ՈՒՂԻՂ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի սադրիչ քայլերը ուղղակի ոտնձգութիւն են իր երկրի ինքնիշխան տարածքին դէմ։

Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս առթիւ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է։

Միրզոյեան-Լաւրով հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Լաւրով ընդգծեց, որ կարգաւորման ուղղութեամբ կայ հարցերու լայն շրջանակ մը, որ ուղիղ քննարկման առարկայ է ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ։ «Կան հարցեր, որոնք ամենօրեայ դրութեամբ կը լուծեն մեր զինուորականները, սահմանապահները՝ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ համագործակցաբար։ Կը գործէ տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմանի աշխատանքային խումբը փոխ-վարչապետներու մակարդակով», ըսաւ Լաւրով, որ Արարատ Միրզոյեանը շնորհաւորեց՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայ պաշտօնակցին, որ առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Մոսկուա։

Ի լրումն այս բոլորին, Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը շատ յագեցած է. ինչպէս՝ տնտեսութիւն, ներդրումներ, անվտանգութեան բնագաւառ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, կրթութեան ու գիտութեան ոլորտներ։ Ռուսական կողմը կը փափաքի, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակէ զարգանալ՝ ի շահ երկու երկիրներու քաղաքացիներու եւ երկու պետութիւններու կապերու։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Այս հանգամանքը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ոչ-շինիչ քաղաքականութիւնով։

«Տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը մեր ռազմավարութիւնն են ու մենք պատրաստ ենք այս ուղղութեամբ աշխոյժ երկխօսութեան։ Սակայն տարածքաշրջանէ ներս կը շարունակուի բաւական լարուած իրավիճակը ու սա մեծապէս պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութենէն», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Պաքու պաշտօնապէս նոր կեղծ օրակարգեր կ՚ընդհանրացնէ ու միշտ կը հրաժարի իր պարտաւորութիւններու կատարումէն՝ մասնաւորապէս չի վերադարձներ բոլոր ռազմագերիներն ու բռնի պահուած անձերը։

Միրզոյեան Լաւրովի հետ տեսակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ Պաքու չի կատարեր Երեւանի եւ Մոսկուայի հետ ստորագրած եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները։ «Աւելի՛ն, խախտելով միջազգային իրաւունքը, Ատրպէյճան կ՚առնէ հրապարակային սադրիչ քայլեր, որոնք ուղիղ ոտնձգութիւններ են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ։ Մենք այս հարցին բախուած ենք այս տարուայ մայիսի 12-էն ի վեր», յայտնեց Արարատ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ այս բոլոր գործողութիւնները կ՚ուղեկցուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ակրեսիւ յայտարարութիւններով։

Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց նաեւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ։

«Եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որեւէ պահով բանակցութիւններու սկսին խաղաղութեան պայմանագրի մը շուրջ, ապա անոնց օրակարգին վրայ անպայման պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ յստակեցուած սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսաւ Միրզոյեան։

Ասուլիսի ընթացքին նախարարը պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին մաս պէտք է կազմէ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը։ Ի պատասխան՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն փոխարէն ես կը կեդրոնանայի 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վրայ։ Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ որեւէ բանակցութիւն չի վարուիր»։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտարարեց, որ Մոսկուա կոչ կ՚ուղղէ Պաքուին՝ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները։ Ռուս նախարարը յիշեցուց, որ հրադադարի յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ ազատ պէտք է արձակ-ւին այն ռազմագերիները, որոնք այդ պահու դրութեամբ եղած են։ «Այժմ ատրպէյճանցիները կը պահեն հայ ռազմագերիներու զգալի խումբ մը, որու անդամները այնտեղ յայտնուած են նոյեմբերի վերջաւորութեան՝ հրադադարի յայտարարութեան ուժի մէջ մտնելէն յետոյ։ Այնուամենայնիւ, Ռուսաստանի նախագահը բոլոր շփումներուն, ներառեալ Իլհամ Ալիեւի հետ, այդ ազդակը կ՚ուղարկէ։ Կոչ կ՚ուղղենք ատրպէյճանական կողմին՝ առանց նախապայմանի ազատ արձակել բոլորը։ Սա նշանակալի միջոց մը կ՚ըլլայ հաստատելու համար վստահութիւն, որու կարիքը կայ այս պահուն։ Սա կարեւոր մարդասիրական քայլ մը կ՚ըլլար», ըսաւ Լաւրով եւ ընդգծեց Հայաստանի կողմէ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը՝ որպէս պատասխան քայլ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ խնդիրներուն։ Ռուս նախարարի խօսքով՝ անոնց երկարաժամկէտ լուծումը հնարաւոր է միայն սահմանազատման ու սահմանագծման միջոցաւ։ Այդ խնդիրները հնարաւոր է լուծել քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով։

Լաւրով դիտել տուաւ, որ այս հարցին շուրջ ակնյայտ է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատրաստակամութիւնը։ «Մենք այսօր խօսեցանք այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է ապահովել այդ գործընթացի արագ իրականացումը։ Մենք հաստատեցինք այդ գործընթացին ամէն ձեւով աջակցելու պատրաստակամութիւնը», ըսաւ Լաւրով եւ ընդգծեց, որ Արարատ Միրզոյեանի հետ ծաւալուած քննարկումներուն ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուած են Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման խնդիրները։

Լաւրով ընդգծեց, որ Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները ապահոված են պատերազմի դադրիլը եւ խնդիրներու քաղաքական կարգաւորման հունի մէջ դրուիլը։ «Պայմանաւորուեցանք չթուլացնել ուշադրութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացնող գործօններու վերացումէն։ Հաստատուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ապագայ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով գոհունակութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուրջ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցերով։ «Կը յուսանք՝ այդ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կը նպաստեն ոչ միայն Հարաւային Կովկասի տնտեսական աճին, այլեւ աւելի յուսալի հիմքեր կ՚ապահովեն ամբողջ տարածքաշրջանէ ներս քաղաքական կարգաւորման եւ բարգաւաճման համար», յայտնեց Լաւրով։ 

ԶԱՍԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արարատ Միրզոյեան, որ օր մը առաջ մեկնած էր Մոսկուա, ուղեւորութեան սկիզբին ընթրիքի սեղանի շուրջ հանդիպում մըն ալ ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։

ԽՈՎԱՅԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նորանշանակ ռուս համանախագահը՝ Իկոր Խովայեւն ալ նախընթաց օր այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։ Պայրամով ռուս դիւանագէտին տեղեկութիւններ փոխանցած է տարածքաշրջանի իրավիճակին շուրջ ու ներկայացուցած՝ այն քայլերը, որոնք Պաքուի կողմէ կ՚առնուին յետպատերազմեան փուլին։ Ըստ Ճէյհուն Պայրամովի, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ։ Իր խօսքով՝ «ռէօվանշիստ» քաղաքականութիւնը հեռանկար չունի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021