ՍԷՐ՝ ՈՐ ՀՐԷՇԸ ՀՐԵՇՏԱԿ Կ՚ԸՆԷ
Բազմահազար հատորներ ալ գրուին, տասնեակ հազար ուսումնասիրութիւններ ալ կատարուին սիրոյ ինչութեան մասին, սէրը մի՛շտ պիտի մնայ առեղծուածային: Առեղծուած՝ որ ի հարկին հրէշը հրեշտակ ու ամենակարողը՝ անկարող կը դարձնէ: Այդ սէրն է յաճախ, որ կը վճռէ մարդո՛ւն, իսկ աշխարհի ղեկավարներու պարագային աշխարհի ճակատագիրը: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք՝ որ շատ անգամ սիրոյ տառապանքն ու ցաւը տառապող անձէն աւելի վնաս պատճառած է նաեւ մարդկութեան:
Վերջերս հին մամուլին մէջէն գտայ գերմանական քաղաքական գործիչ, Նացիստական կուսակցութեան առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերի ամուսնական եւ սիրային կեանքի մասին բացայայտումներ, փոխանցուած ֆրանսացի գրող Գոմէ Քլարքի կողմէ, 1958-1959 թուականներուն:
Ըստ բացայայտումներուն Ատոլֆ Հիթլեր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սիրած է միայն մէկ աղջիկ եւ տառապած անոր համար: Աշխարհը ցնցող Հիթլեր սիրած է միայն մէկ անձ՝ սակայն ամուսնացած է այլ անձի մը հետ եւ ամուսնութենէն ընդամէնը 40 ժամ ետք անձնասպան եղած: Պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ Հիթլեր այդ ամուսնութիւնը կնքած էր պատմութեան հաշւոյն, որպէսզի պատմութեան մէջ «չամուսնացած» չյիշուի:
Հիթլեր, որ աշխարհի մեծագոյն ճիւաղներէն մէկը որպէս կը յիշուի, կրնար ամբողջութեամբ տարբեր մէկը եղած ըլլար՝ եթէ իրապէս ամուսնացած ըլլար իր սիրած աղջկան հետ: Այս կարծիքը կը յայտնէ Ատոլֆ Հիթլերի հարազատ քոյրը՝ Փաուլա Հիթլեր, երբ կը հանդիպի իր եղբօր սիրած աղջկան հետ. Փաուլա կ՚ըսէ. «Սիրելի Մարիա, Ատոլֆի մեծագոյն սխալը եղաւ քեզի հետ չամուսնանալը: Գիտեմ, որ դուն էիր այն միակ կինը, զոր սիրեց միշտ, քեզ է, որ կ՚ուզէր: Ու վստահ եմ, որ եթէ քեզի հետ ամուսնանար, այսօր պատմութիւնը բոլորովին տարբեր հանգամանք մը պիտի ունենար»:
Կրնա՞ք պատկերացնել... աշխարհի վրայ ապրող միայն մէկ աղջկայ մը պատճառով հաւանաբար տարբեր ըլլար պատմութիւնը: Կրնա՞ր ըլլալ, որ այդ կնոջ խնդրանքին պատճառով վեց միլիոն հրեաներ ջարդուելէ փրկուէին: Հաւանաբար այդ աղջկան խնդրանքին դիմաց Հիթլեր հրաժարէր նաեւ կուսակցական առաջնորդ ըլլալէ եւ ամբողջութեամբ տարբեր կեանք մը ապրէր. առեղծուած է սէրը:
Ինչպէս Հիթլերի քրոջ խօսքերէն հասկցաք, աղջիկը, որ Ատոլֆ կը սիրէր Մարիան էր՝ Մարիա Րայթըր: Տարիքային տարբերութիւնը երկուքին միջեւ 20 տարի էր: Հիթլեր Մարիան առաջին անգամ կը տեսնէ 1925-ին՝ իր 36 տարեկան հասակին, Նացի կուսակցութեան հաւաքոյթին համար Պէրխթէսկատէնի գտնուելու միջոցին, կօշիկի վաճառատան մը մէջ, որ Մարիայենց սեփականութիւնն էր, սակայն իր սէրը չի կրնար յայտնել: Հիթլեր առաջին ակնարկով բուռն կերպով սիրահարուեցաւ «Միմի»ին (Հիթլեր այսպէս կը կ՚անուանէր Մարիան) եւ որոշեց իր սպայակոյտը հիմնել Պէրխթէսկատէնի մէջ: Ի դէպ Մարիա այդ ընթացքին 16 տարեկան էր:
