«ԻՏԱ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ԽԼԷ ԱՄՆ-Ի ՏԱՐԱԾՔԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը հարուածած «Իտա» փոթորիկի հետեւանքով երկրի հիւսիս-արեւելքին աւելի քան յիսուն հոգի զոհուած է։
Փոթորիկը տեղատարափ անձրեւներ յառաջացուցած է սեպտեմբերի 1-ի երեկոյեան եւ սեպտեմբերի 2-ի առաւօտեան՝ Մերիլենտէն մինչեւ Նիւ Եորք։
Մարդոց մեծ մասը մահացած է, երբ ջրհեղեղը տարած է ինքնաշարժները, մարդիկ խեղդուած են նաեւ նկուղային բնակարաններու մէջ: Շուրջ 23 մարդ մահացած է Նիւ Ճըրզիի, եւս 12-ը՝ Նիւ Եորքի մէջ: Երկու նահանգներու մէջ ալ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։
«Իտա» փոթորիկը մէկ գիշերուայ ընթացքին աւերած է երեք նահանգի տարածքը՝ արձանագրելով տեղումներու պատմական ցուցանիշ, յառաջացնելով առնուազն մէկ պտտահողմ եւ վայրագ քամիներ:
Մօտաւորապէս մէկ միլիոն տուն հոսանքազրկուած է Լուիզիանայի, ներառեալ Նիւ Օրլիընտի մէջ:
«Իտա» փոթորիկը, որ վտանգաւորութեան չորրորդ աստիճան ստացած է, Լուիզիանա նահանգ հասած էր օգոստոսի 29-ին: Աւելի քան մէկ միլիոն տնտեսութիւն հոսանքազրկուած է: Նախագահ Ճօ Պայտընն ալ նախապէս Լուիզիանան յայտարարած էր աղէտի գօտի:
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի նահանգապետ Քեթի Հոքուլ նահանգի տարածքին արտակարգ դրութիւն սահմանած է ուժեղ տեղումներու պատճառով, որոնք պայմանաւորուած են «Իտա» փոթորիկի ահագնացմամբ եւ կրնան վերաճել ջրհեղեղները:
«Արտակարգ դրութիւն կը յայտարարեմ ՝ օգնելու համար Նիւ Եորքի բնակիչներուն, որոնք տուժած են այսօրուայ փոթորիկի պատճառով», յայտարարած է Հոքուլ իր թուիթըրի էջին վրայ: Վերջինս դիմած է բնակիչներուն՝ կոչ ուղղելով «չնստիլ ղեկին եւ տունէն դուրս չգալ առանց անհրաժեշտութեան»:
Աւելի առաջ ալ արտակարգ դրութիւն սահմանելու որոշում կայացուցած էին Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տը Պլազիօ եւ հարեւան Նիւ Ճըրզի նահանգի ղեկավար Ֆիլ Մերֆի: