ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԸ

Շաբաթ մը առաջ՝ շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ին, թատերական գործիչ Գրիշա Մնոյեանի հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեանի բեմադրած «Հեքիաթների աշխարհում» ներկայացման, որու ընթացքին յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի մահը», «Բարեկենդանը» եւ «Սուտասանը», որոնք թէեւ մանկական՝ կը հետաքրքրեն նաեւ մեծահասակները: Թումանեան ունի կախարդանք մը, որ տասնեամեակներ ետք, հակառակ բազմիցս կարդացած ըլլալուդ նո՛յն հաճոյքն ու հետաքրքրութիւնը կ՚առթէ:

Ներկայացումը՝ որ պատրաստուած էր ամենայն լրջութեամբ, տեղի ունեցաւ Էջմիածնի Հայ միասնութեան խաչի «Մաչանենց» թատրոնէն ներս, որուն առաքելութեան մասին ԺԱՄԱՆԱԿ անդրադարձած էր շաբաթ, 28 օգոստոս 2021-ի թիւին մէջ՝ Վարանդ Քորթմոսեանի վարած «Պատերազմը տարիք չի ճանչնար» խորագրեալ հարցազրոյցին ճամբով:

Բանասէր, բանահաւաք ու ազգագրագէտ Գարեգին Սրուանձտեանց 1876 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակած իր «Մանանայ» աշխատութեան 149-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Հեքիաթներու շարադրութեան մէջ միշտ կարգ մը կայ. ուղեւորութիւն հեռաւոր եւ անծանօթ աշխարհները, հրաշալի եւ ահռելի նկարագրութիւնք վայրաց եւ անձանց, դիպուածք, արկածք ի նենգութենէ ընկերաց կամ եղբարց, երբեմն եւս ի ծնողաց»: Սակայն Թումանեանի նշուած երեք հեքիաթներու պարագային Սրուանձտեանցի «հեռաւոր ու անծանօթ աշխարհներ»ը գոյութիւն չունին. անոնք երբե՛ք ալ երեւակայութիւն չեն, այլ հայելին են հայու կեանքին, որովհետեւ մե՛նք հայերս, բոլորս ալ որոշ չափով Կիկոսի ծնողները, բարեկենդա՛նն ու սուտասանն ենք եւ Թումանեան անոնց ճամբով ՀԱՅն է որ կը պատմէ:

Մենք յաճախ այն սխալ համոզումը կ՚ունենանք, թէ հեքիաթները պարզապէս առասպելական շինծու պատմութիւններ են. գրեթէ ամէ՛ն բառարան հեքիաթ բառը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով.- «Ժողովրդական պատմողական գրականութեան ձեւերէն մէկը՝ որ կը պատմէ մտացածին իրադարձութիւններու մասին՝ որոնց յաճախ կը միահիւսուի երեւակայական՝ կախարդական ոյժերու միջամտութիւն.  անհաւատալի՝ շինծու պատմութիւն» (Գնէլ Արք. Ճէրէճեան, «Հայոց լեզուի նոր բառարան», Պէյրութ, 1992 էջ 1231): Սակայն մեր վերլուծումով վերը յիշուած երեք հեքիաթները հեռո՛ւ են շինծու պատմութիւն եւ երեւակայթութիւն ըլլալէ. անոնց մէջ հայն է որ կ՚արտացոլայ:

Վերլուծենք անոնցմէ առաջինը.

ԿԻԿՈՍԻ ՄԱՀԸ

Մենք բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ունինք Կիկոս մը, նոյնիսկ՝ Կիկոսներ, որոնք ծնունդ չառած՝ կը մեռնին: Այդ Կիկոսը հայու ունեցած իղձերն են, երազներն ու բաղձանքները, մանաւանդ աղքատ ընտանիքներու մօտ: Թումեան կը յիշէ, թէ աղքատներ էին աշխարհ չեկած Կիկոսի հայրն ու մայրը, որոնք ուրիշ բան չեն՝ եթէ ո՛չ թշուառ հայորդիները, մանաւա՛նդ գաւառներու եւ գիւղերու մէջ:

Տարօրինակ է, թէ ինչո՞ւ համար աղջիկը հազիւ աղբիւրի մօտ կը հասնի կը սկսի մտածել «մարդու երթալ»ու մասին. ցաւ ի սիրտ, մինչեւ օրս Հայաստանի հեռաւոր գաւառներու եւ գիւղերու մէջ երիտասարդներ որպէս կեանքի միակ եւ վերջնական «նպատակ» կը տեսնեն ամուսնութիւնը եւ դժբախտաբար տակաւին գոյութիւն ունին ընտանիքներ, որոնք աղջիկ զաւակը որպէս «բեռ» կը տեսնեն եւ հետեւաբար փոքր տարիքէն կը պսակեն իրենց աղջիկները, որոնք զրկուած կրթութենէ եւ ուսումէ կեանքի բեռը կը ստաձնեն: Գացէ՛ք հեռաւոր գաւառներն ու գիւղերը եւ տեսէ՛ք թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք իրենց զաւակներով, ամուսինէ բաժնուած թշուառ կեանք մը կ՚ապրին:

