ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի առաջին շրջանաւարտները երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր այս դպրոցի անդրանիկ հունձքին շրջանաւարտութեան հանդիսութիւնը, որմէ անմիջապէս վերջ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կարգադրութեամբ շրջանաւարտ տասը սաները այցելեցին խմբագրատունս, ուղեկցութեամբ՝ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեանի եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Լիլիթ Պօղոսեանի։
Շրջանաւարտներուն այցելութիւնը տօնական տրամադրութիւն ստեղծեց խմբագրատանս երդիքին տակ։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց շրջանաւարտներուն հետ՝ փոխանցելով շատ դրական տպաւորութիւններ անոնց շրջանաւարտութեան հանդէսին կապակցութեամբ։ Վարժարանի սաներուն համար եզակի առիթ մըն էր հայաշխարհի երիցագոյն օրաթերթի խմբագրատան մթնոլորտին ծանօթանալը։ Շուտով զրոյցին ներգրաւուեցան Դաւիթ Խաչատրեան եւ Լիլիթ Պօղոսեան։ Հիւրի կամ հիւրընկալի, ուսուցիչի կամ աշակերտի, տարիքային սահմանումներու յաղթահարումով՝ շատ հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ, մինչ «Հրանդ Տինք» վարժարանի շրջանաւարտները թէ՛ ուշադրութեամբ կ՚ունկնդրէին իրենց տրուած բացատրութիւններուն եւ թէ իրենց հերթին հանդէս կու գային դիպուկ հարցադրումներով եւ խորհրդածութիւններով։
Զրոյցի աւարտին՝ որպէս յիշատակ թերթիս խմբագիրը անոնց նուիրեց «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի գիրքը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներն են՝ Կառլեն Պետրոսեան, Էրիկ Գէորգեան, Աննա Գրիգորեան, Անի Իսունց, Արամ Աճէմեան, Լիլիթ Չիլինկեարեան, Սեդա Մովսիսեան, Էմմա Մինասեան, Մարինա Արզումանովա եւ Վանուհի Տատուրեան։
Այս շրջանաւարտները արդէն վարժարանէն հրաժեշտ կ՚առնեն՝ որպէս երիտասարդներ, որոնք կը խոստանան փայլուն ապագայ։ Անոնք բոլորն ալ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներն են եւ երիտասարդներ՝ հարազատ, սիրեցեալ։ Թէ՛ իրենց արձանագրած յաջողութեամբ եւ թէ դպրոցի յարկէն ներս կրթական մշակներու եւ սաներու միջեւ ստեղծուած աննախընթաց զօրակցութեան մթնոլորտով հերթական անգամ կ՚ապացուցուի, թէ այս վարժարանին համար ի գործ դրուած բոլոր հնարաւորութիւնները կ՚արդարանան լիարժէք։
Երէկուան զրոյցին ընթացքին կրթական մշակներուն կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ անգամ մը եւս բիւրեղացաւ այն ճշմարտութիւնը, թէ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն կրթութեան համար միանշանակ հասցէն պէտք է ըլլայ «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Արդարեւ, այս դպրոցին մէջ ջամբուած դաստիարակութիւնը աշակերտներուն առջեւ կ՚ուրուագծէ իրենց ուսումը կատարեալ ու կայուն ձեւով շարունակելու հեռանկարը։ Այս վարժարանի շրջանաւարտները հնարաւորութիւն ունին Հայաստան վերադառնալով, առանց տարիներու որեւէ կորուստի, շարունակելու իրենց ուսումը եւ ունենալու միջազգայնօրէն ի զօրու վկայական մը։ Այն տղաքը, որոնք հիւր աշակերտի կարգավիճակով կը յաճախեն քաղաքիս հայկական համայնքային վարժարանները, դժբախտաբար այս պահու դրութեամբ զուրկ են նման հեռանկարէն։ Տեսանելի ապագային անոնց ուսման անխաթար շարունակութիւնը կը համարուի անկարելի, ուստի, ծնողներուն կողմէ կատարուած դպրոցի նախընտրութիւնը կրնայ վերածուիլ արկածախնդրութեան մը։ Հետեւաբար, այս բոլոր հանգամանքներուն պէտք է վերահասու դառնան ծնողները, իսկ պոլսահայ համայնքային շրջանակներն ալ գիտակցելով սոյն հանգամանքներուն՝ պէտք է անվերապահօրէն զօրակցին այս վարժարանի կատարելագործման։
Մինչ վարժարանը հրաժեշտ կու տայ իր անդրանիկ հունձքին, բնականաբար բոլորին ուշադրութիւնը սաներուն վրայ է։ Բայց եւ այնպէս այս փուլին կ՚ապրուի նաեւ անկիւնադարձ մը՝ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի զոհողութիւններու արդարացման, ջանքերու արժեւորման ճանապարհին։ Վարժարանի երդիքին տակ համախմբուած կրթական մշակները բառին բուն իմաստով «իտէալիստ»ներ են։ Անոնք կ՚աշխատին իրենց կոչման խոր գիտակցութեամբ։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Դաւիթ Խաչատրեանի եւ Լիլիթ Պօղոսեանի արտայայտութիւնները առիթ ընձեռեցին աւելի ամբողջական ձեւով պատկերացնելու համար վարժարանի կրթական մշակներուն տրամադրութիւնը, գիտակցութեան մակարդակը։ Անոնք մեծ եռանդ ի գործ կը դնեն, որպէսզի դպրոցի սաները լաւագոյնս պատրաստուին ապագայի համար։ Մնաց որ իրենց պատասխանատուութիւնը կը կրկնապատկուի նաեւ այս վարժարանի եզակի առաքելութեան բերումով։ Արդարեւ, սա աշխարհի վրայ միակ դպրոցն է, որ կը գտնուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սակայն անոր երդիքին տակ ուսում կը ջամբուի Հայաստանի պետութեան կողմէ նախատեսուած դրութեամբ, Հայաստանի կրթական պաշտօնական ծրագրին համապատասխան՝ թէկուզ անպաշտօն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Հրանդ Տինք» վարժարանի անդրանիկ շրջանաւարտներուն, նաեւ կրթօճախի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։