ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԱՂԱՒԱՂՈՂՆԵՐԸ
Քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, սակայն վերջերս կը նայէի մեր հայ մեծաւորներուն օտար երկիրներու եւ ժողովներու ընթացքին ունեցած ելոյթները: Միեւնոյն ժամանակ աչքէ կ՚անցընէի միւս պետութիւններու մեծաւորներունը:
Աւարտին միտքիս մէջ ծագեցաւ «ինչու» մը: Օտար երկիրներու մեծաւորները հանդէս կու գային իրենց երկրի մայրենի լեզուով՝ անկախ այն ճշմարտութեան, որ անգլերէն գիտե՞ն թէ ոչ, սակայն մերոնք... իրենց չի՛ գիտցած անգլերէնով կը փորձէին գաղափար մը պարզել, խօսք մը արտասանել փորձել՝ անգլերէնի քերականութիւնը նոր սորված մանուկի մը անկարողութեամբ:
Ինչո՞ւ...:
Այս նիւթին շուրջ համոզումները կը բաժնուին երկուքի: Քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունի խումբ մը, որ համոզուած է, որ ինք պէտք է մի՛շտ ելոյթ ունենայ իր մայրենի լեզուով, այն համոզումով, որ իւրաքանչիւր ելոյթ նախ եւ առաջ մի՛շտ ուղղուած է իր երկրի ժողովուրդին եւ ապա օտարին՝ նոյնիսկ եթէ օտար ժողովի մը ընթացքին արտասանուի այդ խօսքը: Երկրորդ՝ այն համոզումով, որ երկրի պաշտօնական լեզուով խօսիլը, կամայ թէ ակամայ յարգանք կը պարտադրէ օտարին մօտ իր լեզուին հանդէպ եւ փոխանակ ի՛նք օտարին «ոտքին երթալու», կը ստիպէ, որ օտարը իր լեզուն թարգմանէ եւ հասկնայ:
Գոյութիւն ունի վերոյիշեալ գաղափարներուն ամբողջութեամբ հակառակ համոզմունք ունեցողները: Անոնք ունին այն համոզումը, որ օտար հանդիսատեսին իրենց սեփական լեզուով խօսիլը օտարին կողմէ իրեն հանդէպ սէր ու յարգանք կը պարտադրէ, նոյնիսկ եթէ այդ ելոյթը կատարուի կոտորուած անգլերէնով եւ կամ ֆրանսերէնով: Շատ անգամ անոնք այս մէկը կը դիտեն որպէս դիւանագիտական քայլ՝ սիրաշահելու տուեալ երկրի ղեկավարութիւնը եւ հաստատուած բարեկամական կապեր հաստատելու:
Գուցէ շատերու համար սովորական եւ անկարեւոր բան մը թուի եւ կարեւորութիւն չներկայացնէ, թէ ղեկավարները ի՞նչ լեզուով ելոյթ կ՚ունենան, սակայն ըսենք, որ այդտեղ կայ ըլլալու եւ չըլլալու, յաղթելու եւ պարտուելու նուրբ գիծ մը, որ իր անկարեւոր երեւոյթին մէջ մե՛ծ կարեւորութիւն կրնայ ներկայացնել:
Բացատրե՛նք:
Այն ղեկավարները, որոնք իրենց երկրին լեզուով հանդէս կու գան, կը պարտադրեն իրենց ներկայութիւնը եւ այդ սեփական լեզուով տեղի ունեցած ելոյթը իր մէջ կը բովանդակէ այն նուրբ պատգամը, որ կարիքը չունինք օտարինը օգտագործելու, որովհետեւ ան աւելի բարձր չէ՛ քան մենք: Ձեւով մը լռելեան պայքար մըն է ինքզինք եւ իր ազգութիւնը պարտադրելու օտարին դիմաց:
Օրինակները շա՜տ են. բոլորին ալ յայտնի է թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին լաւապէս կը տիրապետէ անգլերէն լեզուին, սակայն իր բոլոր ելոյթներուն ռուսերէն լեզուով կը ներկայանայ: Յայտնի է, թէ Պարսկաստանի նախկին նախագահ Հասան Ռուհանի իր համալսարանական ուսումն ու տոքըորական աստիճանը ստացած է Եւրոպայի մէջ եւ, հետեւաբար, վստահաբար կը տիրապետէ՛ օտար լեզուներու, սակայն իր նախագահական տարիներուն միշտ հանդէս կու գար իր երկրի սեփական լեզուով: Թուրքիոյ նախագահը իր բոլոր ելոյթներուն հանդէս կու գայ թրքերէն լեզուով:
