ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԿԱԹԷ ԳԻԾԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Երեւանի Երկաթուղային կայարանը մայրաքաղաքին բանուկ հատուածին մէջ չէ: Սասունցի Դաւիթի հրապարակին մէջ կը գտնուի այս հնագոյն կայարանը, ուր հասնելու համար, գնացքով Կիւմրի կամ Վրաստան երթեւեկի կարիքը պիտի ունենաս, այլապէս, պարզ օրերուն, կայարանը առանձնապէս ձգողական ուժ մը չունի: Սասունցի Դաւիթի արձանին շուրջը դարձած է պտուղներու եւ բանջարեղէնի իրար անցած շուկայ մը, որուն շուրջ արուարձաններ գացող հնամաշ հանրակառքեր, անձնական փոխադրամիջոցներ, աղմուկ, տաղտուկ կայ… Բայց, ահաւասիկ, այդ ոչ մշակութային միջավայրին մէջ, Երկաթուղային կայարանէն ներս, շատ ինքնատիպ թանգարան մը կը գործէ: Երկաթեայ գորշ ձողերով, ամուր եւ անհրապոյր վանդակասիւներով պատուած կայարանը չես կարծեր, որ այսպիսի մտերմիկ ու արուեստի վայր մը ունի իր ներսը պահուած: Շատ ուշադիր պիտի ըլլաս, որ երկար ու պաղութիւն փոխանցող միջանցքներուն մէջ նկատես դէպի Հայաստանի երկաթուղային թանգարանը տանող պզտիկ ցուցանակը եւ շարժիս այդ ուղղութեամբ:
Երեւանի մէջ գործող յիսունէ աւելի թանգարաններն ու պատկերասրահները մեր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը կը ներկայացնեն, բայց անոնց մէկ մասը անծանօթ է քաղաքի բնակիչներուն: Երկաթուղային թանգարանն ալ այդ թաքուն գանձերէն է՝ Հայաստանի հարուստ երկաթուղային անցեալը ներկայացնող ջերմ վայր մը:
Այսօր, անշուշտ, մեր երկաթուղային ասպարէզը նոյն փառաշուք օրերը չ՚ապրիր, ինչպէս առաջ, բայց սահմանափակ ուղղութիւններով այս քանի մը գնացքն ալ, որ կը շարժին միակ կայարանէն, երբեմն փրկութեան օղակներ կը դառնան փակ երկրին մէջ:
Հայաստանը, անկասկած, նոր ճանապարհներու եւ նոր հաղորդակցութեան կարիք ունի: Խիստ պահանջք է այդ մէկը, որ աղաղակող կերպով կ՚արձագանգէ ամէն անկիւնէ: Փակ, ինքնամփոփ եւ միօրինակ կեանքը իր ճիրաններուն մէջ առած է երկիրը եւ ամէն օր աւելի կը սեղմէ կոկորդը: Խեղդոցէն դուրս ելլելու ժամանակն է: Մեր կեանքը նման է ձգախէժի, որ օր օրի աւելի կը քաշուի եւ կարծես եկած է այդ քաշուած ձգախէժը արձակելու ժամանակը…
Նոր երթուղիները, ճանապարհները, զանազան ուղղութիւններով գնացքները, բացուած օդն ու ազատուած ցամաքը այս լարուածութիւնը մեղմելու, այս խեղճութենէն շտկուելու լաւագոյն միջոցներն են:
Կը բացուին Երկաթուղային թանգարանին դռները, թանգարանին մուտքն ալ, ի դէպ, անվճար է: Հոս հազուագիւտ հաւաքածոյ մը կը ցուցադրուի՝ մօտաւորապէս 200 թանգարանային առարկայ: Զետեղուած են տասը վահանակներ, որոնցմէ ամէն մէկը կը ներկայացնէ երկաթուղիի պատմութեան որոշ ժամանակահատուած մը: Թանգարանը բացուած է 2009 թուականին եւ հաւաքած զանազան վայրերու մէջ պահուած իրեր, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, սարքեր… Ցուցանմոյշներուն կէսը թանգարանին նուիրած է Ռուսաստանի երկաթուղին:
Ցուցադրութիւնը կը սկսի 1895 թուականէն, երբ Նիքոլայ Բ. ռուս կայսրին կը ներկայացուի Կարս-Ալեքսանդրապոլ-Թիֆլիզ երթուղիով երկաթգիծ կառուցելուն դիմումը: Բաւական դժուար եւ նիւթական մեծ ներդրում պահանջող գործ էր, սակայն ռուս կայսրը կ՚ընդունի առաջարկը եւ կ՚արձակէ իր հրովարտակը: Ահա, կայսերական այդ հրովարտակը փառաւորապէս բազմած է ցուցադրութիւններուն մէջ, կողքը՝ Ռուսաստանի վերջին կայսրին՝ Նիքոլայ Բ.-ի լուսանկարը:
