ԱԼԻԵՒԻ ԽՕՍՔՈՎ՝ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՊԱԳԱՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԿԱԽՈՒՄ ՈՒՆԻ ԵՐԵՒԱՆԷՆ»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան անպատասխան թողած է իր երկրի կողմէ ներկայացուած՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու վերաբերեալ առաջարկը։ Պաքուի 8-րդ կլոպալ համաժողովին ժամանակ Ալիեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Պաքու շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է Երեւանին՝ սկսելու համար աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի վրայ։ «Մենք մտադիր ենք խօսիլ ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան մասին։ Սակայն, դժբախտաբար, այս առաջարկը ցարդ մնացած է անպատասխան», ըսաւ Ալիեւ, ըստ որու Ատրպէյճան առաջարկած է նաեւ սկսիլ Հայաստանի հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար։

«Այս բոլորը կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն, բայց, ցաւօք, այդ հարցը դեռ լուծուած չէ։ Ատրպէյճան առաւելագոյն կառուցողականութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ։ Պէտք է նայիլ դէպի ապագայ եւ ապահովել, որ ան ըլլայ կանխատեսելի, պէտք է պատրաստ ըլլալ լայնածաւալ համագործակցութեան։ Մեր դիրքորոշումը միանշանակ պարզ է։ Մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններու սկսիլ եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել։ Մենք կ՚ուզենք շրջել այս էջը եւ որոշել սահմանները, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանէն արձագանգ չկայ։ Կարելի է ըսել, որ ամբողջ տարի մըն է՝ կը լռեն։ Կը կարծեմ, թէ անոնք պիտի չկարողանան դիմակայել Ատրպէյճանի շինիչ դիրքորոշման», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ իրավիճակի ապագայ զարգացումը կախում պիտի ունենայ Երեւանի դիրքորոշումէն։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ Պաքու բաց է Երեւանի հետ զանազան մակարդակներով հանդիպումներ ունենալու համար։ Իր խօսքով՝ Պաքու երբեք չէ հրաժարած Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններէն։ Պայրամով չբացառեց ապագային նման հանդիպումներու հաւանականութիւնը։ Ան չբացառեց նաեւ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպումի մը հնարաւորութիւնը։ Յամենայնդպէս, առայժմ ոչ մէկ տեղեկութիւն այս մասին։ Երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատումով պիտի կարգաւորուին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ «Եթէ սա կը պահանջէ հանդիպումներ ունենալ, մենք բաց ենք անոնց համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումով պիտի շահին ո՛չ միայն տուեալ երկու երկիրները, այլեւ՝ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները։ Արդարեւ, 44-օրեայ պատերազմի աւարտին նոր հորիզոններ բացուած են տարածաշրջանէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման համար։

Պայրամով խօսեցաւ նաեւ Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ յառաջացած լարուածութեան։ Ան ըսաւ, որ որեւէ երկու երկրի միջեւ կրնան տարաձայնութիւններ ծագիլ։ «Այս պարագային Ատրպէյճան մարդասիրական քայլ մը առած է՝ Իրանին փոխանցուած են ձերբակալուած վարորդներն ու առգրաւուած ինքնաշարժները։ Ատրպէյճան միշտ հանդէս եկած է ի նպաստ հարցերու լուծման, երկխօսութեան, յարգանքի, յարաբերութիւններու, իրարու ներքին գործերու չմիջամտելու սկզբունքներուն վրայ։ Կը կարծեմ, թէ այս ուղղութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին։ Վերջին շաբաթներուն Իրանէն եւս հնչեցին դրական պատգամներ այս հարցին վերաբերեալ։ Մենք զանոնք կ՚ողջունենք ու մեր նպատակն է նախկինին պէս պահպանել դրական յարաբերութիւնները Իրանի հետ», ըսաւ ան։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հետ յառաջացած տագնապը յաղթահարուած է։ Այս հաստատումէն վերջ Ապտուլլահիան երէկ ալ յայտնեց, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը շարունակեն ընթանալ բարիդրացիական հունով։ Ըստ իրեն, որոշ հարցերու շուրջ կրնան կարծիքի տարբերութիւններ ըլլալ, սակայն կարեւոր է, որ երկու կողմն ալ լուրջ ցանկութիւն ունի խոչընդոտները յաղթահարելու համար։ 

Ի լրումն այս բոլորին, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիւեն ալ երէկ յայտնեց, որ Պաքու դիւանագիտական խողովակներով կը շարունակէ քննարկումները «3+3» ձեւաչափի ստեղծման շուրջ։ Իր խօսքով՝ այդ ձեւաչափը պիտի որոշէ տարածաշրջանէ ներս ապագայ համագործակցութեան ուղիները։ Այս պահուն հարցը կը քննարկուի դիւանագիտական միջոցներով եւ Ատրպէյճան, ընդհանուր առմամբ, կ՚ողջունէ այս գաղափարը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021