ՄԻԱՍԻՆ Կ՚ՈՐՈՇԵՆՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ապակայունութենէ եւ հակամարտութենէ անդին՝ Լեռնային Ղարաբաղ այլեւս պէտք է յիշուի խաղաղութիւնով ու զարգացումով։ Իր խօսքով, տարածքաշրջանը այլեւս պէտք է թեւակոխէ բնականոնացման գործընթացը։ Արդարեւ, այլեւս նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուած են տարածքաշրջանէ ներս համագործակցութեան եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ։
Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարներու հանդիպումը, որու աւարտին Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ նոյեմբերի 12-ին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած է Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը, որու նախապատրաստական աշխատանքներն ալ երէկ աչքէ անցուած են նախարարներու կողմէ։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Չավուշօղլու նշեց, որ Ատրպէյճան կարեւոր առաջարկներ ներկայացուցած է՝ տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ բոլոր կողմերու տեսակէտէ նպաստաւոր այդ հնարաւորութիւնները կ՚արժեւորուին բոլոր երկիրներու կողմէ։ Ըստ իրեն, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քանիցս շեշտած են իրենց փափաքը՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ։
Հարցումի մը պատասխանելով Չավուշօղլու յայտնեց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ իր միջեւ որեւէ հանդիպում ծրագրուած չէ։
«Սկիզբէն ի վեր մեր ամենամեծ փափաքը եղած է, որ պատերազմէն վերջ այլեւս տարածքաշրջանը դառնայ խաղաղութեան ու կայունութեան գօտի մը։ Ինչպէս գիտէք, այս ուղղութեամբ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրել։ Տակաւին Հայաստանէն դրական պատասխան մը չէ եկած։ Ինչպէս միշտ, յառաջիկայ գործընթացին մէջ մեր հաւանական քայլերը պիտի համակարգենք Ատրպէյճանի հետ։ Միասին կ՚որոշենք ու միասին քայլ կ՚առնենք», յայտնեց Չավուշօղլու եւ յայտնեց, որ Էրտողան եւ Ալիեւ անմիջական կապի մէջ են ու կրնան մէկտեղուիլ՝ երբ որ փափաքին։