութեան իրականացման գործին մէջ»։