ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկեցին Ուաշինկթընի վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք հիմնախնդրին կապակցութեամբ քննարկումներ ծաւալեցին Սպիտակ տան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարներուն հետ։

Համանախագահները՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (ԱՄՆ), Իկոր Խովայեւ (Ռուսաստան), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Ուաշինկթընի մէջ մէկտեղուեցան Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէն Ամանտա Սլոութի եւ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով առաջին օգնականի տեղակալ Տերեք Հոկընի հետ։ Անոնք շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, համանախագահները շեշտեցին, որ միայն առկայ բոլոր անլոյծ խնդիրներու ընդգրկումով համապարփակ կարգաւորումը կրնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կարգաւորել եւ ապահովել տարածքաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւնը։ Նոյնպէս Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հոկըն եւ Սլոութ ողջունեցին համանախագահներու ջանքերն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վճռականութիւնը՝ կրկին երկխօսութեան միջոցաւ խաղաղ գործընթացին ներգրաւուելու ուղղութեամբ՝ տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման առաջադրութեամբ։ Ամերիկեան կողմը կը խոստանայ շարունակել աշխատանքը՝ նպատակ ունենալով նպաստել Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, որպէսզի լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ կամ անկէ բխած բոլոր անլոյծ խնդիրները՝ ներառեալ, մարդասիրական ականազերծման ջանքերը եւ ձերբակալեալներու, անյայտ կորսուածներու հարցերը։

Միւս կողմէ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) երէկ բանաձեւ մը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հարցերուն շուրջ։ ԵԽԽՎ-ի աշնանային նստաշրջանի եզրափակիչ փուլին ընդունուած այս բանաձեւին դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները։ ԵԽԽՎ կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլոր ռազմագերիները առանց յետաձգման վերադարձուին Հայաստանին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021