Մարիա եւ Հիթլեր իրենց սէրը գաղտնի կ՚ապրին եւ այդ բոլորը կը բացայայտուի Հիթլերի մահէն տասնչորս տարիներ ետք: Ֆրանսացի գրող Կոմէ Քլարքի Հիթլերի մահէն տարիներ ետք կը գտնէ Մարիան եւ անոր պատմել կու տայ անոնց միջեւ գոյացած սիրոյ մասին, այդ բոլորը փաստելով Հիթլերի ձեռքով Մարիային գրուած նամակներով:
Մարիա ինք եւս հարցականի տակ կը դնէ Հիթլերի իրեն հանդէպ ունեցած անսահման սէրը. Ֆրանսացի գրողին կ՚ըսէ. «Թերեւս պիտի հարցնէք, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ ինծի պէս հասարակ կին մը կրցաւ ըլլալ միակ սիրոյ առարկան այն մարդուն՝ որ ամբողջ աշխարհը մխրճեց պատերազմներու ամենէն սոսկալիին, հուրի ու սուրի մատնելով Եւրոպական ազգերու ժողովուրդները»:
Մարիա Հիթլերի հեղինակութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով. «յաճախ կը տեսնուէր սարաւանդակի մը վրայ, աջ ձեռքը երկարած, մինչ իր համակիրները կը տողանցէին իր առջեւէն: Շատեր կախարդուած էին իր մագնիսացնող նայւածքէն, իսկ ձայնը խորապէս կը տպաւորէր բոլորը: Հետզհետէ կազմակերպուելու վրայ էին սարսափի այդ ձեռնարկները, երիտասարդ Հիթլերի ներկայութեամբ, որով 20 միլիոն անձերու մահավճիռը ստորագրեց»: Աշխարհը ցնցող նման հսկայ մը պիտի տկարանար կօշիկի վաճառատան մէջ տեսած աղջկան դիմաց, գուցէ նոյնիսկ խեղճանար. սէրը ինչե՜ր կ՚ընէ մարդուն:
Հիթլեր առաջին անգամ Մարիան տեսնելէ տարի մը ետք կը հաստատուի Պէրխթէսկատէն. օր մը վաճառատան առջեւէն անցած ժամանակ Մարիայի եղբայրը քրոջ թեւէն բռնելով կ՚ըսէ. «Տե՛ս, Հիթլերը կ՚անցնի» ու Մարիա առաջին անգամ ըլլալով յստակօրէն կը տեսնէ Հիթլերը: Այս պատահարէն երկու օրեր ետք, Մարիա կէսօր ատեն իր քրոջ այգի կ՚երթայ ժամանցի համար: Յանկարծ Հիթլերը կը տեսնէ, որ կամաց կամաց դէպի իրենց կու գայ: Մօտենալով Հիթլեր թեթեւ խոնարհութիւն մը կ՚ընէ ու գլխարկը հանելով կ՚ըսէ. «Անունս Ատոլֆ Հիթլեր է, կը նեղացնե՞մ ձեզ, եթէ նստիմ այս նստարանին վրայ»: Մարիայի քոյրը բարի գալուստ կը մաղթէ, մինչ Մարիա անտարբեր ձեւով կը շարունակէ խաղալ իրենց շունիկին հետ, սակայն Հիթլեր իր աչքերը չի հեռացներ Մարիայի վրայէն ու քրոջը կը խնդրէ ներկայացնել խարտեաշ օրիորդը: Մարիա այդ պահը կը ներկայացնէ հետեւեալ բառերով. «Հիթլեր ինծի կը նայէր խորաթափանց աչքերով: Նեղուեցայ այդ ակնարկէն: Նշան ըրաւ ինծի որ նստիմ: Արհամարհոտ ձեւով մը ըսի իրեն. «Եղբայրս յայտնեց, որ բանտ նետուած էք», սակայն շուտով անդրադարձայ ըրած խօսքիս անպատեհութեան: Սակայն Հիթլեր չզայրացաւ»:
Հիթլեր արտօնութիւն կը խնդրէ Մարիայի քրոջմէ Մարիայի հետ քաղաքը պտտելու համար, սակայն Մարիա վախնալով կը սկսի վազելով հեռանալ այգիէն:
