ԳԱՐՈ՞ՒՆ ԵՍ… ԱՇՈ՛ՒՆ ԿՈՒ ԳԱՅ
Տարիներ առաջ համացանցը ցնցեց աշխարհահռչակ «Apple» ընկերութեան տիրոջ՝ Սթիվ Ճոպսի վերջին նկարը։ Աշխարհի հարուստներէն համարուող Սթիվ վատառողջ, լքուած եւ գրեթէ անկարող վիճակի մը մէջ կը յայտնուի: Ստուար հարստութեան տէր Սթիվ, 56 տարեկան հասակին յաղթուելով քաղցկեղէն կ՚աւանդէ իր հոգին:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021 թուականի թիւին մէջ հրատարակեցինք «Դրամը երջանկութիւն կը բերէ՛...» խորագրեալ յօդուածը, ուր յիշեցինք, թէ «այս օրերուս դրամով երջանկութի՛ւն կը փորձեն ծախել ամէ՛ն տեղ». երբ դրամին միւս կողմը շրջենք պիտի տեսնենք, թէ շատ անգամ այդ երջանկութիւնը դրամով անգամ կարելի չ՚ըլլար գնել, այնպէս ինչպէս չկրցաւ գնել Սթիվ Ճոպս իր ամբողջ ունեցուածքով ու հարստութեամբ:
Նոյն հարուստ, սակայն անկարող կացութեամբ հոգին աւանդած է հայ մեծատուներէն Գալուստ Կիւլպէնկեանը: Մեծահարուստ հայուն մահէն մի քանի ամիսներ առաջ Պոլսոյ թրքական «Ենի Իսթանպուլ» թերթը իր թիւերէն մէկուն մէջ կը հրատարակէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան ինչպէ՞ս կ՚անցընէ իր վերջին օրերը» խորագրեալ գրութիւն մը: Մամուլի տեղեկութեան համաձայն՝ «Աշխարհի ամենէն հարուստ մարդը»՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Լիզպոնի մէջ գրեթէ բանտարկեալի մը պէս կ՚ապրի: Ամիսներէ ի վեր անկողնին գերին դարձած է: Սնարին վերեւ տեւականօրէն երկու հիւանդապահներ պահակ կը սպասեն եւ երեք բժիշկներ կը հսկեն անոր վրայ:
Լիզպոնի «Ազիվ» պանդոկին մէջ 83-ամեայ Գալուստ Կիւլպէնկեան ամբողջ օրը կը պառկի. զաւակը, աղջիկն ու փեսան չեն հեռանար մօտէն: Սպասաւորները իրենց ոտքերուն ծայրով կը քալեն, որպէսզի չանհանգստացնեն քարիւղի թագաւորը: Կիւլպէնկեան մերթ ընդ մերթ անկողինէն դուրս կու գար եւ պատուհանէն Լիզպոնի լիառատ արեւը կը դիտէր, սակայն վերջերս այդ մէկն ալ ընելու ուժը չունի եւ անկողինէն քայլ մը անդին չի՛ կրնար նետել: Բանտարկեալի մը նման անկողինէն դուրս չի կրնար գալ:
Նիւթապաշտ այս աշխարհի մէջ տակաւին կա՛ն եւ միշտ ալ պիտի ըլլան երեւոյթներ, որոնց դիմաց դրամն ու ոսկին անկարող պիտի մնան: Մարդիկ բուժուելու համար ինչքան ալ լաւ ու թանկ բժիշկներ բերեն, ամենէն սուղ դեղերն ալ առնեն, հիւանդանոցներու ամենէն լաւ ու փառաւոր սենեակներու մէջ ալ բուժում ստանան միեւնոյնն է. երբեք ալ կեանք մը պիտի չկարենան գնել եւ ճի՛շդ այդ պատճառով է, որ մարդու կեանքը շա՜տ աւելի կ՚արժէ քան դրամն ու հարստութիւնը:
Դար մը առաջ եւս պատկերը նոյնն էր. վկայ Աւետարանին մէջ յիշուած հարիւրապետը, որ Քրիստոսի կ՚ըսէ. «ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ «գնա՛» եւ կ՚երթայ, ուրիշին կ՚ըսեմ «եկո՛ւր» եւ կու գայ, ծառայիս կ՚ըսեմ «այս բանը ըրէ» եւ կը կատարէ» (Մատթէոս 8.9): Ծառաներ, զինուորներ ու հարստութիւն, սակայն մահուան ու կեանքի դիմաց անկարող ու անզօր:
Նայեցէ՛ք մեր թերթի անուանումին. ԺԱՄԱՆԱ՛Կ: Իւրաքանչիւրիս կեանքէն այս պահուն իսկ վայրկեաններ անհետացան. կրնա՞նք հարստութեան եւ դրամի ուժով զանոնք վերադարձնե՞լ. կեանքի սլաքներէն վայրկեանները կը սահին եւ ո՛չ ոք գիտէ, թէ ինչքան մնացած է այդ սլաքի հանգումին: Ու պահ մը մտածեցէք, ի՞նչպէս կարելի է դրամով գնել գիտութիւն, ներքին խաղաղութիւն, շնորհք ու սէր: Գիտութեան համար կրնաս դրամով բազմահազա՜ր գիրքեր վերցնել, սակայն գիտութիւնը կարդալով կու գայ: Քրիստոս այրի կնոջ տուած լուման միւսներուն մեծամեծ գումարներէն աւելի գերադասեց, որովհետեւ ունեցածը տալն է, որ ներքին խաղաղութիւն կը պարգեւէ եւ ո՛չ մնացորդն ու աւելցուքը: Դրամի ճամբով երաժիշտ ուսուցիչ ու վարպետ կրնաս բերել, սակայն ո՛չ երբեք շնորհքն ու ձիրքը՝ որ տքնութեան կը կարօտի: Հարստութեան ճամբով կեղծ բարեկամներ ու սիրածներ ունենալը բնական է այս օրերուն. երանի՜ անոր որ իր նեղ օրերուն սրտակից կ՚ունենայ:
