ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՓՐՈՖ. ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ՏԱԿ
Կեդրոնական վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ այս տարի Նոպելեան բժշկանան մրցանակին արժանացած երկու գիտնականներուն՝ փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեանի եւ փրոֆ. Տէյվիտ Ճուլիուսի մասին։ Այս ձեռնարկով անոնք ձեւով մը մեծարուեցան թէեւ առանց իրենց մասնակցութեան։ Վարժարանի գիտական ակումբի սաներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Տղաքը վերահասու դարձան երկու գիտնականներու կողմէ մարդկութեան մատուցուած ծառայութեան մեծ նշանակութեան։ Անշուշտ, իրենց տեսակէտէ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ հանգամանք մըն էր՝ Արտեմ Փաթափութեանի հայ ըլլալը։ Բաւական այժմէական իրադարձութեան մը ձօնուած այս ձեռնարկին ժամանակ Կեդրոնականի պատմական սրահին մէջ տղաքը տարրական պատկերացում կազմեցին մրցանակակիր այս երկու գիտնականներու կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։
Այս յատկանշական ձեռնարկը աւելի ուշ ընկերային ցանցերու միջոցաւ ալ հեռարձակուեցաւ հետաքրքիրներու համար։