ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Երէկ Կրետէ կղզիին մէջ պատահեցաւ երկրաշարժ մը, որու սաստկութիւնը րիխթերեան չափանիշով կազմեց 5.8։ Սա Յունաստանի մեծագոյն կղզին է ու Միջերկրականի մեծագոյններէն, ուր պատահած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքի զանազան քաղաքներէն ներս։

Կրետէի մէջ պատահած երկրաշարժը նիւթական լուրջ վնաս յառաջացուց։ Կղզեբնակները ցնցումի ազդեցութիւնով խուճապահար դուրս եկան՝ այդ պահուն իրենց գտնուած շէնքերէն։ Բազմաթիւ բնակարաններ եւ գործատեղիներ, նաեւ ուրիշ շէնքեր վնասուեցան։

Դժբախտաբար, երկրաշարժին զոհ գնաց նաեւ բանուոր մը։ Դէպքի պահուն ան կը գտնուէր եկեղեցիի մը գմբէթին վրայ, որու վերանորոգութիւնը կ՚իրականացնէր։ Ցնցումին հետեւանքով գմբէթը փուլ եկաւ եւ այդ բանուորը զոհուեցաւ ողբերգական ձեւով։

Ինչպէս ծանօթ է, Կրետէ կղզիին մէջ կ՚ապրի նաեւ փոքրաթիւ հայ համայնք մը ու կը գործէ հայկական եկեղեցի մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021