Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ, քանդակագործ, ճարտարապետ ու արուեստաբան Վան Խաչատուրի (Վանիկ Խաչատուրեան) ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Երախտաշատ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ ան մահացած էր 2019 թուականին։ Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին վաստակաւոր արուեստագէտի ու գիտնականի կեանքին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։
Ձեռնարկը համախմբեց թէ՛ գեղարուեստասէրներ եւ թէ համակիրներ, որոնք հանգուցեալ արուեստագէտի յիշատակը կը յարգեն։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021