Յաջորդ օր Հիթլեր հրաւէր կը ղրկէ Մարիայի եւ իր քրոջ ներկայ գտնուելու հաւաքի մը, ուր Հիթլեր պիտի ճառախօսէ: Հաւաքի օրը երբ Մարիա եւ իր քոյրը հաւաքի վայր կը մտնեն, կ՚առաջնորդուին դէպի գլխաւոր հիւրերու սեղան. Մարիա հպարտութիւնը փայփայուած կը զգայ: Հիթլեր մօտենալով իրենց կ՚ըսէ. «Չեմ կրնար բացատրել ձեզի այն գոհունակութիւնը, զոր կը զգամ ձեր ներկայութեամբ»: Մարիա կը յիշէ Հիթլերի ճառը, թէ ինչպէս ձեռքը սեղանին զարնելով կը խօսի, սակայն աչքերը չի հեռացներ իրմէ: Հաւաքէն ետք Հիթլեր կը նստի քոյրերու մօտ ու մտերիմ խօսակցութիւն կ՚ունենայ անոնց հետ ու երբ կը լսէ, թէ Մարիայի մայրը մահացած է, փափաք կը յայտնէ Մարիայի ընկերակցութեամբ այցելել մօր դամբարանը:
Հազարաւոր գերմանացի աղջիկներ կ՚ուզեն սիրաշահիլ Հիթլերի սիրտը, սակայն մինչեւ կեանքի վերջ Հիթլեր կը սիրէ վաճառատան մէջ պատահականօրէն հանդիպած Մարիան։ Ծածկանունով բազմաթիւ սիրային նամակներ կը գրէ անոր, սակայն երբեք չի կրնար ամուսնանալ իր սիրածին հետ:
Այս բոլորը գիտնալէ ետք ուզեցի դիտել Հիթլերի ճառախօսութիւններէն մէկը ու սկսայ համոզուիլ. իրապէ՛ս սէրը հրէշը անգամ հրեշտակ կը դարձնէ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՏԱԹԻԱ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(1818-1903)
Մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ 26 նոյեմբեր 1903-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է բանասէր, պատմաբան, փիլիսոփայ եւ լեզուաբան Մատաթիա Գարագաշեան (ծանօթ նաեւ Անտոն անունով):
Գարագաշեան ծնած է 11 փետրուար 1818-ին, Պոլսոյ մէջ: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած Վիեննա՝ Մխիթարեաններու ուսումնարան, ուր հմտացած է հայագիտութեան մէջ: Հրաժարելով հոգեւորականի կոչումէն վերադարձած է Պոլիս եւ ստանձնած «Պայպըլ Հաուս» (Bible House) Աստուածաշունչի ընկերութեան թարգմանութեան բաժնի պատասխանատուութիւնը, միաժամանակ հայկական վարժարաններու մէջ վարելով գրաբար լեզուի ուսուցչութեան պաշտօնը։
Գարագաշեանի գրական ու բանասիրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է Վիեննայի մէջ՝ 1840-ական թուականներուն: Բանասէրը այդտեղ հրատարակած է իր «Արուեստ ճարտասանութեան» (1844) եւ «Նկարագիր ուսմանց» (1845) աշխատութիւնները: Պոլսոյ մէջ սկսած է հրատարակել պատմական, բանասիրական, լեզուական, աշխարհագրական եւ փիլիսոփայական աշխատութիւններ: Անոր գործերէն մի քանին՝ «Դպրութիւն կամ նոր քերականութիւն հայերէն», «Համառօտ նոր քերականութիւն» եւ այլ գործեր 1860-1890 թուականներուն արժանացած են աւելի քան 8-10 տպագրութիւններու:
Գարագաշեան հրատարակած է աշխարհագրական դասագիրքեր. ինչպէս՝ «Աշխարհագրութիւն համառօտ քաղաքական», «Աշխարհագրութիւն ուսումնական» եւ այլն: Անոր փիլիսոփայական գործերէն են «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան»ը, «Սկզբունք տրամաբանութեան»ը եւ ուրիշներ:
Գարագաշեան, մանկավարժ եւ խմբագիր Յակոբ Գուրգէնի հետ միասին 1887 թուականին հրատարակած է «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» գրաբար պարբերականը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024