ԱԿՆԱՅ ԵՐԳԻՉԸ . ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

15 նոյեմբեր 1955 թուականին կը մահանայ հայագէտ, խմբագիր, գրող եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան: Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն աշխատակցած մտաւորականը իր անխախտ հետքը ձգած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, գործելով ոչ միայն Պոլիս, այլ նաեւ՝ Լիբանան: Հնագոյն մամուլին մէջ ցրուած են անոր յօդուածները: Թերթելով հայրենի գիտնական Պախտիար Յովակիմեանի «Հայոց ծածկանուններու բառարան»ը, կը տեսնենք, թէ Թորոս Ազատեան ի՛նչ զանազան ու հետաքրքրական գրչանուններ գործածած է իր գրութիւններուն տակ: Ան հանդէս եկած է Ազատ, Թ. Ազատունի, Ասեղ, Արմէն-Փայլակ, Գրասէր, Զարթուցիչ, Թղթակից, Հրայր, Մոծակ, «Նոր Լուր»ի Դէտը, Տաթեւացի, Ուխտաւոր ծածկանուններով:

Իր գրական երկերէն զատ Ազատեան հրատարակած է շարք մը պատմական յիշատակարաններ, որոնցմէ ծանօթ են «Յոբելենական յիշատակարան Բերայի աղքատախնամին (1861-1927) եւ դարմանատան (1897-1927)», «Յիշատակարան ուսուցչաց օգնութեան սնտուկի երեսնամեայ գործունէութեան 1900-1930», «Հարիւրամեայ յոբելեան Պէզճեան մայր վարժարանի, Գում Գաբու: 1830-1930», «Պատմութիւն Էսաեան վարժարանի: (Յիսնամեայ յիշատակարան)», «Ընդարձակ տարեցոյց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի (զանազան տարիներու)», «Յուշամատեան Գարակէօզեան Ազգային որբանոցի (Շիշլի), 1913-1948», «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 40-ամեակը», «Արմաղան»ը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 15-ամեակի առթիւ (որ պատրաստած է Մարտիրոս Գօչունեանի հետ) եւ այլն:

1927 թուականէն սկսեալ լոյս ընծայած է «Աղբիւր անմահութեան» բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ։ 1931 թուականին հրատարակած է Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան նուիրուած երկհատորեակը։

Բայց եւ այնպէս, Թորոս Ազատեան կը յիշուի նաեւ Ակն քաղաքի մասին գրուած իր գիրքերով, յուշագրութիւններով եւ գեղարուեստական գործերով:

«Ակն եւ ակնցիք», «Ակն. նիւթեր իր մշակոյթի ու պատմութեան համար» եւ ուրիշ աշխատութիւններէ զատ ան հրատարակած է «Քառասնակ»ը՝ (Պոլիս, 1930) Արշակ Չօպանեանի շքեղ յառաջաբանով եւ հայ գեղանկարիչ Մելքոն Քէպապճեանի նկարազարդումներով:

«Ահա՛ գիրք մը, հայրենասիրական բարեպաշտութեան ջերմեռանդ զզացումով ու արուեստագէտ բանաստեղծի նուրբ մատներով հիւսուած, զոր, ինչպէս երբեմնի Ակնցի տիկիններուն բանած թանկագին ծածկոյթները՝ տաճարներու խորանին իբր զարդ եւ իբր սրտի տուրք ընծայուած, հեղինակը կը նուիրէ հայրենիքի յիշատակներու հոգեկան մշտականգուն սրբազան խորանին»,Ակնը փառաբանող գիրքին եւ անոր հեղինակին մասին վերջաբանի աւարտին կը գրէ Արշակ Չօպանեան:

Իր անմահական ջուրերով ու ուխտատեղիներով յայտնի Ակնը Ազատեանի գրիչով վերակենդանացած է, եւ անոր գրութեան մէջ կարծես կը քչքչան Ակնայ աղբիւրները: «Քառասնակը ընթերցելիս նման վայելք է, որ կը ձգէ 90 տարիներ առաջ ստեղծուած գիրը…»: Կը ներկայացնենք գրութենէն բաժին մը՝ «Քառասնակ» խորագրով:

ՔԱՌԱՍՆԱԿ

Արուս Ազատեանին

Աղբիւներուն ամենէն սիրելին: Իր քառասուն ակերը՝ մէկ կարգի, կը բխին աւանդութեան ժայռէն, յօրինելու համար անանուն պարը լուսեղէն ձեւերու…

