ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Բար­կու­թիւն, «ցա­սում», «զայ­րոյթ», զգա­ցում մը՝ որ յա­ճախ կը դի­մա­ւո­րուինք մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Զգա­ցո՛ւմ մը՝ որ թէ՛ կը զգանք եւ թէ կը դի­մա­ւո­րուինք։

Մար­դուս հա­մար բնա­կան զգա­ցում մըն է բար­կու­թիւ­նը, հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը ո­րե­ւէ վի­րա­ւո­րա­կան ա­րար­քի կամ ա­նի­րաւ ու ա­նար­դար ար­տա­յայ­տու­թեան։

Բար­կու­թիւ­նը՝ մարդ­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է, որ ցոյց կը տրուի ներ­կայ պայ­ման­նե­րէն կամ հան­գա­ման­քնե­րէն ծայ­րա­յեղ եւ չա­փա­զանց դժգո­հու­թիւն մը։

Ար­դա­րեւ վի­րա­ւո­րան­քը մարդ­կա­յին բնա­կան եւ մեծ մա­սամբ հասկ­նա­լի զգա­ցում­նե­րէն մին է։ Ա­մէն մարդ տար­բեր աս­տի­ճան­նե­րով, տար­բեր չա­փով կը վի­րա­ւո­րուի՝ մա­նա­ւանդ երբ վի­րա­ւո­րուած նկա­տէ իր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Ա­մէն մար­դու վի­րա­ւո­րան­քի շրջա­նը եւ սահ­մա­նը տար­բեր է, բայց ան­պայ­ման վի­րա­ւո­րան­քի պահ մը ու­նի։ Հա­կա­ռա­կը «ան­տար­բե­րու­թիւն» կը նշա­նա­կէ, որ ո՛չ մէկ օ­գուտ ու­նի մար­դուս, այլ՝ վնա՛ս։

Ո­մանք ի­րենց դրսե­րե­ւոյ­թով շատ հան­դար­տա­բա­րոյ, լայ­նա­խոհ եւ հան­դուր­ժող կը կար­ծուին, բայց ներք­նա­պէս դիւ­րազ­գած են՝ շատ զգա­յուն, փոքր ակ­նար­կէ մը իսկ վշտա­ցող, փա­փուկ եւ չդի­մա­ցող նկա­րա­գիր մը ու­նին։ Այդ­պի­սի­նե­րու հա­մար կեան­քը ի­րա­պէս շատ դժուար է եւ ան­տա­նե­լի՛։ Ի­րենց կեան­քը դժո­խա­յին ապ­րու­մի մը կը վե­րա­ծ-ւի։

Ո­մանք դիւ­րա­բոր­բոք են՝ շու­տով վա­ռուող, ջի­ղե­րուն տէր չե­ղող մար­դիկ։

Այս եր­կու տե­սա­կի նկա­րա­գիր­ներն ալ զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան, դէպքե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւն տա­լու մէջ չափ ու կշիռ չու­նին։ Մինչդեռ ող­ջա­խոհ եւ լրջա­միտ մար­դը գի­տէ պատ­շաճ կեր­պով վա­րուիլ՝ հա­կազ­դե­ցու­թեան տե­ղը, ան­ձը եւ ժա­մա­նա­կը լա՛ւ կ՚ո­րո­շէ եւ մա­նա­ւանդ իր զգա­ցում­նե­րը, հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը չա­փա­ւոր սահ­ման­նե­րու մէջ կրնայ բռնել, այ­սինքն ինք­նազս­պում ու­նի, գի­տակ­ցօ­րէն կը շար­ժի։ Անձ­նա­զուսպ մար­դիկ յար­գե­լի՛, ազ­նի՛ւ եւ ա­ռան­քի­նի մար­դիկ են։

Ա­ռա­քի­նի մար­դը՝ վի­րա­ւո­րան­քի մը եր­բեք վի­րա­ւո­րան­քով չի փո­խա­րի­ներ, ա­տե­լու­թեամբ չի հա­կազ­դեր եւ չափն ու կշի­ռը պատ­շաճ կեր­պով կը սահ­մա­նէ։

Ա­րիս­տո­տել բար­կու­թեան մա­սին սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ա­մէն մարդ կրնայ բար­կա­նալ, այս բնա­կան է եւ դիւ­րա­հասկ­նա­լի. եւ սա­կայն շիտակ մար­դու, չա­փա­ւոր, պատ­շաճ ժա­մա­նա­կի, ու­ղիղ պատ­ճա­ռով եւ յար­մար կեր­պով բար­կա­նալ՝ ա­հա­ւա­սիկ այս դիւ­րին չէ՛»։

