ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Սուտ»ը կը կա­յա­նայ սխալ բան մը ը­սե­լու մէջ՝ խա­բե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։ Ուս­տի սու­տին մէջ ճշմար­տու­թիւն չի գտնուիր։ Սու­տը, այս ի­մաս­տով, ճշմար­տու­թեան դէմ ա­մե­նէն մեծ եւ ուղ­ղա­կի թշնա­մին է։ Ուս­տի ստա­խօ­սու­թիւ­նը՝ ճշմա­րու­թեան դէմ խօ­սիլ կամ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, գոր­ծել է՝ մարդս սխա­լի ա­ռաջ­նոր­դե­լու նպա­տա­կով։ Ճշմար­տու­թեան եւ իր շուր­ջին­նե­րուն հետ մար­դուն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րե­լով եւ վնա­սե­լով՝ սու­տը մար­դուն եւ ա­նոր խօս­քին Աս­տու­ծոյ հետ ու­նե­ցած հիմ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թեան ան­հա­ւա­տար­մու­թիւն կ՚ը­նէ։

Ճշմար­տու­թեան դէմ է, ը­սինք, սու­տը, ա­պա ու­րեմն իր բնու­թեամբ իսկ դա­տա­պար­տե­լի է սու­տը։ Ան սրբապղ­ծու­թիւն մըն է խօս­քին՝ որ ճշմար­տու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րուն հա­ղոր­դե­լու եւ փո­խան­ցե­լու մի­ջոց մըն է։ Ճշմար­տու­թեան հա­կա­ռակ խօս­քե­րով ու­րիշ­ներ սխա­լին ա­ռաջ­նոր­դե­լու, այ­սինքն խա­բե­լու դի­տում­նա­ւոր ա­ռա­ջադ­րան­քը, կը գո­յաց­նէ «թե­րա­ցում մը ար­դա­րու­թեան» եւ ընդ­հան­րա­պէս մար­դա­սի­րու­թեան դէ՛մ։ Յան­ցա­ւո­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ ծանր է, երբ խա­բե­լու դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը կրնայ ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, մեծ վնաս­նե­րու ա­ռիթ տալ ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք շե­ղուած են ճշմա­րի­տէն։

Սու­տը, քա­նի որ բռնա­բա­րում մըն է ճշմար­տա­խօ­սու­թեան եւ ուղ­ղամ­տու­թեան ա­ռա­քի­նու­թեան, ու­րի­շին վրայ գոր­ծուած իս­կա­կան բռնու­թիւն մըն է։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ար­գի­լուած է ա­մէն բա­րո­յա­գի­տա­կան եւ կրօ­նա­կան դրու­թեան մէջ։ «Գո­ղու­թիւն մի՛ ը­նէք. սուտ մի՛ խօ­սիք եւ ի­րար մի՛ խա­բէք։ Եւ իմ ա­նու­նովս սուտ տե­ղը եր­դում մի՛ ը­նէք…» (ՂԵՒՏ. ԺԹ 11-12)։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ ստա­խօ­սու­թիւ­նը հա­մա­զօր է գո­ղու­թեան, քա­նի որ ան, կեր­պով մը ճշմար­տու­թեան գո­ղու­թիւն կ՚ը­նէ, ճշմա­րի­տը կը գող­նայ, գող­ցուա­ծին տեղ կը թո­ղու սու­տը եւ սխա՛­լը։ Նոյ­նի­մաստ են Ա­ռա­քեա­լին խօս­քե­րը, երբ կ՚ը­սէ. «Սուտ մի՛ խօ­սիք ի­րա­րու…» (ԿՈ­ՂՈՍ. Գ 9)։ Իսկ Յի­սու­սի խօս­քը յստակ կեր­պով պա­տուի­րան մըն է՝ ճշմա­րի­տը, շի­տա­կը խօ­սե­լու. «Ձեր ա­յոն թող ա­յո ըլ­լայ, իսկ ո­չը՝ ո՛չ»։ Յա­րա­փո­փոխ նկա­րա­գի­րը ստա­խօ­սու­թեան շար­ժա­ռիթ­նե­րէն մին է՝ ան որ զօ­րա­ւոր եւ կա­յուն նկա­րա­գիր չու­նի, հա­կա­մէտ է սուտ խօ­սե­լու՝ խա­բե­լու եւ սխա­լին ա­ռաջ­նոր­դե­լու իր շուր­ջին­նե­րը եւ ա­մէն ա­նոնք, որ կեր­պով մը յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կած են ի­րեն հետ։ Ու­րեմն ստա­խօ­սու­թիւ­նը բնա­ւո­րու­թիւն մը՝ նկա­րագ­րի հե­տե­ւանք մըն է։