Ես ունկնդրած եմ անոնց երգին, ինչպէս դիւթական քնարի մը, ու լուռ երազած՝ դիտելով մեղմօրէն ծփալը անոնց լարերու մետաքսին, զոյգ մը քարէ աւազաններու մէջ:

Բոլորակաձեւ այդ աւազաններուն շուրջը, հնօրեայ թթենիի մը ստուերներուն տակ, նոր ճլտորիլ սկսած պատանեակներ, յաճախակի էր մեր ներկայութիւնը ամենէն համով խրախճանութիւններուն: Գիւղին ճիշդ դէմը կ՚իյնան անոնք, Քառասնակի ջուրերը, ու ժայռին վրայէն, նշանատախտակի մը գրերուն պէս, յստակութեամբ կը կարդացուին:

Մանաւանդ այն առտուներուն, որ Տաղաւարներ կը լուսցնեն սովորաբար, առինքնող փայլ մը կը ստանան անոնք, երբ, հանդիպակաց վրանները, թթենիին ստուերներուն տակ, կուտ ուտող աղուընակներու սպիտակ տեսիլը կը նկարեն տղու մեր չարաճճի աչքերուն:

Տղայ ծնիլ, մեծնալ գեղին մէջ ազատ, ու հանդուրժել, լռեցնել իր քայլերը, որպէս զի անոնք հրաժարին, զրկեն քեզ օրուան ուրախութիւններէն: Կարելի չէր հաւատալ այդ բանին:

Պարտէզներու կռնակն ի վեր, նեղ ու ձիգ արահետներ կը բարձրանան, գրեթէ աննշմար: Անոնք ոչ ոքի պատմած են մեր ասպատակութիւնները՝ հանդէ հանդ: Խմբով կը բարձրանանք այդ արահետներէն ու Տախտակէ Վանքէն, Կովկուլի սարին ստորոտէն կը մօտիկնանք փլած փլփլած ցանկապատի մը, ուրկէ կարելի կ՚ըլլայ մեր ակնարկը շեշտակի սեւեռել Քառասնակի ջուրերուն եւ աւազաններուն: Վրաններու գոյնզգոյն կազմածը, եկուորներուն հագուստ-կապուստը մեզի կ՚ըսեն անունը քաղաքին ջոջ տուներէն մէկ քանիին: Մեր ականջներուն խորթ ու գրեթէ անհասկնալի կը մնայ անոնց ճաղատ ու ծերունի բարբառը:

Տեսակ մը հետաքրքրութեամբ է որ կը հետեւինք անոնցմէ իւրաքանչիւրին շարժուձեւերուն, ու կը ծիծաղինք մանաւանդ տղամարդերու ապարօշին եւ անոնց մլրատուած փէշերուն վրայ:

Կը ջանանք որ բան չվրիպի մեր ակնարկներէն: Արեւելք նայող քարերը, մատաղ գառնուկներու արիւնովն օծուած, վարդագոյն, թեթեւ մուխ մը կը բարձրացնեն դէպի վեր: Ժայռին գոգաւոր քղանցքներուն ներքեւ, մեկուսի, գինիին փարչերն ու մրգերուն փայտէ քաղլակները ճիտ ճիտի կը քնանան: Վարի անկիւնը, մեծ ու պզտիկ խալկինները կը գբռտան եւ իրենց աղմուկը, վիրաւորանքի մը պէս, կը խառնեն ջուրերու միօրինակ երաժշտութեան: Մէջտեղը, թթենիին վար հակած ճիւղերէն մէկուն վրայ զիրար կը խաչաձեւեն երկար փողերը որսի հրացաններուն: Ատենը մէյ մը, պատգամի պէս կը լսուի վրնջիւնը լերան ոտքին արածող ձիերուն:

Քառասնակի ժայռին մեծութեամբ հարթ գետին մը կը պառկի ջուրերուն առջեւ, եւ իր ծաղկուն բարունակով կը գրկէ զոյգը աւազաններուն: Տժգոյն, քօղաւոր հարսեր հնչեցնելով իրենց զարդոսկիներուն շարիշար նուագը, վրաններէն դուրս կը կրեն գորգերն ու ընտիր մետաքսէ բանուած բարձերը, զանոնք տեղաւորելու համար աւազանները ակերէն բաժնող առուակին երկու եզերքներուն վրայ: Այդ առուակին արծաթին մէջ կանուխէն խորասուզուած են արդէն զմրուխտի ու լելակի գոյն օղիի շիշերը՝ քով քովի, որոնք երբեմն ջուրի հոսանքէն տարուելով կը բախին իրարու, առանց սակայն փշրուելու:

Մեր կռնակի լերան ծայրէն կ՚սկսին հոսիլ արեւուն առաջին ճառագայթները: Միջօրէին միայն անոնք կրնան թափանցել այդ տեղերը, այնքան բարձր է իրենց ճամբան, մագլցելու համար սուր գագաթներէ վեր:

Վրաններէն ներս ու վրաններէն դուրս տեսնուած պատրաստութիւններէն յայտնի է որ կը մօտենայ ժամը օրուան խնջոյքին: Գիրքի ու գիրի տղաքը կը վերադառնան հետզհետէ իրենց շրջագայութիւններէն: Ոմանք կանգնած կամ նստած առուեզերքին, որ կանանչ գօտիի մը պէս կ՚երկարի մինչեւ Աստուծոյ Ձգած Քարը, իրենց ակնարկը ձգած են հեռաւոը գեղեցկութիւններուն վրայ, առաջին անգամ տեսնողի մը պէս, անոնցմէ գրաւուած:

Ակնայ ամբողջ ձորը, իր շուրջի գիւղերով, մաքրուած եւ աղուորցած է առտուան լոյսերէն. ամենէն հեռաւոր իրերը կարծես դարձած են տեսանելի ու հաղորդական:

Գորշ կանաչութիւն մը կը պարուրէ Բերդի Քարէն մինչեւ Գոչան երկարող լեռներու շղթան, որուն սեւեռուն գագաթները կարծես անվերջ երկինքն ի վեր կը վազեն: Այդ լեռներէն հսկայ ապառաժ մը վար իջած, կը սպառնայ քաղաքին: Անիկա զսպուած է թէեւ շղթաներու մէջ, ինչպէս մահապարտ մը, սակայն անոր անխուսափելի ձերբազատումին մղձաւանջը իր ճամբուն երկայնքը բնակող մարդոց սիրտը լեցուցած է ահով ու սարսափով:

Քաղաքը պարսպող լեռներէն անդին շարունակ կը վառի սպիտակ կատարը Մնձուրի, որուն սլացքը կարելի չէ սահմանել. այնքա՛ն մխրճուած է կապոյտին խորը:

Ինծի համար, ամենէն խռովիչը այդ շքեղութիւններուն, այն քնքոյշ ոլորտն էր, զոր Եփրատը կը պարզէր հեռուն, կանաչներու գիրկէն, նուագարանի մը ողորկ գալարափողերուն պէս լսելի ընելով իր թաւ ու տիրական ձայնը…

Ժամանակը չի բաւեր, մեր սիրտերուն մէջ ամբողջովին կարենալ տեղաւորելու համար ոսկի պարունակը այդ տեսիլներուն, վասն զի, նուագներուն ձայնը յանկարծ կը տիրէ Քառասնակի մթնոլորտին, ընդհատելով մեր լռին յափշտակութիւնը:

Ջութակներու առաջին աղօթքը կը բարձրանայ վանկ վանկ, հետզհետէ քաղցր ելեւէջներով, ու ինծի այնպէս կը թուի, թէ մեր հոգիներուն տարօրինակ քնարն է, որ կը թրթռայ վերացումի եւ արբեցութեան այդ պահուն…

Ակերուն ու աւազաններուն մէջտեղ, առուին եզերքը խնջոյքը բացած է իր հարուստ թեւերը: Այրերը զատ, կիները զատ: Քիչ մը վարով, մետաքս բարձերուն վրայ նստած են գեղին նուագածուները, կ՚երգեն ու կը նուագեն: Անոնց վրայ կը հոսի դափերուն զիլ համերգը, ջրվէժի մը պէս: Ու ահա այս անգամ նոր հարսերուն սրտէն է որ կը բխի ամենէն սրտառուչը Անտունի երգերուն: Այդ յուզիչ եղանակները կը լուան կոյս արիւնը անոնց կեանքի քերթուածին.

Սազիմ ոսկունքէն սեղան,
Հաւ խորվիմ կաքաւն ի վրան.
Շընիմ արծըթէն խէտէհ
Նըռան հատ գինին ի վրան:
Խըմէ ուր, ըսիմ անուշ,
Անտունի մ՚ըսիմ ուշէ ուշ,
Ընչեխ անտունի մ՚ըսեմ
Ուր թնտայ խէտէհն ի ափիտ:
Խէտէհն ի ափիտ թնտայ,
Սռմա թել պեխերն՝ երեսիտ,
Սէրը սիրողին վայլէ,
Աս գինին անուշ խմողին:

Փալփլուն հողէ փարչերը մէկիկ մէկիկ կու գան սեղանին վրայ թափելու իրենց ոսկին ու իրենց փրփուրին ծիրանին: Մեր մանկական հոգիները, ջութակներուն ու դափերուն հրդեհին մէջէն, կ՚արբենան հարսնուկներուն ձայնը, որ լոյսէ անօթի մը պէս կ՚երկարի նաեւ աղջիկներու համր շրթունքին, յուզելու համար անոնց սիրտերը:

(Հիմա՛յ է որ կը թափանցեմ այդ սիրտերու անանուն խռովքին: Հիմա՛յ է որ կը տեսնեմ վառ ու կարմիր շուշանը՝ տժգունած՝ անոնց չհամբուրուած այտերուն վրայ:

Ու տակաւին հիմա՛յ կը զգամ ջերմութիւնը սարսուռին, երազի մը չափ քաղցր ու գորովագին, պլլուած տղու հոգիիս. ...)

Հարսերուն սիրերգը կը բարձրանայ «արծըթէ» խէտէհներէն: Վայրկեան մը թօթափած իրենց հոգին այն կրակէ պատմուճանէն, զոր կարօտը, իրենց տարակայ խարիպին կարօտը զգեցուցեր է, թոյլ կու տան անոնք որ շիջի անտեսանելի բոցը իրենց շրթունքներուն. կը պաղատին լեռներուն.

Ցածցի՛ք լեռներ, ցածցի՛ք, վրանուդ օսնիմ...
ու կը բաղձան զովութիւնը զուլալ «աղբիր»ներուն.
Խարիպըս ո՛ր ճամբով երթայ,
Ես անոր ճամբեկ պիտէի.
Որ աղբիր ուր ջուր խմէ,
Ան ջրին ակնեկ պիտէի.
Ցածնար ան ջըրէն խմէր,
Ես ալ իմ մուրատս առնէի…

Համբուրելի է վայրկեանը, որուն ազդեցութեանը տակ, ամենէն դեգ ծնողներն անգամ կ՚արտօնեն իրենց ջահելները, որպէս զի անոնք երգեն, պարեն, սանկ քիչիկ մը բացուին, օր արեւ տեսնեն…

Կաթսաները կ՚եռան անդադար, շամփուրները կը կարմրին ու կը ճերմկին, գոյն գոյն սրուակներն ու փարչերը կու գան ու կ՚երթան:

Քառասնակի ժայռին կատարներուն վրայ, կաքաւներ թառ իջած կը կարգճեն. հպարտ է անոնց կեցուածքը: Ես տեսայ գուռերու արծաթին վրայ փրփուրը անոնց մատաղ արիւնին, «ոսկունքէ սեղան»ին համար:

Հոս կ՚ընդհատի երգը Քառասնակի աղբիւրներուն: Անոնց ջուրերուն մօտ եւ աւազաններուն շուրջը, հիմայ լռութիւնն է որ կը հեծէ յաւիտենական լարերով, եւ այդ ուրախութիւնները պարփակող վայրերուն վրայ մեկնողներուն հոգին կը թեւածէ ծանր ու կապարագոյն աղջամուղջի մը պէս...

Ինչպէս երկուորեակ հայելիներ, Քառասնակի աւազանները կ՚երազեն դարձեալ հոն, թթենիին ստուերներուն ներքեւ: Ու ամէն Տաղաւարի երբ երկինքին լոյսերը կը ցոլան անոնց մէջ, երկու անօրինակ աստղեր կը ծնին այդ ջուրերէն եւ արնագոյն ճառագայթներ կ՚արձակեն դէպի վեր… Իրենց յատակէն երկու ծորակ դուրս կ՚ելլեն, ջուրերուն կարմիր փրփուրը տանիլ յանձնելու համար սարալանջի վայրի գեղեցկութիւններուն: Դուրս կու գան անոնք, հարուստ կանաչի մը խորէն, ու կ՚երթան դէպի պարտէզները Վերի հանդին, ուր տեղ, բարտիները մշտավառ կերոններու սլացիկ ու քումայթ պատմուճանը կը հագնին, առտուան մէջ, իրիկնադէմի պահերուն ու լուսնի լոյսով: Անոնք կը վառին, մինչդեռ աղբիւրներուն խմբերգը, ծիրանի գօտիի մը պէս, մեղմօրէն կ՚իյնայ, նրբաստուեր. պայծառութեան մը մէջ մեռնելու...

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021