ՊԱՔՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՍՊԱՍՄԱՆ ՄԷՋ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին՝ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ էլ Թանիի հետ հանդիպման ընթացքին։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ Պայրամովի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Պաքու համաչափ պատասխան պիտի տայ Երեւանի կողմէ առնուելիք իւրաքանչիւր դրական քայլին՝ կապուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին։

Ըստ Ճէյհուն Պայրամովի, Ատրպէյճան կողմնակից է յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աստիճանաբար կարգաւորելու՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։ Ան չափազանց կարեւոր համարեց հնարաւորինս արագ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկսիլը եւ համապատասխան խնդիրներու լուծուիլը։ Ատրպէյճան ուշադրութեամբ կը հետեւի այս ուղղութեամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն։ «Այստեղ իւրաքանչիւրը կրնայ վստահ ըլլալ, թէ հակառակ կողմի իւրաքանչիւր դրական քայլը մեր կողմէ համաչափ արձագանգ պիտի ստանայ եւ դրական քայլերու պիտի ձեռնարկուին մեր կողմէ», ըսաւ Պայրամով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021