ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերու գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-ամերիկեան երկխօսութեան զարգացման թափին կապակցութեամբ՝ յատկապէս կարեւորելով ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի հարցերուն շուրջ համագործակցութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան եւ Քերըն Տոնֆրիտ կանգ առին նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս ձեռնարկուելիք քայլերուն վրայ։
Կողմերը անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան շրջանակներէն ներս։ Անդրադառնալով Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Արարատ Միրզոյեան առաջնահերթ համարեց Ատրպէյճանի մէջ պահուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը։
Հարկ է նշել, որ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը օր մը առաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Նախընթաց օր Ճէյհուն Պայրամով յայտնած էր, որ Երեւանէն դրական ազդակներ կը յղուին Պաքուին, սակայն անոնք զուտ խօսքի մակարդակին վրայ պէտք չէ մնան։ Այդ յայտարարութիւնը համընկնած էր Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու մակարդակով ստեղծուած աշխատանքային խումբի Մոսկուայի վերջին հերթական ժողովներուն հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի իշխանութիւնները այս փուլին չեն մեկնաբաներ, թէ ի՛նչ դրական ազդակներ կը յղուին Ատրպէյճանին։
Մինչ այդ, կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ դիտել կու տան, որ այս շրջանին Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնը կ՚աւելնայ Երեւանի նկատմամբ։