ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿՈՉ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ շարունակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ ԳՀԽ քննարկած է Հայաստանէ ներս համավարակի իրավիճակը, խոր մտահոգութեամբ ու ցաւով արձանագրած է վարակման ցուցանիշներու եւ անով պայմանաւորուած մահացութեան թիւերու աճը։ Այս առթիւ ԳՀԽ վերահաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիրքորոշումը, ըստ որու քորոնաժահրի դէմ պատուաստումը հոգեւոր վտանգ չի ներկայացներ։ Կարեւորուեցաւ, որ համավարակի ներկայ պայմաններով անձնական ազատութիւնը խստօրէն համադրուի հանրային պատասխանատուութեան հետ՝ չվտանգելու համար սեփական եւ այլոց կեանքերը։ Բարձր գնահատանքով արձանագրուեցաւ բժիշկներու եւ բժշկական համակարգի աշխատողներու՝ մարդկային կեանքեր փրկելու ուղղեալ նուիրական ծառայութիւնը։

ԳՀԽ անհրաժեշտ համարեց նաեւ, որ առողջապահութեան ոլորտի պատկան մարմինները միջոցներու ձեռնարկեն պատուաստման օգտակարութեան եւ հետեւանքներու վերաբերեալ հակասական տեղեկութիւններու տարածումը կանխելու ուղղութեամբ՝ համավարակի դէմ պայքարի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար։

Ժողովականներուն կողմէ վերստին կոչ ուղղուեցաւ՝ պահպանել կանխարգելիչ բոլոր միջոցները համավարակի յաղթահարման համար։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021