Սու­տը իր սեր­մին մէջ կը բո­վան­դա­կէ «մտքե­րուն պա­ռակ­տում»ը եւ ա­նոր յա­րու­ցած բո­լոր չա­րիք­նե­րը։

Սու­տը կը քան­դէ ամ­բողջ վստա­հու­թիւ­նը մար­դոց մի­ջեւ եւ կը պատ­ռէ, կը վնա­սէ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ներ­դաշ­նակ հիւ­սուած­քը։ Ան մար­դը կը խո­ցէ, կը վի­րա­ւո­րէ ճա­նա­չու­մի իր կա­րո­ղու­թեան մէջ՝ որ նա­խա­պայ­մա՛նն է ա­մէն դա­տու­մի եւ ո­րո­շու­մի։

Այս պատ­ճա­ռով ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան դէմ գոր­ծուած ա­մէն յան­ցանք «հա­տու­ցու­մի պար­տադ­րու­թիւնն ու պար­տա­կա­նու­թիւն»ը կը ստեղ­ծէ, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոր հե­ղի­նա­կը «նե­րուած» է։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ «սուտ»ը ո՜ր­քան ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ եւ «ստա­խօս»ին նե­րել՝ ո՜ր­քան ըն­կե­րա­յին մեծ ա­ւեր­ներ ու քան­դում­նե­րու պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ։

Կ՚ը­սեն, որ «սուտ» մը սկիզ­բը կրնայ ըլ­լալ բազ­մա­թիւ սու­տե­րու, ի­րա՛ւ է, քա­նի որ սուտ մը կը ծնի հա­րիւ­րա­ւոր նոր սու­տեր եւ սու­տը կ՚ա­ճի ու կը բազ­մա­նայ սու­տով։ Սու­տին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր սնուն­դը «սո՛ւտ»ն է՝ որ կը տրուի ստա­խօս սիր­տե­րէ բխած լե­զու­նե­րու մի­ջո­ցով։ Սու­տը մա՛յրն է բազ­մա­թիւ սու­տե­րու եւ ան­շուշտ ու­րիշ շա՜տ մը յան­ցանք­նե­րու, մո­լո­րանք­նե­րու եւ մո­լո­րու­թիւն­նե­րու։

Այս իսկ պատ­ճա­ռաւ ե­թէ նոյ­նիսկ ներ­սի շատ մը յան­ցանք­ներ, եւ ե­թէ ա­նոնց սկիզ­բը ե­ղած է «սուտ»ը, զգոյշ ըլ­լալ պէտք է՝ գո­նէ չմոռ­նալ խօ­սուած սու­տը, ը­սենք՝ պահ մը զանց առ­նել, բայց միշտ զգոյշ ըլ­լալ սու­տին եւ ստա­խօ­սին հան­դէպ։ Ը­սինք, որ «ստա­խօ­սու­թիւն»ը նկա­րա­գիր մըն է, եւ քա­նի որ նկա­րա­գի­րը փո­խել շատ դիւ­րին գործ չէ, ու­րեմն «ստա­խօ­սու­թիւն»ն ալ դժուար է փո­խել «ճշմար­տա­խօ­սու­թեան»։

­Մարդս, ու­րեմն պէտք է վե­րա­պա­հու­թեամբ մօ­տե­նայ ա­նոնց՝ ո­րոնք ան­գամ մը սուտ խօ­սած են, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­նոնք «ստա­խօս» նկա­րա­գրի մը նշա­նը ցոյց տուած են։ Ո՞վ կրնայ ը­սել, որ ինք «ճշմար­տա­խօս» է, երբ ան­գամ մը սուտ խօ­սած է։ Ան իր մէկ սուտ վկա­յու­թեամբ ար­դէն յայտ­նած է իր հա­կու­մը՝ բնա­կան մի­տու­մը կամ ձգտու­մը, տրա­մադ­րու­թիւ­նը սու­տին։ Եւ ինչ­պէս որ «ճշմար­տա­խօ­սու­թիւն»ը եւ «ուղ­ղամ­տու­թիւն»ը նկա­րա­գիր են, «ստա­խօ­սու­թիւն»ն ալ նկա­րա­գի՛ր է՝ ան­փո­փո­խե­լի…։