Շինարարութիւնը սկսած է 1896 թուականին, իսկ առաջին գնացքը Ալեքսանդրապոլ ժամանած է 1899 թուականի ձմրան՝ կտրելով 180 քիլօմեթր: Ալեքսանդրապոլի մէջ ուրախութիւն էր եւ ցնծութիւն՝ ժողովուրդը փողոց ելած էր տեսնելու Թիֆլիզէն ժամանած առաջին գնացքը, Հայաստանը երկաթուղագիծ ունէր եւ այդ մէկը հպարտութիւն էր մարդոց համար: Հինգ ամիս անց՝ յուլիս 21-ին, բացուած է Թիֆլիզ-Ալեքսանդրապոլ-Կարս կանոնաւոր երթուղին:
Ատկէ ետք սկսած է Ալեքսանդրապոլ-Էրիւան (Երեւան) երկաթուղիին շինարարութիւնը, որ շահագործման յանձնուած է 1902 թուականին:
1908 թուականին բացուած է երկրորդ գիծը՝ միացնելով Ջուղայի եւ Պարսկաստանի երկաթուղային գիծերը։ Կայարանին ներկայ շէնքը բացուած է 22 յուլիս 1956 թուականին:
Յատկանշական է, որ Երեւանի պատմութեան մաս կազմող այս թանգարանի ճարտարապետն է հայ երգահան Արմէն Տիգրանեանի որդին՝ Էտմոնտ Տիգրանեան: Կայարանին շէնքը 1956 թուականին բացուած է առանց գմբէթի, հակառակ որ ճարտապետը շէնքը գմբէթով նախագծած էր: Գմբէթը դրուած է շատ տարիներ անց, շէնքին տալով այն աւարտուն տեսքը, ինչ որ նկատի ունեցած է Տիգրանեան:
Երկաթուղային ենթակառուցուածքին աստիճանական զարգացումը բերած է անոր, որ Ռուսաստանը Հայաստանի տարածքով ելք ստացած է դէպի Թուրքիա, Իրան եւ եւրոպական երկիրներ:
Հայաստանի երկաթուղին շատ աշխոյժ կերպով կը զարգանար խորհրդային տարիներուն, հակառակ յեղափոխութենէն եւ քաղաքացիական պատերազմէն ետք՝ առաջին տարիներու դժուարութիւններուն:
Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի տեղ կը զբաղեցնեն հայկական երկաթուղիին գործունէութեան մասին դրուագները՝ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն: Այդ տարիները իսկապէս յատուկ էին հայկական երկաթուղիին համար, երբ խորհրդային երկաթուղայինները փոխադրեցին 20 միլիոն վակոն, վերականգնեցին 120 հազար քիլօմեթր երկաթուղային գիծեր, 13 հազար փոքր եւ մօտաւորապէս 3 հազար մեծ կամուրջներ: Պատերազմի ժամանակ՝ 1942 թուականի գարնան, Հայաստանի աշխատաւորներուն միջոցներով կառուցուած է «Սովետական Հայաստան» թիւ 701 զրահապատ գնացքը, որ իր դերը ունեցած է պատերազմին:
Ցուցադրութեան մէջ կարելի է տեսնել 1960-70-ական թուականներուն երկաթուղային ասպարէզին մէջ գործածուած սարքաւորումներ` հեռաձայններ, հեռագրային սարքեր, ազդանշանային շեփոր, «Կկու» շոգեքարշի ազդանշան-սուլիչը, 1950-ականներու տոմսերու դակիչ, Խորհրդային Միութեան երկաթուղիի քարտէսը, ուրիշ յատկանշական քարտէսներ, հրամանագրեր:
Մեր երկաթուղային պատմութիւնը ներկայացնող բազմաթիւ լուսանկարներ պահուած են այս թանգարանէն ներս: 1970-ական թուականներուն կայարանի տարածքին գործած է ժամանակակից ճաշարան մը, մօր եւ մանկան սենեակ մը, ուր մայր մը կրնար ժամանակ անցընել իր պզտիկին հետ, խնամել, կերակրել: Հոս գործած է նաեւ պանդոկ մը, ուր իջեւանած են գնացքով եկող-գացող ճամբորդները, եղած են խանութներ, օրաթերթի կրպակ. այս ամբողջ պատմութիւնը կ՚արտացոլայ լուսանկարներուն մէջ:
Գնացքը դիմաւորող եւ ճամբող մեքենավարներուն հանդերձանքը երբեմն փոխուած է, լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի այդ մէկը, իսկ գնացքները անցեալին եղած են ոչ թէ այսօրուայ պէս միայն մարդատար եւ քիչ թիւով՝ բեռնատար, այլ զինուորական նշանակութեամբ, ձկնափոխադրող…
