ՈՐՊԷՍ ԴԻՏՈՐԴ ՄԸ
Գրեթէ տարի մը առաջ հանեցի իմ գունաւոր ակնոցները եւ սկսայ կեանքը դիտել ինչպէս որ կայ: Հայոց կեանքը, հայու ներաշխարհը, Հայաստանը, մեր հաւատքի խորութիւնը... Ամէնուր գորշ ու մռայլ գոյներ: Միայն կարմիրն է, որ չէ փոխած իր գոյնը. սեւ-ճերմակի մէջ այն կը հոսի հայոց լեռներով ու անտառներով, ամէն թուփի տակով:
Առանց գունաւոր ակնոցներու կը տեսնամ մարդոց պաղ սրտերն ու դատարկ հոգիները, ճերմակ թուղթի մը վերածուած հոգիները, որոնք խծբծուած են սեւ ագռաւի ճանկերու պէս: Իսկ երկի՞րը... երկիրը բզկտուած ու վիրաւոր, թաթախած արեան ծովու մէջ, ոչ մէկը ձեռք կը մեկնէ իւր վիրաւոր հայրենիքին: Ինծի պէս քանի մը սրտացաւեր ալ՝ պարզապէս քովէն կը դիտեն ու իրենց մաշկի վրայ կը զգան այդ ցաւը՝ ուրիշ ոչինչ:
Ինչ կը վերաբերի հաւատքին. հաւատքը ի չիք ըլլալու ճանապարհին է: Զայն կը տեսնամ շատ մակերեսային: Ինչպէս որ յորդառատ անձրեւէ մը վերջ գետնի թացութիւնը կը սկսի գոլորշիանալ կամացուկ մը, ճիշդ նոյն կերպ ալ կ՚անէանայ հայու հաւատքը: Ներթափանցելով հայ ժողովուրդի ներաշխարհի մէջ, առաջին բանը, որ կու գայ իմ միտքը քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի խօսքերն են. «Ողբամ զքեզ հայոց աշխարհ»:
Յիրաւի, այսօր մեր ազգը, մեր երկիրը կը գտնուի ողբալի վիճակի մը մէջ: Տեղին է յիշել ու մէջբերել հայ ժողովուրդի մասին մեր հայ մեծերու արտայայտած միտքերը, որոնք կարծես այսօր գրուած ըլլային.
«Որպէսզի այդ թամաշաւոր ժողովուրդի սիրտը շահած ըլլան ու բարեկամ պահած, միշտ կը պոռան «ժողովուրդի» անունը: Խօսքն ինչի մասին ալ ըլլայ, միշտ կը վերջանայ «ժողովուրդով»: Ժողովուրդը կը կամենայ այդպէս... ժողովուրդը մեզ հետ է... ժողովուրդը ձեզ կը դատէ...
«Ո՞ւր ես ժողովուրդ, կ՚անարգեն քեզ, այդ հերիք չէ՝ ժողովուրդն ալ կը կործանեն: Իրենց մարդոցմէ ոմանք հանդէս կը բերեն կեղծ ստորագրութիւններով, անգրագէտներուն իրենց ընդունած օրէնքներով, ու կը ներկայացնեն որպէս ժողովուրդ: «Տեսէ՛ք, ժողովուրդը մեզի հետ է»: Դէհ, եկուր եւ տարբերէ թացը չորէն, իրականը կեղծիքէն: Ասոնք ոչ մէկը եւ ոչինչ կը սիրեն, պարզապէս ցոյց կու տան, թէ կը սիրեն: Ասոնք կը խաղան ամէնուր եւ ամէնքի հետ, եւ ահա մեր կեանքը այլեւս աւելի կը նմանի թատերաբեմի: Եւ այդ բեմը թէպէտ փոքր, սակայն տեսէք որքան դերասաններ ունի: Իրենք իրենց վերագրած բազում դերեր՝ անոնք մտեր ու կը խաղան այս կամ այն ասպարէզին մէջ: Ահաւասիկ այս մէկը՝ ամէնուր կը ներկայանայ որպէս չհասկցուած ու հալածուած