Մայրենիով մամուլի համար «դրական խտրականութեան» սպասում կամ թրքահայութեան ընդհանուր կշիռը

Այս օրերուն թրքահայ մամուլի մատնուած վիճակը դարձած է հրատապ օրակարգ։ Պատրիարքական Աթոռը փորձեց այս հարցին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, շօշափելի քայլով մը յատկացում մըն ալ ըրաւ մամուլին, սակայն, առ այժմ յայտնի չէ համայնքային հաստատութիւններուն վերաբերմունքը։ Լուռ են վարչայինները, որոնք կը տնօրինեն միջոցները։ Ահազանգը երկար ատենէ ի վեր կը հնչէր ԺԱՄԱՆԱԿ-էն, թէեւ այս յօդուածի նիւթը ուղղակիօրէն այդ մէկը չէ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագան բոլորովին տարբեր է՝ իր ենթարկուած տագնապի ճակատագրական բնոյթին պատճառով։ Յամենայնդէպս, համայնքային միւս լրատուամիջոցներն ալ, հասկնալիօրէն, կ՚ապրին դժուարութիւններ։

Պատրիարքարանի նախաձեռնութենէն վերջ, իրերայաջորդ երկու հրապարակային քննարկում տեղի ունեցաւ այդ դժուարութիւններուն շուրջ՝ երկուքն ալ արբանեակային հեռուստակայաններու միջոցաւ։ «Լոյս»ինը ուղիղ եթեր էր, իսկ ARTI-ինը՝ տեսագրուած։ Երկուքն ալ հետաքրքրական էին։ Թէեւ ատեն-ատեն փոքրամասնութիւններու ընդհանուր գետնին ալ հասաւ խօսակցութիւններու ծայրը, բայց, սա թրքահայ մամուլի առկայ հարցերու քննարկման առողջ գետինը չի կրնար հանդիսանալ, գոնէ այս փուլին։ Յոյն համայնքին հետ կայ երկու հիմնական նմանութիւն։ Առաջին՝ յոյներն ալ հաստատութիւններու (մանաւանդ վաքըֆներու թիւի առումով) մեծ զանազանութիւն ունին հայոց նման, նոյնիսկ աւելի։ Յոյն համայնքի հիմնական լրատուամիջոցները մայրենիով են, բացառապէս օրաթերթեր, այլ լեզուով կամ պարբերականութեամբ մամուլ գրեթէ չկայ։ Հայոց պարագային տպագիրները թէ՛ մայրենիով են եւ թէ ոչ-մայրենիով։ Հրեայ համայնքի կառոյցներու զանազանութիւնը անհամեմատելի է՝ մանաւանդ, որ միայն մէկ վարժարան գոյութիւն ունի։ Հրեայ համայնքը գրեթէ չունի մայրենիով տպագիր մը եւ եղածն ալ օրաթերթ չէ։ Բաղդատութիւնները, անշուշտ, սկզբունքօրէն ճիշդ չեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն ունի իր առանձնայատկութիւնները, իր ուրոյն պայմանները, որոնց հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ կը դիմագրաւուին հաղորդակցութեան կարիքները, համապատասխան ձեւով կը կազմակերպուի տեղեկատուութեան շրջանառութիւնը։ Թրքահայութեան պարագային կայ թէ՛ կառոյցներու եւ թէ լրատուամիջոցներու զանազանութիւն՝ լեզուի, պարբերականութեան ու ձեւաչափի ճոխութիւնով հանդերձ։