Ինչքա՜ն տեղին ու այժմէական են աշուղ Ջիւանիի «Կեղծ ընկեր» երգի իմաստը.- «լայն օրերուս ուրախացող, կեղծ ընկեր, այժմ նեղը ինկած եմ, եկո՛ւր, ո՞ւր ես... երբ ունէի փայլուն մետաղ բաւական, ինձ կ՚ըսիր «չի՛ կայ քեզ նման». եկո՛ւր, ո՞ւր ես... երբ տունս հաց կար, չէիր հեռանար, կու գայիր, նոյնիսկ առանց կանչելու եւ ունեցածիս մեծ մասը կը վայելէիր. Եկո՛ւր, ո՞ւր ես...»:
Վա՜յ այն մարդուն, որ դրամն ու հարստութիւնը որպէս միակ եւ ամբողջական նպատակ կ՚ընդունի, առանց գիտակցելու, որ ճշմարիտ ու սրբազան արժէքները նիւթական հարստութեամբ անգամ կարելի չէ ձեռք բերել:
Վերջերս նիւթապէս ապահով բարեկամներէս մին իր ներքին հարցերուն մասին խօսելով հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ.- անցեալին նիւթապէս աւելի վատ վիճակի մէջ էինք, սակայն աւելի ուրախ էինք քան այսօր:
Նիւթականը պարզապէս կառոյցին արտաքին մասն է, որ կրնայ փոխել եւ ո՛չ ներքինը: Հետեւաբար հարստութիւնը թող հպարտութեան, գոռոզութեան ու ինքնահաւանութեան պատճառ չըլլայ, որովհետեւ ամէ՛ն գարուն անպայման իր աշունը կ՚ունենայ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅԱԿՈԲ ԿՈՋՈՅԵԱՆ
(1883-1959)
Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 13 դեկտեմբեր 1883-ին, Թիֆլիզի մէջ ծնած է նկարիչ, մանկավարժ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ եւ գեղարուեստի վարպետ Յակոբ Կոջոյեան:
Կոջոյեան փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Ռուսաստանի Վլատիքաւքազ շրջանը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, միաժամանակ զբաղուելով ոսկերչութեամբ: Կրթութիւնը աւարտելէ ետք Կոջոյեան 1900 թուականին մեկնած է Մոսկուա եւ Պրուսովի արուեստանոցին մէջ տիրապետած՝ փորագրութեան արուեստին: Այնուհետեւ 1905-1907 թուականներուն մեկնած է Գերմանիա, ապա Փարիզ, ստանալու համար իր բարձրագոյն կրթութիւնը: Նկարիչը ուսումը աւարտելէ ետք 1909 թուականին, ապա 1912-1914 թուականներու միջեւ մեկնած է զինուորական ծառայութեան, իսկ 1918-ին հաստատուած է Հայաստան: Ան վրացի հայագէտ, լեզուաբան եւ հնագէտ Նիկողայոս Մառի հնագիտական հետազօտական խումբին հետ 1918-1920 թուականներուն մասնակցած է Անիի պեղումներուն, որոնց ազդեցութեան տակ 1919 թուականին նկարած է յայտնի «Անիի աւերակները» նկարը:
Կոջոյեան 1921 թուականի Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք հեռացած է Հայաստանէն եւ հաստատուած Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը, ուր Ալեքսանտր Թամանեանի կազմակերպած ուսումնարանէն ներս դասաւանդած է ճարտարապետութիւն:
Յակոբ Կոջոյեան հեղինակ է բնանկարներու, ծաղրանկարներու, գեղանկարներու, ինչպէս նաեւ փորագրութիւններու: Ան յայտնի է առաւելաբար իր «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական վիպերգութեան նկարազարդութեամբ: Երկար տարիներ զբաղուած է գիրքերու ձեւաւորմամբ եւ նկարազարդմամբ, որոնցմէ են Ստեփան Զօրեանի «Հազարան բլբուլ»ը, Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ն ու «Տէրն ու ծառան», Եղիշէ Չարենցի «Գիրք ճանապարհին»ը, Ակսել Բակունցի «Սեւ ցելերի սերմնացանը» եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ան իր գործերով անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Թիֆլիզի, Պաքուի, Մոսկուայի, Սոֆիայի եւ Լենինկրատի մէջ: Անոր գործերէն շատեր կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
Կոջոյեանի ամենէն կարեւոր գործը ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի հետ միատեղ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի պատրաստութիւնն է:
Արուեստագէտը մահացած է 24 ապրիլ 1959-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