Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Միշել քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Շարլ Միշելի խնդրանքով Վլատիմիր Փութին տեղեկութիւններ փոխանցեց այն քայլերուն մասին, որոնք կ՚առնուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ հակամարտութեան այժմու փուլին շուրջ, ուր, ըստ Միշելի, անհրաժեշտ են վստահութեան ամրապնդման ու երկխօսութեան ուղղեալ ջանքերը։
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021