Նկատի ունենալով վերջին խտացեալ քննարկումները՝ այս բոլորի լոյսին տակ, ըստ երեւոյթին, հարկ է քանի մը հաստատում կատարել։ Մայրենիով թերթ՝ մանաւանդ օրաթերթ հրատարակելը թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Միայն կարճատես ամբոխավարներու սին քարոզչութիւնն է՝ մայրենիով օրաթերթի խոցելի ըլլալը, ազդեցութիւն չունենալը եւ կամ անպիտան ըլլալը, ինչ որ չի բարձրաձայնուիր, սակայն, սիսթեմաթիկ ձեւով զգալի կը դարձուի ոմանց խօսոյթին մէջ։ Մայրենիով մամուլը՝ մանաւանդ օրաթերթերը, նաեւ բոլոր տեսակի հրապարակումները, հրատարակութիւնները եւ հեռարձակումները ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն թրքահայութեան կշիռը։ Անոնք, որոնք կ՚անտեսեն այս հանգամանքը կամ կը ստորագնահատեն զայն, կը նշանակէ, որ չունին տարրական պատկերացում՝ մեր համայնքը հայաշխարհի մէջ դիրքաւորելու առումով։ Այս համայնքը կը կորսնցնէ արեւմտահայ ժառանգութեան իրաւայաջորդը համարուելու բարոյական իրաւունքը, եթէ ձախողի մայրենիի կենսունակութիւնը ապահովելու ճանապարհին։ Հետեւաբար, մայրենիով մամուլին նկատմամբ անհրաժեշտ է այդ «դրական խտրականութիւն» ըսուածը։ Հարցին մեխը այս կէտին վրայ է։ Պատրիարքարանի նախաձեռնութիւնը թէեւ շատ շնորհակալ մտայնութեան մը պտուղն է, սակայն, յաջորդ քայլափոխին պէտք է զարգանայ այս ուղղութիւնով։ Մայրենիով օրաթերթի մը՝ գովազդատուներու տեսակէտէ աւելի նուազ մրցունակ ըլլալը չի նշանակեր, որ այդ ոլորտը պէտք է լքուի իր ճակատագրին։ Մայրենիով օրաթերթին միջոց յատկացնելով՝ այս համայնքի վարիչները ողորմութիւն բաժնած չեն ըլլար վեհանձնաբար, այլ պարզապէս կը ջրեն, կ՚ոռոգեն կեանքի ծառը այն հաւաքականութեան, որու յարատեւութենէն կախում ունի իրենց ղեկավարած այդ հաստատութիւններուն գոյութիւնը։ Տակաւին չենք ուզեր այստեղ աւելի ծաւալուիլ՝ հասնելով մինչեւ «առանց դպրոցներու ցանցի կրթութեան նախարար դառնալու» ձգտումներու կողմերը։ Մայրենիով հաղորդակցութիւնը, օրաթերթը, տեղեկատուութեան հոսքը աջակցութիւնով, օգնութիւնով չ՚ըլլար։ Հաւաքական միջոցները նաեւ պէտք չէ մսխուին զուտ վերապրելու կամ ժամանակ շահելու մտայնութեամբ, այլ ճանապարհ պէտք է հարթել ընդհանուր եղափոխութեան, վերափոխութեան առջեւ, որպէսզի արդի աշխարհին համահունչ ընթացք մը երաշխաւորուի հնարաւորինս։

Այսօր նոյնիսկ գիտական ճշմարտութիւն դարձած է, որ աշխարհի վրայ հետզհետէ կը պակսին միանշանակ արժէքները։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ արժէքներու քոնսենսիւսը կը կորսուի։ Յարափոփոխ ժամանակներուն, այս մեծ ու տակնուվրայ աշխարհին մէջ, սահմանափակ ներուժով, թրքահայութեան նման փոքր, փոքրամասնական հաւաքականութիւնները գոյատեւելու համար կրնան ապաւինիլ միայն մշտականի՛ն, որուն ածանցուած են յիշողութիւնն ու անոր փոխանցումը։ Սա կրնայ ըլլալ միայն սիներժիով, բազմապատկիչ ազդակներով, որոնց հասնիլ դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ սեփական, հարազատ արժէքներու լուսանցքայնացումով։

Մետայլի միւս երեսակին ալ մարդիկ պէտք է լաւ գիտակցին, որ համայնքային մամուլ չի նշանակեր նուազ արհեստավարժութիւն։ Մայրենիով օրաթերթ չի նշանակեր միջակութիւն արդարացնելու պատրուակ։ Յատուկ առաքելութեան պարագային տեսականօրէն կարելի է յատուկ վերաբերմունք եւ յատուկ միջոցներ ակնկալել, բայց պայման է, որ լրջութիւնն ու պարտաճանաչութիւնն ալ ըլլան նոյնքան յատուկ։

Տեսնենք ուրեմն…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021