«Սուտ խօ­սե­լու հար­կադ­րուիլ» եր­բեք ար­դա­րա­ցում մը չէ՛ ստա­խօու­թեան, սու­տը ստի­պու­մով, պար­տադ­րու­թեամբ՝ ար­տա­քին պայ­ման­նե­րէ չի՛ գո­յա­նար, այլ սրտէն կու գայ, ներ­սէն կը բխի, քա­նի որ ինչ­պէս ը­սինք, ստա­խօ­սու­թիւ­նը նկա­րա­գիր մըն է եւ մար­դուս նե­րաշ­խար­հին հետ ա­ռըն­չուած է։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ ար­դա­րա­ցու­ցիչ սուտ չ՚ըլ­լար, սու­տի հա­մար ո՛չ մէկ պատրուակ ըն­դու­նե­լի է, քա­նի որ ճշմար­տու­թիւ­նը շե­ղեց­նել, խա­փա­նել ա­մե­նա­մեծ յան­ցանք մըն է՝ վի­րա­ւո­րանք մը մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ վստա­հու­թեան։

Ուս­տի «սուտ»էն վնա­սուո­ղին հա՛րկ է հա­տու­ցա­նել իր վնա­սը, բա­րո­յա­կան գո­հա­ցում տալ՝ յա­նուն մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ յա­նուն ճշմար­տու­թեա՛ն։ Այս հա­տու­ցու­մի պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը կը հա­յի նաեւ այն բո­լոր յան­ցանք­նե­րուն՝ ո­րոնք գոր­ծուած են ու­րի­շին՝ մարդ էա­կին վար­կին դէմ։ Եւ այս բա­րո­յա­կան եւ եր­բեմն ալ նիւ­թա­կան հա­տու­ցու­մը, պէ՛տք է գնա­հա­տուի ու գոր­ծադ­րուի գոր­ծուած վնա­սին հա­մե­մատ։

Այս գնա­հա­տան­քին ստու­գա­նիշն է, ա­մե­նէն յստակ չա­փա­նի­շը՝ խի՛ղ­ճը։ Եւ ար­դէն երբ խիղ­ճը գոր­ծել սկսի մար­դուս մէջ, ան եր­բեք սուտ չի՛ խօ­սիր։

Ու­րի­շին բա­րի­քը եւ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան կեան­քին հան­դէպ յար­գան­քը, հա­սա­րա­կաց բա­րի­քը կը պա­հան­ջեն ուղ­ղա­միտ եւ ճշմար­տա­խօս ըլ­լալ՝ չխա­բել, շե­ղում­նե­րու պատ­ճառ չըլ­լալ, մո­լո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ չըն­ծա­յել եւ փո­խան­ցել միշտ ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ. «Տէ­րը վեց բա­նէ կը զզուի ու Ա­նոր հո­գիին առ­ջեւ եօ­թը բան պիղծ են։ Ամ­բար­տա­ւան աչ­քեր, ստա­խօս լե­զու, ան­մեղ ա­րիւն թա­փող ձեռ­քեր, չար խոր­հուրդ հնա­րող սիրտ, չա­րու­թիւն ը­նե­լու հա­մար շուտ վա­զող ոտ­քեր, ստու­թիւն խօ­սող ա­նի­րաւ վկայ ու եղ­բայր­նե­րու մէջ կռիւ­ներ ցա­նող մարդ» (Ա­ՌԱԿ. Զ 16-19)։ Ուս­տի ստա­խօ­սու­թիւ­նը մար­դոց մէջ ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու եւ ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու, ա­տե­լու­թեան եւ թշնա­մու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, սէ­րը կը խա­փա­նէ, կը ցամ­քեց­նէ։

«Սուտ» շրթուն­քը Աս­տու­ծոյ զզուե­լի՛ է, բայց հա­ւա­տար­մու­թիւն ցոյց տուող­ներ Ա­նոր հա­ճե­լի են» (Ա­ՌԱԿ. ԺԲ 22)։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ ճշմար­տա­խօ­սու­թիւ­նը եւ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը «հա­ւա­տար­մու­թիւն» կ՚են­թադ­րեն, իսկ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ ազ­նուու­թի՛ւն։ Եւ, քա­նի կա՛յ ա­ռա­քի­նու­թիւն եւ ազ­նուու­թիւն, ա­պա ու­րեմն մար­դիկ ին­չո՞ւ կը նա­խընտ­րեն մո­լո­րու­թիւ­նը եւ մո­լու­թիւ­նը։ Մարդ­կա­յին տկա­րու­թի՜ւն եւ թե­րու­թիւն ա­հա­ւա­սիկ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 23, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015