ՄԱԼԵՆԱ ՆՈՒԱՃԵՑ «ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ»Ի ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի մրցոյթը։ Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Մալենա, որ հանդէս եկաւ «Քամի-քամի» երգով։ Արդիւնքին Մալենա նուաճեց մրցոյթի առաջնութիւնը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մրցոյթին մասնակցեցաւ 19 երկիր։ Հայաստանի ներկայացուցիչին ամենաբարձր՝ 12 միաւորը տրուեցաւ հարեւան Վրաստանի կողմէ։

Հայաստանի մէջ այս մրցոյթի պաշտօնական հեռարձակողը Հանրային հեռուստաընկերութիւնն է։ 14-ամեայ Մալենա «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի համար տակաւին 2020 թուականին Հայաստանի ներկայացուցիչը եղած էր, սակայն պատերազմի պատճառով Առաջին ալիքը ստիպուած էր չեղարկել միջազգային մրցոյթին Հայաստանի մասնակցութիւնը։ Ուրեմն, տարի մը անց Մալենա հանդէս եկաւ համաեւրոպական այս մրցոյթին մէջ եւ առաջնութիւն պարգեւեց երկրին։

Այսպէսով, յառաջիկայ տարի «Մանկանան Եւրոտեսիլ»ը պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021