ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 114-րդ տարեդարձը եւ թերթիս դիմագրաւած լինելութեան մարտահրաւէրները ստեղծած են լայն արձագանգ։ Թէ՛ մեր համայնքային շրջանակներէն եւ թէ արտասահմանէն օրերէ ի վեր մեզի կը հասնին շնորհաւորութեան ու զօրակցութեան պատգամներ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր» օրաթերթի պատուարժան խմբագրութեան կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին յղուած շնորհաւորականը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Յարգարժան խմբագրութիւն
«ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի
Սիրելիներ,
Ուրախութեամբ, այլեւ խոր մտահոգութեամբ կարդացինք ձեր երէկուան թիւին խմբագրականը։ Կ՚ուզենք մեր ջերմագին բարեմաղթանքները փոխանցել թերթիդ տարեդարձին առիթով։ Մեր մաղթանքն է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շարունակէ ըլլալ թրքահայութեան բազկերակը, անոր ազգային ինքնութեան եւ հայեցի կրթութեան կռուաններէն մէկը, այնպէս ինչպէս վերապահուած է հայ մամուլի բոլոր սպասարկուներուն։
Ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարելու մաղթանքով, վստահ ենք որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներն ու ձեր մարտնչող համայնքը պիտի շարունակէ ոտքի պահել թերթի աւանդը ու սատարել անոր յարատեւման։
Ջերմագին բարեւներով եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններով,
«ԱԶԱՏ ՕՐ» օրաթերթ