Երեք քոյրերուն, մօր եւ հօր Կիկոսի մահուան առասպելին հաւատալը Հայաստանի մէջ ուսման պակասի պատճառով գոյութիւն ունեցող խաւարամտութիւնը ցոյց կու տայ եւ միւս կողմէ հայու ունեցած դէպի միամտութիւն հասնող բարութիւնն ու անխոհեմութիւնը, որուն պատճառով պատմութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ հարուածներ՝ անսալով հիմք չունեցող խօսքերու եւ խոստումներու:

Եւ վերջապէս հեքիաթը ցոյց կու տայ հայուն մեռելի հանդէպ ունեցած յարգանքն ու հիւրասէր ըլլալը. Կիկոսի ընտանիքը հիւրերուն դիմաց կը դնէ իրենց ունեցածն ու չունեցածը՝ «չորսոտնանին մի եզ» եւ «ունեցած փոշին էլ՝ մի քթոց ալիւր» ու կը կանչեն գիւղացիները, ծանօթներն ու բարեկամները: Այստեղ կը տեսնենք արտացոլացումը նաեւ հայկական աւանդութիւններուն, որոնցմէ է նաեւ Թումանեանի բառերով «քելեխ»ը, որ կը նշանակէ հոգեհաց:

Արեւմտահայ գրող, ուսուցիչ ու մանկավարժ Յակոբ Օշական կ՚ըսէ. «Քիչ անգամ հեքիաթը այն քան իրաւ տարրեր կը տրամադրէ արուեստագէտին» եւ Թումանեան ա՛յն քիչերէն է, որ կրցած է ճշմարտութիւնն ու հեքիաթը միաձուլել, իր անջնջելի դրոշմը ձգելով հայ գրականութեան մէջ:

Վարձքը կատար յիշեալ ներկայացման բոլո՛ր դերասաններուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՐԻԳՈՐ ՏԷՐ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

(1916-1981)

Մեր թուականէն 40 տարիներ առաջ՝ 5 նոյեմբեր 1981-ին Երեւանի մէջ մահացած է թատերագիր, արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Գրիգոր Տէր-Գրիգորեան:

Գրիգորեան ծանօթ է նաեւ Գիգի անունով. ծնած է 15 յունուար 1916-ին, Երեւանի մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի Քրուքսկայայի անուան ցուցադրական դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Արմաւիրի մարզի կեդրոն Հոկտեմբերեան շրջանին մէջ՝ 1931-1932 թուականներուն, ապա Երեւանի Աղասի Խանջեանի անուան դպրոցին մէջ՝ 1932-1934 թուականներուն միջեւ:

Գրիգորեան ժամանակ մը ետք իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար ընդունուած է Երեւանի  բազմարուեստեան հիմնարկի շինարարական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1939 թուականին: Այնուհետեւ որպէս ճարտարագէտ աշխատած է Ռուսաստանի եւ Երեւանի տարբեր գործարաններու մէջ. 1941-1946 թուականներուն պաշտօնավարած է ռազմական օդային յատուկ դպրոցին մէջ, սակայն ժամանակ մը ետք դարձեալ ուսանելու համար դուրս եկած է աշխատանքէն եւ 1947 թուականին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական կաճառի պատմութեան բաժինը: Նոյն թուականին՝ 1947-ին որպէս գիտաշխատող պաշտօնավարած է Գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքէն ներս:

Գրիգորեան 1951-1955 թուականներուն եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար, միաժամանակ վարելով «Գրական Թերթ»ի խմբագիրի պաշտօնը. 1955-1981 թուականներուն եղած է «Ոզնի» երգիծական հանդէսի խմբագիրը: Գրիգորեանի ստեծագործութիւններն ու պատմուածքները վերածուած են թատրերգութիւններու, ներկայացուելու համար Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ. անոնցմէ են՝ «Այս աստղերը մերն են», «Սոֆիկի սխալը», «Մեռնող Ֆլորա», «Ամէն ինչ կամ ոչինչ», «Գարնան անձրեւ», «Իմ սիրելի ժորժ...» եւ ուրիշներ: Ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած է գրողի «Սոֆիկի սխալը» պատմուածքներու ժողովածոն: Շնորհիւ իր վաստակին՝ Գրիգոր Տէր-Գրիգորեան արժանացած է «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն:

Այսօր անոր անունով կը կոչուի Երեւանի Զաքեան եւ Վազգէն Սարգիսեան փողոցները իրար միացնող փողոցը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021