Ուս­տի թէ՛ բա­րո­յա­գի­տա­կան, թէ՛ կեն­ցա­ղա­գի­տա­կան սկզբունք­նե­րու հա­կա­ռա՛կ է ան­զուսպ եւ հա­կակշ­ռու­թե­նէ զուրկ բար­կու­թիւ­նը, որ ա­մե­նէն շատ կը խան­գա­րէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ ան­հա­տա­կան նե­րաշ­խար­հի ան­դոր­րու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս հաշ­տու­թիւ­նը աշ­խար­հի վրայ։ Չա­փա­ւոր եւ զուսպ բար­կու­թիւն մը կը ներ­դաշ­նա­կէ ըն­կե­րա­յին կեան­քը եւ կը զօ­րաց­նէ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ ա­նոր մէջ կա՛յ՝ ան­կեղ­ծու­թիւն, չա­փա­ւո­րու­թիւն։

Եւ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը՝ ա­ռած մը կ՚ը­սէ.

«Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս Աս­տուած է»։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին բա­ցա­սա­կան յոյ­զե­րը, զգա­ցում­նե­րը կը քան­դեն մար­դուս նե­րաշ­խար­հը եւ կը կազ­մա­լու­ծեն ա­մէն հաս­տա­տա­կան խոր­հուրդ եւ ի՛նչ որ դրա­կան է կեան­քի մէջ ընդ­հան­րա­պէս։

Զայ­րոյ­թը՝ որ­պէս հա­կազ­դե­ցու­թիւն վի­րա­ւո­րան­քի, մարդս կը հե­ռաց­նէ լա­ւա­տե­սու­թե­նէ եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ եր­ջան­կու­թեան։ Բար­կա­ցոտ, զայ­րա­ցող, դիւ­րագր­գիռ մար­դը եր­բեք եր­ջա­նիկ չի կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ միշտ պա­կաս մը կը զգայ իր կեան­քին մէջ։ Բար­կա­սիրտ մար­դը՝ նախ ինքն ի­րեն վնաս կը հասց­նէ, ինք­զինք կը վի­րա­ւո­րէ եւ այդ վնա­սը կը տա­րա­ծէ, կը փո­խան­ցէ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն, իր շուր­ջին­նե­րուն։ Ծայ­րա­յեղ, չա­փա­զանց ա­մէն ինչ կը վնա­սէ մարդ­կա­յին ա­մէն վի­ճակ՝ ան­հա­տա­պէս եւ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէ­տէն։

Ուս­տի մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան շար­ժա­ռի­թը՝ էա­կա­նը հա­ճոյ­քը ըլ­լա­լու է՝ եւ ո՛չ թէ դժգո­հու­թիւ­նը։

Յոյ­զեր կը խա­փա­նեն շատ ան­գամ մար­դուս միտ­քը, բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ մին­չեւ իսկ կը հաս­նին կէ­տի մը՝ երբ այ­լեւս մարդ չի ճանչ­նար ինք­զինք, կ՚օ­տա­րա­նաս ինք ի­րեն եւ կար­ծես մար­դուս ներ­քի­նը եւ ար­տա­քին տար­բեր տար­բեր ան­ձե­րու կը վե­րա­ծ-ւին։ Յոյ­զե­րու խա­փա­նած միտ­քը այ­լեւս ի՛նք չէ՛, ու­րիշ մը եւ բա­ժա­նուած կ՚ըլ­լայ ան­ձը՝ ինքն իր մէջ։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք ի՜նչ վնա­սա­կար ե­րե­ւոյթ մըն է այս մէ­կը։

Մինչ­դեռ ինք­նա­ճա­նա­չու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է՝ ներ­դաշ­նակ, հաշտ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած կեան­քի մը անհ­րա­ժեշտ ազ­դա­կը։ Ուս­տի, ու­րի­շը ճանչ­նա­լու հա­մար, մարդ նա՛խ ինք­զինք պէտք է ճանչ­նայ, ինչ­պէս՝ իր նմա­նը սի­րե­լու հա­մար պէտք է ճանչ­նայ «սէր»ը եւ սի­րէ ինք­զինք։ Բայց այս ի­մաս­տով «ինք­զինք սի­րել»ու ա­րար­քը պէտք չէ՛ շփո­թել ինք­նա­մո­լու­թեան կամ անձ­նա­սի­րու­թեան հետ։ Ինք­զինք սի­րել՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն է, իսկ ինք­նա­մո­լու­թիւ­նը՝ ի­րա­պէս մո­լու­թիւն։

Ինք­զինք ճանչ­ցող, ինք­զինք գիտ­ցող մէ­կը ինք­նավս­տահ մէկն է նաեւ, եւ ինք­նավս­տահ մէ­կը եր­բեք ա­նի­րաւ եւ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ զայ­րոյ­թի չի՛ մատ­նուիր։