Այսօր սարքաշինութիւնը շատ յառաջացած է եւ առաջուայ քանի մը գործողութեան փոխարէն ընդամէնը կոճակ մը կը սեղմես: Կայարանին մէջ վահանակները լուսացուցային են, մինչդեռ ժամանակին ձեռագիր գրութիւններով պատրաստուած էին, թանգարանը կը ցուցադրէ նաեւ հին վահանակներ:
Գնացքներուն անցած ճանապարհը նոյնպէս արտացոլուած է թանգարանին մէջ, պատրաստուած են հին գնացքներու նախատիպերը: Կը տեսնենք նաեւ պատերազմի եւ Սպիտակի երկրաշարժի օրերը յիշեցնող լուսանկարներ, այդ օրերու շատ դրուագներ կապ ունեցած են երկաթուղային կայարանին հետ, կայարանը այդ տարիներուն տակաւին կենսունակ էր:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք կայարանին աշխատանքը խափանուած է եւ աշխատողները՝ երկաթուղային կեանքի նուիրեալներ, սկսած են գիշերել կայարանին մէջ, որպէսզի չթալանուի եւ չփճացուի: Շատ իրեր, նմոյշներ, գործածութենէ դուրս եկած վահանակներ փրկուած են այդ ձեւով:
Թանգարանին մէջ կան տարեց աշխատողներ, որոնք կը յիշեցնեն, որ խորհրդային տարիներուն Հայաստանի երկաթուղային զարգացածութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ երրորդ տեղը կը զբաղեցնէր, իսկ հիմա խեղճացած վիճակ մը ունի, աշխարհին հետ կապ չկայ: Անկախացումէն ետք Հայաստանը յայտնուած է շրջափակման մէջ եւ մինչ այժմ հանրապետութեան երկաթուղային կապը արտաքին աշխարհին հետ կ՚իրականացուի Վրաստանի տարածքով: Երկաթուղիին փառաւոր օրերը տեսած աշխատողները յոյս կը յայտնեն, որ օր մը հարաւ-կովկասեան երկաթուղին պիտի աշխատի եւ մեր երկիրը իր ծաղկուն օրերուն պիտի վերադառնայ նաեւ անվերջ աղմկող գնացքներու միջոցով:
ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՆՄՈՅՇ ՄԸ
Հայաստանի երկաթուղիի թանգարանի բացառիկ ցուցանմոյշներէն է «Վարդան Զօրավար» զրահագնացքին մանրակերտը: Կանաչ գոյնով, կուռ սարքուած այս մանրակերտին վրայ թուական կայ՝ 1918: Այս նշանաւոր զրահագնացքը 1918 թուականի հայ-վրացական պատերազմին ընթացքին գրաւուած է Հայաստանի կողմէ, տրուելով անոր «Վարդան Զօրավար» անունը:
Հայ-վրացական պատերազմը սահմանային կարճատեւ պատերազմ մըն էր՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ Վրաստանի դեմոկրատական հանրապետութեան միջեւ, որ տեղի ունեցած է հակամարտող երկիրներու անկախութեան հռչակումէն կարճ ժամանակ անց։ Ռազմական գործողութիւնները ծաւալած են երկու պետութիւններու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւ այդ ժամանակ է, որ հայկական կողմը գրաւած է վրացական այս զրահագնացքը:
Մնալով Հայաստանի մէջ, զրահագնացքը մասնակցութիւն ունեցած է 1920 թուականի Մայիսեան ապստամբութեան, այդ ժամանակ զրահագնացքի հրամանատարն էր մայիսեան ապստամբութեան ղեկավարներէն Սարգիս Մուսայէլեան։ Յետագային գնացքին անունը փոխուած եւ «Մուսայէլեան» կոչուած է, սակայն այսօր կրկին վերականգնած է անոր սկզբնական անունը: Այս զրահագնացքը իր ունեցած դերին համար մտած է պատմութեան եւ արուեստի մէջ, պատկերուած է Կիւմրիի «Մայիսեան ապստամբութեան հերոսներուն» նուիրուած քանդակին վրայ, Եղիշէ Չարենց 1925 թուականին քերթուած մը գրած է՝ «Վարդան Զօրավար զրահագնացք» խորագրով, Յակոբ Կոջոյեան գեղանկար մը ունի, ուր կը պատկերէ զրահագնացքը: Ահաւասիկ նմոյշ մը, որ ցոյց կու տայ թէ՛ պատերազմական եւ թէ՛ երկաթուղային պատմութիւնը եւ անմիջապէս կը գրաւէ ներս մտնողներուն ուշադրութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան