ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Տարիներ առաջ երկար տարիներու կուսակցական ու յեղափոխական անցեալ ունեցող անձնաւորութիւն մը իր կեանքի յուշերէն կը պատմէր. պատմածները պատմական ինչ մեծ արժէք կը ներկայացնէին: Փափաք յայտնեցի, որ օր մը ինք պատմէ եւ ես գրի առնեմ իր յուշերը: Համաձայն էր առաջարկին. իր խօսքերով «օր մը» պիտի ընէինք: Անսպասելիօրէն մահացաւ ու իր հետ տարաւ գաղութի մը ամբողջ պատմութիւնը, որոնք «օր մը» գրի պէտք է առնուէին:
Յայտնի հայ մտաւորականներէն մին կ՚ըսէ. «Մեր մէջ դժբախտութիւն է որ մարդիկ յուշեր գրելու կը սկսին իրենց... յիշողութիւնը կորցնելէ յետոյ...». դժբախտաբար շատ անգամ յիշողութիւնը կորսնցնելէ առաջ մարդիկ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն:
Թէեւ ոչ շատ տարածուած, գրականութեան ամենէն կարեւոր ճիւղերէն մէկը յուշագրութիւնն է, որ աւելի՛ հարազատութիւն կը ներշնչէ քան վէպը, պատմուածքն ու բանաստեղծութիւնը: Հարազատ՝ որովհետեւ դէպքերու եւ դէմքերու նկարագրութիւնը կը լսես անձերէ՝ որոնք ականատես եղած ու ապրած են այդ պահն ու վայրկեանները:
Տարիներ առաջ ուզեցի ուսումնասիրել հայ վրիժառուներու կեանքը։ Անոնց մասին գրուած գտայ բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ. զանազան գիրքերու մէջ տարբեր ձեւերով նկարագրուած է անոնց կատարած վրիժառութիւնը, սակայն ճշմարտութիւնը գիտնալու եւ հարազատութիւնը զգալու համար կարդացի անոնց յուշագրութիւնները: Օրինակ՝ (…) Սողոմոն Թէհլիրեան իր կեանքի յուշերը պատմած է Վահան Մինախորեանին, որ «Վերյիշումներ» անուան տակ հրատարակած է 472 էջերէ կազմուած հատոր մը: Կարդալ եւ մտածել, որ ուղղակի հերոսի բերնէն է, որ կը լսես պատմութիւնը, տարբեր հետաքրքրութիւն մը կը ստեղծէ: (…)
Վստահ ենք, եթէ ամէ՛ն ազգային ու յեղափոխական գործիչ անձնապէս գրի առնէր իր յուշերը, այսօր շատ աւելի տարբեր պիտի ըլլար մեր դիմաց դրուած հայոց պատմութեան դասագիրքերու բովանդակութիւնը եւ շատ աւելի յստակ յաւիտեանս առեղծուած մնալու դատապարտուած երեւոյթները, որոնք տեղեկութեան չգոյութեան պատճառով կը մնան անհասկնալի:
Նոյն այդ նախանձախնդրութեամբ ու գիտակցութեամբ է որ Ռուբէն Տէր-Մինասեան նստած ու գրի առած է իր յուշերը, որոնք տպագրուած են Պոստոնի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ եւ ապա իր մահէն յետոյ եօթը առանձին հատորներով հրատարակուած են «Հայ յեղափոխականի յիշատակարանը» անուան տակ: Մինասեան իր յուշագրութեան նպատակը կ՚ամփոփէ յառաջաբանին մէջ յիշած հետեւեալ տողերով. «1905-էն սկսած՝ սովորութիւն ըրի իմ գործունէութեան շրջանի մէջ տեսած կամ լսածս նշանակալից դէպքերու նկարագրութիւնը գրի առնել, հնութեանց, աւանդութեանց կամ երգերու մասին նօթագրութիւն ընել եւ պահել կարեւոր նամակները եւ յիշատակագրութիւնները: Այս թղթերի պատառիկները եւ կամ տետրակները կրնային իսկական ու անսխալ փաստաթղթեր դառնալ անցածի ու դարձածի նկարը տալու համար»:
Ռուբէն հրապարակագիր ու ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանին գրած մէկ նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ «ինք զբաղած է «մեռելները ողջնցնելով, խօսեցնելով», որուն ի պատասխան Շաւարշ 5 դեկտեմբեր 1951-ի իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Քիչեր կրցած են այդ «մեռելները» - յայտնի եւ մանաւանդ անյայտ հայդուկները ողջնցնել, խօսեցնել այնքան հարազատօրէն, որքան Ռուբէն»: Բարեբախտաբար Ռուբէն շատերու նման «օր մը» կը գրեմ ըսելով չէր յետաձգած յուշագրութեան աշխատանքը, թէեւ մի՛շտ ունեցած էր այն վախը, որ կրնայ վախճանիլ եւ հետեւաբար պէտք է աճապարէր իր յուշերը գրելու մէջ. այս վախը կը գիտնանք իր նամակագրութիւններէն, որուն համար բանասէր մը կը գրէ. «Ռուբէն կ՚աճապարէր լրացնել, խորապէս զգալով թէ վախճանը կը մօտենայ»:
Ո՞ր պատմիչը կրնար աւելի յստակ ու հարազատ նկարագրել զօրավար Անդրանիկը, քան Ռուբէն՝ որ զինակիցն ու բարեկամն էր անոր: Ճիշդ այս պատճառով է, որ Ռուբէնի ժամանակակից մտաւորականներ յուշագրութիւնը կը բնութագրեն հետեւեալ տողերով. «Ռուբէնի յուշերը անտիպ էջ մը բացին մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ»:
Արեւմտահայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Ռուբէն Զարդարեան եւս «Հայ աքսորականը» գրչանունով կը գրէ «Առիւծին ժանիքէն» աշխատութիւնը (հրատարակուած 1906 թուականին), ուր գրողը գրի կ՚առնէ բանտարկեալի իր յուշերը. Զարդարեան ձերբակալուած է 1903-1904 տարիներուն՝ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու մեղադրանքով:
Այսօր, մեր բոլոր ապրածները՝ քաղաքական, առողջապահական եւ ընկերային բոլոր հարցերով ժամանակաշրջանի մը պատմութիւնն է, որուն կամայ թէ ակամայ ականատեսներն ենք մենք: Վերոյիշեալ բոլոր տուեալները աչքի առջեւ ունենալով մտածենք, թէ մենք ի՞նչ յուշեր կրնանք ձգել ապագայ սերունդներուն, որոնք մեր գրութեանց մէջէն պիտի ուսումնասիրեն ապագան՝ մեր ներկան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԼԵՒՈՆ ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ
(1905-1995)
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 24 նոյեմբեր 1905-ին Տրապիզոնի մէջ ծնած է բանասէր, գրող եւ բանաստեղծ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան:
Սիւրմէլեան Մեծ եղեռնի ժամանակ կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը եւ իր միւս երեք եղբայրներուն հետ որբացած. անոնց խնամքը ստանձնած է յոյն բժիշկ մը եւ 1916-ին Զաւէնը ռուսական նաւով ղրկած է Պաթում, ապա Քրասնոտար: Զինադադարէն ետք՝ 1918-ին Զաւէն մեկնած է Պոլիս եւ ապա ընդունուած՝ Արմաշի Երկրագործական վարժարանը: Բանասէրը իր ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Ղալաթիոյ թաղամասի Կենդրոնական վարժարանէն ներս, ուր սկսած է գրել իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք արժանացած են Յակոբ Օշականի եւ Վահան Թէքէեանի գնահատանքին:
Սիւրմէլեան Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ երկրագործական ուսումը շարունակելու համար եւ այնուհետեւ ապրած է Ամերիկայի մէջ: Ուսման առաջին տարիներուն Սիւրմէլեան գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք Վահան Թէքէեանի կողմէ խմբագրուելով արժանացած են հրատարակութեան եւ այսպիսով Փարիզի մէջ լոյս տեսած է Զաւէնի «Լոյս զուարթ» հայերէն միակ բանաստեղծական ժողովածուն: Այնուհետեւ գրողը ստեղծագործած է անգլերէն լեզուով: Սիւրմէլեան 1958-1969 թուականներուն Ամերիկայի զանազան համալսարաններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դասախօսած է անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն։ 1931-ին Ամերիկայի մէջ խմբագրած է «Արմէնեան Մեսընճըր» (Armenian Messenger) շաբաթաթերթը: Գրողի անգլերէն առաջին վէպը եղած է «Ձեզ կը դիմեմ, տիկնայք եւ պարոնայք» աշխատութիւնը, որուն մէջ հեղինակը պատմած է Մեծ եղեռնի աղէտն ու իր մանկութիւնը: Անգլիոյ մէջ, 1964-ին հրատարակուած է Սիւրմէլեանի «Սասնայ Ծռեր» ստեղծագործութիւնը, իսկ 1968-ին՝ «Անմահութեան խնձորները», որ աւանդավէպերու հաւաքածոյ է։ Այս երկու ստեղծագործութեանց հովանաւորը եղած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմոյշներ:
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան մահացած է 3 հոկտեմբեր 1995 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024