ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆԻՆ

Երկար ընդմիջումէ մը ետք, Կիպրոսի Համազգայինը 15 հոկտեմբերին վերսկսաւ իր մշակութային երեկոներուն, նոր տարեշրջանի առաջին երեկոն նուիրելով բանաստեղծ Համօ Սահեանին։

Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բանալով երեկոն իր ուրախութիւնը յայտնեց ու նշեց. «հաւատաւորեներու կողքին կան նաեւ նոր դէմքեր, ներկաներուն թիւը բարձրացնելով 54-ի»։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, ան բեմ հրաւիրեց Հայաստանէն վերջերս ժամանած Տոնարա Մարտիրոսեանը, ներկայացնելու համար Համօ Սահեանի կեանքն ու վաստակը։

Տոնարա Մարտիրոսեան նախ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց հայ մշակոյթի ու յատկապէս հայ գրականութեան կարեւորութեան ու արժէքին մասին, մէջբերելով մեծանուն գրագէտներու եւ արուեստագէտներու խօսքերը, ապա անդրադարձաւ Համօ Սահեանի կեանքին ու գործին, մէջ ընդ մէջ արտասանելով բանաստեղծին ստեղծագործութիւններէն։ Մարտիրոսեանի խօսքի ընթացքին արտասանեցին նաեւ պարմանուհիներ Մարիամ Խաչատրեան եւ Նելլի Շահբազեան։

Ապա բեմ ելան «Նարեկ» վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք երաժիշտ-ուսուցչուհի Լիլիա Խաչատրեանի ղեկավարութեամբ ու բարձր մակարդակով երգեցին «Մեր լեզուն», խօսք՝ Համօ Սահեանի եւ երաժշտութիւն՝ Սասուն Պասկեւիչեանի։ Յայտագիրը փակուեցաւ քաղցրահունչ ելոյթով պարմանուհի Մանէ Աւետիսեանի, որ մեկնաբանեց «Նայիրեան դալար բարտի» երգը, խօսք՝ Համօ Սահեանի, երաժշտութիւն՝ Գուսան Շահէնի։

Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ ու հաճոյքով հետեւեցան յայտագրին, Տոնարա Մարտիրոսեանի, Լիլիա Խաչատրեանի եւ «Նարեկ»ի աշակերտներուն ելոյթներուն նկատմամբ իրենց գնահատանքը արտայայտելով ջերմ ծափահարութիւններով։

Փակելով երեկոն, Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ Համազգայինի վարչութեան անունով խորհրդանշական փոքրիկ նուէրներ յանձնեց անոնց։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021