Ռուսաստան, Պարսկաստան, Թուրքիա եւ բազմաթիւ այլ մե՜ծ պետութիւններ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն աշխարհին, սակայն մենք, շատ անգամ ծիծաղելի ըլլալու գինով կ՚ուզենք օտարանալ, կ՚ուզենք նոյնանալ օտարին՝ առանց մերը պահելու, առանց մերը պարտադրելու եւ այդ մէկը ինչքա՜ն կը նմանի այսօր Խրիմեանի ոսկէ շերեփին. բոլոր անոնք որոնք ունին երկաթէ շերեփներ՝ իրենց մայրենի լեզուն է, որ հրապարակ կը դնեն, իսկ մեզի պէս թուղթէ շերեփներով անկարողները կը փորձեն ուրիշներու շերեփներէն օգտուիլ:
Այսօր համացանցը լեցո՜ւն է մեր վարչապետներու եւ նախագահներու խայտառակ ելոյթներով, որոնք հայերէնի առոգանութեամբ անգլերէն նախադասութիւններ կը փորձեն կազմել:
Թող մարդիկ չի՛ կարծեն որ անգլերէնով հանդէս գալն ու ելոյթ ունենալը աւելի՛ զարգացած, աւելի՛ քաղաքականութեան ատակ անձ մը ըլլալու տպաւորութիւնը կը ստեղծեն:
Երանի՜ այն քաղաքական անձնաւորութեան, որ իր կեցուածքով, իր լեզուով եւ մանաւանդ ի՛ր կարողութիւններով է, որ ինքզինք կը պարտադրէ օտարականներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՆԵՐՍԷՍ ԱԿԻՆԵԱՆ
(1883-1963)
Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 10 Սեպտեմբեր 1883-ին Թուրքիոյ Արդուին նահանգի մէջ ծնած է բանասէր, ձեռագրագէտ, պատմաբան եւ մանկավարժ Ներսէս Ակինեան (աւազանի անունով Գաբրիէլ):
Ակինեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա 1895-ին ընդունուած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը, ուր աշակերտած է ձեռագրագէտ, բանասէր եւ լեզուաբան Յակոբոս Տաշեանին: Վարժարանը աւարտելէ ետք Վիեննայի համալսարանին մէջ ուսանած է յունա-հռոմէական եւ բիւզանդական մշակոյթի պատմութիւն, տիրապետած է յունարէն, լատիներէն եւ ասորերէն լեզուներուն, միաժամանակ հմտացած է Աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ:
Ակինեան աւարտելով համալսարանական ուսումը 1907-ին ձեռնադրուած է քահանայ՝ պաշտօնավարելով Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ, ըլլալով նախ ուսուցիչ, ապա փոխ-տնօրէն եւ ապա տնօրէն, միաժամանակ վարելով մատենադարանապետի եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ի խմբագիրի պաշտօնները:
Մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցած է հայկական հին ձեռագրերու հանդէպ։ Շրջած է երկրէ երկիր եւ հաւաքած՝ բազմահազար հայկական ձեռագրեր եւ տպագիր գիրքեր: Սուրբ Էջմիածնի մէջ որպէս ձեռագրատան պաշտօնեայ աշխատած է 1923-1929 թուականներուն, սակայն վերջին տարին՝ 1929-ին ձերբակալուած է եւ ստիպուած հեռացած Հայաստանէն:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մեծ աշխատանք տարած է օգնելով հայ տարագրեալներուն եւ գերիներուն:
Ակինեան մեզի տուած է աւելի քան քառասուն ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը վերաբերին միջնադարեան մատենագրութեան եւ հայագիտական զանազան հարցերու: Անոր ջանքերով հրատարակուած է Կիպրոսի, Լեհաստանի, Ուքրայնոյ ձեռագրի ցուցակագրումները: Աշխատակցած է գերմանական, անգլիական եւ հայկական բազմաթիւ հանդէսներու. բազմաթիւ դասախօսութիւններ ունեցած է Եւրոպայի եւ Արեւելքի շարք մը երկիրներու մէջ, խօսելով հայ ձեռագրերու մշակութային արժէքին մասին։
Ցայսօր անոր անտիպ աշխատութիւնները կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանին մէջ:
Ակինեան վախճանած է 28 հոկտեմբեր, 1963 թուականին՝ Վիեննայի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