գաղափարական գործիչ, միւսը կը խաղայ նշանաւոր հերոսի մը դեր, երրորդը կը սարքէ հրապարակախօսութիւն, չորրորդը կը ձեւանայ բարեգործ մը, հինգերորդը կեղծ գրող մը, վեցերորդն ալ այլեւս կը հանդիսանայ որպէս կեղծ նահատակ, եօթներորդը կու գայ որպէս դատաւոր, բոլորը մեղադրելու եւ ամէնքէն հաշիւ պահանջելու... Եւ բնականաբար, դուք մէկ կողմ դնելով այսքան շատ գործիչներու ներկայութիւնը, դուք կը քանիք, որ ցուրտ է, քանզի կը բացակայի անկեղծութեան ջերմութիւնը, զգացմունքի հուրը, որովհետեւ անոնք կը խօսին լեզուով, իսկ անոնց սրտերը հեռու է շատ, ու կը զզուիք վերջապէս:
«Ասոնք ոչինչ կը սիրեն, պարզապէս ցոյց կու տան, թէ կը սիրեն: Եւ ինչպէս որ դերասանը ունի իր դերը, զոր կը խաղայ, այնպէս ալ իրական գործիչը ունի իր խաչը, որ կը կրէ՝ կպնելով այս կամ այն գործին: Իսկ ասոնք փոխանակ գործի ծանրութեան տակ մտնելու եւ տանելու, իրենք կը բարձրանան, կը հեծնեն անոր վրայ ու կը սարքեն իրենց էշ: Եւ այդ դերասաններէն իւրաքանչիւրը ունի իր էշը: Եւ միշտ կը քշէ իր էշը, թէկուզ աշխարհը քանդուի»:
Յովհաննես Թումանեան
Դիպուկ նկարագրութիւն մը տուած է նաեւ գրող Ղազարոս Աղայեան.
«Մեր ժողովուրդի գլուխը որ հաստ է, իր իրաւունքն ու պարտականութիւնը չի ճանչնար: Լաւն ու վատը չի հասկնար: Սուտը կ՚ընդունի ճշմարիտի տեղ, ճշմարիտը՝ սուտի տեղ: Ալ ի՞նչ ըսես, ալ որո՞ւն խօսք հասկցնես... Գլուխ գովելով կ՚ապրին, ներքուստ վախկոտ ու ստրուկ խղճուկ հոգիները: Կ՚անցնին մութ ճամբէն՝ հասկացողը արհամարհելով ու ոտնատակ տալով, անհասկացողը՝ քծնելով, գովաբանելով, շուաքին դիմաց խոնարհելով եւ անոնցմէ փրկութիւն աղերսելով»:
Եւ ես այս ամէնը քաջ գիտակցելով այլեւս չեմ շտապեր հանրաշարժի մէջ իմ տեղը զիջել տարի մը առաջ իմ շատ սիրելի՝ տանջուած, խամրած ու մաշած դէմքով, ճերմակ մազերով իմ համերկրացիներուն: Անմիջապէս իմ միտքը կը զբաղեցնեն հետեւեալ միտքերը. արդեօք իմ դիմացինը հա՞յ է, չէ որ տակաւին վերջերս պարզած եմ, որ իրենց ազգանունի մէջ «եան» վերջածանցը կրողներու ոչ բոլորը ունին հայ կոչուելու իրաւունք...
Արդեօք ան ցաւ կ՚ապրի՞ Արցախի կորուստով... արդեօք իր կեանքի մղձաւանջային օրե՞րն էին՝ սեպտեմբերի 27, նոյեմբերի 10 եւ յունիսի 20... արդեօք ան կ՚աղօթէ՞ ու կ՚ողբայ ամէն մէկ զինուորական ծառայողի կորուստի համար... արդեօք ան տեղի ունեցածի մէջ կը գիտակցի՞ իր սեփական մեղքի բաժինը ու կը կամենա՞յ դառնալ աւելի լաւը՝ ապաշխարելով, թէ՞...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան