ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԱՅՑ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս նորանշանակ համանախագահը՝ Իկոր Խովաեւ երէկ այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ճանաչողական բնոյթով այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ռուս դիւանագէտը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Համանախագահը տեսակցեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Ան մօտաւոր անցեալին նմանաբնոյթ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Պաքու։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Խովաեւ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիները եւ այդ ամբողջին մէջ ընդգծեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը։
Արարատ Միրզոյեանն ալ Իկոր Խովաեւին հետ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը՝ ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը։ Նախարարը բացատրեց, որ հայկական կողմը կ՚աջակցի՝ Արցախի երկրորդ պատերազմէն յետոյ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութիւններուն, ուր ընդգծուած է արդէն ծանօթ սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ հիմնախնդրի տեւական ու կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Բաց աստի, Միրզոյեան հրատապ նկատեց առաջնահերթ մարդասիրական հարցերու հասցէագրումը։ Այս ամբողջին մէջ ան շեշտեց Ատրպէյճանէ ներս պահուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ եւ անվերապահ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի գծով նախարար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Այս առթիւ Մորթըն Լոնտոնի աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն։
Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Հարկ է նշել, որ Ռուստամ Մուրատով աւարտելու վրայ է իր առաքելութիւնը։ Երէկուան հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան Արցախէ ներս ձեռնարկուած խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։
Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական, նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանի տարածքն է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր։ «Ամբողջ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքն է, միջազգային հանրութիւնը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։ Ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են Ատրպէյճանի մաս կազմող Ղարաբաղի շրջանի որոշ հատուածներէն ներս՝ 10 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութեան համապատասխան։ Եռակողմանի այդ յայտարարութիւնը սահմանած է խաղաղապահ ուժերու տեղակայման քաղաքական եւ որոշ չափով իրաւական շրջանակները։ Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան շուրջ յաւելեալ համաձայնութիւններու եւ յաւելեալ իրաւական դրութիւններու, ապա կողմերու միջեւ այդ հարցին վերաբերեալ շփումներ եղած են եւ որոշակի քննարկումներ տակաւին կը շարունակուին», ըսաւ Հաճիեւ։
Միւս կողմէ, Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերը կ՚իրականացնեն համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւնները։ Այս անգամուան ռազմափորձերը տեղի կ՚ունենան Լաչինի մէջ, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։