Բար­կու­թիւ­նը ան­գամ մըն ալ դի­տենք Սուրբ Գիր­քի տե­սան­կիւ­նէն։

Ա­ռա­ջին ակ­նար­կով կը տես­նենք, որ բար­կու­թիւ­նը ար­գի­լուա՛ծ է։

«Մի՛ ար­տո­րար հո­գիովդ բար­կա­նա­լու, քան­զի բար­կու­թիւ­նը յի­մար­նե­րուն ծո­ցին մէջ կը հանգ­չի» (ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ Է 9)։

«Իսկ ես կ՚ը­սեմ ձե­զի.- Ով որ ա­ռանց պատ­ճա­ռի իր եղ­բօր դէմ բար­կա­նայ, դա­տա­րան պի­տի յանձ­նուի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

­Նոյն­պէս Ա­ռա­քեալն ալ կ՚ը­սէ. «Սի­րե­լի­նե՛ր, եր­բեք դուք ան­ձամբ վրէժ լու­ծե­լու մա­սին մի՛ մտա­ծէք, այլ ձգե­ցէք որ Աս­տու­ծոյ բար­կու­թիւ­նը ը­նէ ա­տի­կա…» (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 19)։

­Բար­կու­թիւ­նը մարմ­նին մէկ գործն է, ինչ­պէս Ա­ռա­քեա­լը դար­ձեալ կ՚ը­սէ.

«Մարդ­կա­յին գոր­ծե­րը յայտ­նի են, ինչ­պէս՝ շնու­թիւն, պոռն­կու­թիւն, ան­բա­րո­յու­թիւն, կռա­պաշ­տու­թիւն, կա­խար­դու­թիւն, թշնա­մու­թիւն, կռիւ, նա­խանձ, բար­կու­թիւն, հա­կա­ռա­կու­թիւն, երկ­պա­ռա­կու­թիւն, բա­ժա­նում­ներ, չար կա­մե­ցո­ղու­թիւն, սպա­նու­թիւն, ար­բե­ցու­թիւն, ա­նա­ռա­կու­թիւն, եւ ա­սոնց նման բա­ներ» (ԳԱ­ՂԱՏ. Ե 19-21)։

­Սուրբ Գիր­քը կ՚ը­սէ նաեւ, թէ բար­կու­թիւ­նը «յի­մար»նե­րու բնա­ւո­րու­թիւ­նը, բնու­թիւ­նը եւ ընդ­հա­նուր նկա­րա­գիրն է։

«Յի­մա­րը նոյն օ­րը կը յայտ­նէ իր բար­կու­թիւ­նը, բայց ա­նար­գան­քը ծած­կո­ղը խե­լա­ցի է» (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ ԺԲ 16), եւ նաեւ՝ «Եր­կայ­նա­միտ մար­դը շատ խո­հեմ է, իսկ կար­ճա­մի­տը շատ յի­մա­րու­թիւն կ՚ը­նէ» (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ ԺԴ. 29)։

«Քա­րը՝ ծան­րու­թիւն ու ա­ւա­զը ծանր բեռ ու­նի, բայց յի­մա­րին բար­կու­թիւ­նը եր­կու­քէն ալ ծա՛նր է (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ ԻԷ 3)։­

Ուս­տի բար­կու­թիւ­նը հպար­տու­թեան ար­դիւնքն է եւ ա­մէն բար­կու­թեան մէջ ան­պայ­մա՛ն հպար­տու­թիւն կը գտնուի։

«Հպար­տու­թեամբ եւ բար­կու­թեամբ վա­րուող մար­դը, որ հպարտ եւ յան­դուգն է՝ ծաղ­րող կը կո­չուի» (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ ԻԱ 24)։­

Ու­րեմն բար­կու­թիւ­նը հա­կակշ­ռե­լու եւ չա­փա­ւո­րե­լու հա­մար, մարդ նախ պէտք է հպար­տու­թեան ախ­տէն փրկուի։ Հա­մեստ ու խո­նարհ մար­դը դիւ­րին չի՛ բար­կա­նար։

Բար­կու­թեան զգա­ցու­մին ան­բա­ժան զգա­ցում­նե­րէն մէկն ալ՝ անգ­թու­թի՛ւնն է։

«Ա­նի­ծեա՛լ ըլ­լայ ա­նոնց բար­կու­թիւ­նը, վասն­զի խիստ էր ու ա­նոնց սրտմտու­թիւ­նը, վասն­զի սաս­տի՛կ էր» (ԾՆՆԴՈՑ ԽԹ 7)։­

Ար­դա­րեւ կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ՝ թէ բար­կա­ցոտ մար­դը նաեւ՝ ան­գո՛ւթ է, քա­նի որ սէր չու­նի։

