ԵՐԿՈՒ ԱՆԿԱԽ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու հաւանական ապաշրջափակումը կապուած չէ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան վերջին օրերուն տուած հարցազրոյցին մէջ Մհեր Գրիգորեան յայտնեց, որ Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը անակնկալ մը եղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած՝ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ աշխատանքային խումբին մասնակից հայկական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուի Մհեր Գրիգորեան։ Այս վերջինը Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթ մասնակցած էր Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ բանակցութիւններու, որոնց աւարտին յայտարարութեան մը հրապարակուիլը կարելի չէր եղած։ Փոխ-վարչապետներու Մուսկուայի այդ հանդիպումը յաջորդած էր Սոչիի յայտնի գագաթաժողովին, որու աւարտին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ գոյացած որոշ համաձայնութիւններ պիտի հրապարակուէին փոխ-վարչապետներու Մոսկուայի ժամադրութենէն վերջ։ Այդ բոլորով հանդերձ կարելի չէր եղած յայտարարութիւն մը ընել՝ մինչ Սոչիի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ բարձրաձայնած է Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը։ Զուգահեռաբար՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի եւ ռուսական կողմը յաճախ կը կրկնէ, որ լիցքաթափման համար անհրաժեշտ է երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղեալ բանակցութիւններու փութով սկսիլը։ Այս համայնապատկերին վրայ բիւրեղացան Մհեր Գրիգորեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հաւանական ապաշրջափակումը կապուած չէ սահմանազատման եւ սահմանագծման հետ։

«Մենք կը հետեւինք երեք երկիրներու ղեկավարներու Սոչիի յայտարարութեան, ըստ որու համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին կայունութեան ու անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխատելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման ու ապագայ սահմանագծման երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծման շուրջ՝ Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ։ Սակայն այս հարցը որեւէ ձեւով փոխկապակցուած չէ տարածաշրջանի փոխադրական հաղորդակցութիւններու հաւանական բացման հետ», ըսաւ ան։

Ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Մհեր Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ փոխ-վարչապետներու գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս ստեղծուած է մասնագէտներու ենթախումբ մը, որ կը զբաղի սահմաններու բացման պարագային փոխադրումներու ապահովման հարցերու մշակումով։ «Այս հարցերու վերջնական կարգաւորման քննարկումը տակաւին չէ եղած», ըսաւ ան եւ բացատրութիւններ տուաւ աշխատանքային խումբին կողմէ ընդունելի հարցերու շրջանակին շուրջ։

Այս կէտին վրայ է, որ Մհեր Գրիգորեան անակնկալ որակեց Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքը կը շարունակուի՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած հիմնական սկզբունքներուն շուրջ։ «Պաքուի վերջին յայտարարութիւնը մեզի համար անսպասելի էր։ Կ՚ենթադրեմ, որ մօտ օրերս մենք պիտի շարունակենք աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Կը յուսամ, թէ իրադրութիւնը կը վերադառնայ շինիչ հուն», յայտնեց փոխ-վարչապետը, որու խօսքով՝ աշխատանքային խումբի բոլոր նիստերը ցայսօր տեղի ունեցած են շինիչ երկխօսութեան ձեւաչափով։ Այդ հարթութեան վրայ կողմերը փոխադարձ ըմբռնման հասած են երկաթուղային ենթակառուցուածքի վերականգնման ու ապաշրջափակման համար։ «Կար նաեւ ընկալում, թէ ճանապարհներու ինքնիշխանութիւնը պիտի պատկանի այն երկիրներուն, որոնց տարածքով պիտի անցնին անոնք։ Այդ ճանապարհները, իրենց հերթին, պիտի ըլլան տուեալ երկրի իրաւասութեան ներքեւ՝ ուրտեղով որ անոնք պիտի անցնին։ Այլ հարցերու շուրջ տակաւին կը մնան նրբերանգներ», յայտնեց Մհեր Գրիգորեան՝ դեկտեմբերի 1-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբի վերջին հերթական նիստի լոյսին տակ։

