Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

Մշոյ Եու­քա­րըեոն­կալ գիւ­ղին մէջ գտնուող Ս. Կա­րա­պետ վան­քի տա­րած­քը հոն գտնուող տու­նե­րէն ա­զա­տե­լու եւ վան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար դի­մում մը ներ­կա­յա­ցուած է Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Դի­մու­մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Սա­սուն-Պիթ­լի­սի գիւ­ղե­րու հայ­կա­կան ըն­կե­րա­յին փո­խօգ­նու­թեան ու մշա­կու­թա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան միու­թեան նա­խա­րար Ա­զիզ Տաղ­ճը։ Տաղ­ճը ան­ցեա­լին եւս դի­մած էր վան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար, սա­կայն պատ­կան մար­մին­նե­րը գրա­ւոր տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, թէ վան­քի տա­րած­քին այժմ կան քա­ռա­սու­նութ տուն եւ վեց խո­տի ամ­բար։ Տաղ­ճը նշած է, որ վեց ամ­սուան ըն­թաց­քին տա­րած­քը մաք­րե­լու խոս­տում մըն ալ տրուած էր ի­րենց։ «Բայց 2012-էն մին­չեւ 2015 ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր տա­րած­քը չեն ա­զա­տուած», նշեց ան։

Տաղ­ճը նաեւ յի­շե­ցու­ցած է, որ Լո­զա­նի դաշ­նագ­րով պե­տու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րուած է պահ­պա­նու­թեան տակ առ­նել փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նող կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015