Բար­կու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ չա­րա­խօ­սու­թիւն, ա­ղա­ղակ կը բարձ­րաց­նէ ա­տե­լու­թեան խօս­քե­րով եւ բա­րո­յա­պէս կը վի­րա­ւո­րէ մար­դը իր ամ­բողջ էու­թեամ­բը։

«Ձեզ­մէ ար­մա­տա­խի՛լ ը­րէք ա­մէն դառ­նու­թիւն, բար­կու­թիւն ու զայ­րոյթ, պոռչ­տուք եւ հայ­հո­յու­թիւն եւ ա­ռաջ­քը ա­ռած կ՚ըլ­լաք ա­նոնց չար հե­տե­ւանք­նե­րուն», կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը. (Ե­ՓԵՍ. Դ 31)։­

Այս տո­ղե­րով ալ կը հասկ­ցուի, թէ ինք­նա­զուսպ ըլ­լալ, զգա­ցում­նե­րը հա­կակշ­ռել՝ բար­կու­թիւ­նը կը մեղ­մաց­նեն։

Եւ ին­չո՞ւ բար­կա­նալ երբ ա­նի­կա միա՛յն վնաս կը պատ­ճա­ռէ՝ ո՛չ միայն շուր­ջին­նե­րուն, այլ նաեւ են­թա­կա­յին։

Բար­կու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ չա­րա­սի­րու­թեան եւ հայ­հո­յու­թեան՝ ո­րոնք նոր մեղ­քե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յեն։

«Բայց հի­մա ձեզ­մէ դուրս նե­տե­ցէք այդ բո­լո­րը.- բար­կու­թիւ­նը, զայ­րոյ­թը, եւ ա­սոնց նման՝ չա­րու­թիւ­նը։ Ձեր բե­րա­նէն ո­րե­ւէ հայ­հո­յու­թիւն կամ լկտի խօսք չլսուի» (ԿՈ­ՂՈՍ. Գ 8)։

Կ­ռիւ եւ հա­կա­ռա­կու­թիւն կը ստեղ­ծէ բար­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը։

«Ա­ղէ՛կ է ա­նա­պա­տը բնա­կիլ, քան թէ՝ կռուա­զան ու բար­կա­ցոտ կնոջ հետ» (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ ԻԱ 19)։ Կը տես­նուի, որ բար­կու­թիւ­նը մար­դուն ապ­րե­լա­կեր­պին ազ­դող, կեան­քին ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շող դեր մը ու­նի։

Մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշա­կու­մը կա­րե­ւոր է իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի սե­փա­կան կեան­քին հա­մար։ Մար­դիկ մտա­ծե­լու են, թէ ի­րենց ա­մէն մէկ ա­րար­քը, ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ ու­րի­շի մը այս կամ այն կեր­պով ապ­րե­լու ընտ­րու­թեան։ Մա՛րդ ան­կախ չէ իր ա­րարք­նե­րուն մէջ, միշտ մէ­կը կա­խում ու­նի ու­րի­շէ մը, եւ ա­մէն մէ­կը  ի­րար­մէ կա­խում ու­նին. մա­նա­ւանդ զգա­ցում­նե­րու ար­տայայ­տու­թեան մէջ ո՛չ մէ­կը իր ու­զա­ծին պէս ար­տա­յայ­տուե­լու ի­րա­ւունք եւ ա­զա­տու­թիւն ու­նի. խոր­հե­լու է, թէ իր ա­րար­քը ի՛նչ ազ­դե­ցու­թիւն­ներ կրնան գոր­ծել իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն վրայ։

Ու­րեմն այս հար­ցին մէջ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ի՛նչ որ կը ստեղ­ծէ ինք­նավս­տա­հու­թիւն։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­ցող մար­դիկ, որ նաեւ ինք­նավս­տա՛հ են, միւս­նե­րէն շատ ա­ւե­լի քիչ կը սխա­լին, շատ ա­ւե­լի քիչ շե­ղում ցոյց կու տան կեան­քի բնա­կա­նոն ըն­թաց­քէն։ Ինք­նավս­տահ մար­դիկ դիւ­րաւ չե՛ն բար­կա­նար, թե­րեւս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կը ցա­ւին, վիշտ կը զգան, բայց զայ­րոյթ ցոյց չեն տար։ Հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կը պա­հեն մտքին եւ զգա­ցում­նե­րուն։ Բար­կու­թիւ­նը, զայ­րոյ­թը հե­ռո՜ւ է այն մար­դոց­մէ՝ ո­րոնք ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն ու­նին, եւ կը ճանչ­նան՝ թէ ո՛վ են ի­րենք եւ կը յար­գեն ու­րիշ­նե­րու ինք­նու­թիւ­նը։

Եր­ջան­կու­թիւ­նը ա՛յս է կար­ծեմ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 14, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015