Մհեր Գրիգորեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ալ վերջերս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ ապաշրջափակման օրակարգին շուրջ։ Խորհրդարան-կառավարութիւն ձեւաչափով հարցում-պատասխանի ժամանակ, պատգամաւորի մը հարցման պատասխանելով՝ ան յայտնեց, որ Երասխ-Հորատիզ երկաթուղիի բացումը կապ պիտի ստեղծէ Իրանի եւ Վրաստանի հետ եւ այդ պարագային  խաղաղութեան լիազօրութիւն մը պիտի ապահովուի։ Մհեր Գրիգորեան խորհրդարանի ամպիոնէն ըսաւ. «Երբ 11 յունուար 2021 թուականին ստորագրուեցաւ եռակողմանի համաձայնագիրը, որու շրջանակներէն ներս ձեւաւորուեցաւ աշխատանքային խումբ եւ սկսան աշխատանքները, եղաւ շատ կարեւոր արձանագրում մը, որմէ յետոյ այդ մէկը մամուլին մէջ հրապարակուեցաւ՝ որպէս պաշտօնական հաղորդագրութիւն։ Այնտեղ ներգրաւուած էին այն մասնագիտական խումբերը, որոնք եռակողմանի աշխատանքներու շրջականերէն ներս պէտք է մշակեն գաղափարներ եւ ներկայացնեն աշխատանքային խումբին։ Ենթախումբ մը կը զբաղէր փոխադրական ենթակառուցուածքներու թեքնիք վիճակի գնահատման եւ թեքնիք հնարաւորութիւններու բացայայտման հարցով։ Միւս ենթախումբը կը զբաղէր մաքսային, սահմանային եւ այլ հսկողական գործառոյթներու կազմակերպման հարցերով»։

Երեսփոխաններուն տուած բացատրութեան մէջ փոխ-վարչապետը շեշտեց, որ իրենք քննարկումներ կ՚իրականացնեն բացառապէս երկիրներու իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան շրջանակներէ ներս ճանապարհներուն վերաբերեալ։ Ան շարունակեց. «Ճանապարհները պիտի ըլլան տուեալ երկրի իրաւազօրութեան ներքեւ ու ենթակայ պիտի ըլլան տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան կանոններուն։ Յաջորդ խնդիրը անմիջականօրէն ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ թեքնիք լուծումներն են։ Անոնք առանձին կը վերաբերին երկաթուղիին, ցամաքուղիներուն։ Երկաթուղիի պարագային բաւական ընդհանուր մօտեցումներ կան, որովհետեւ մեր քննարկումները Երասխէն Հորատիզ գիծին կը վերաբերին։ Այդ հատուածը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ոչ միայն ինքնուրոյն է, այլեւ՝ հնարաւորութիւն կու տայ Երասխէն կապ ստանալու Իրանի հետ, նաեւ սա օղակ մըն է, որ կը կապուի Վրաստանի երկաթուղիին հետ ու կը դառնայ տարածաշրջանային նշանակութիւնով ենթակառուցուածքային լուծում։ Սա մեզի համար շատ կարեւոր է, որպէսզի թեքնիք առումով գտնենք լուծում մը եւ այդ մէկը ըլլայ տարածաշրջանային նշանակութիւնով լուծում մը։ Այդ պարագային մենք կը ստանանք՝ մեր պատկերացուցած հիմնական խաղաղութեան լիազօրութիւնը, որովհետեւ այդ ենթակառուցուածքի աշխատանքներով շահագրգռուած պիտի ըլլան տարածաշրջանին բոլոր երկիրները»։

Մհեր Գրիգորեան խորհրդարանի ամպիոնէն ալ յայտնեց, որ սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացը բացարձակապէս որեւէ կապ չունի ապաշրջափակման հետ։ «Անոնք անկախ գործընթացներ են։ Մեր ապաշրջափակման գործընթացը պարզ գործընթաց մըն է, որ կ՚իրականացուի՝ որպէս տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ու տնտեսական կապերու տարածաշրջանային նշանակութիւնով գործընթաց մը», յայտնեց Մհեր Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021