ՊՐԱԶԻԼԻԱ ԿԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԷ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պրա­զի­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը՝ շեշ­տե­լով, թէ կ՚ափ­սո­սայ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կա­յա­ցու­ցած ո­րոշ­ման հա­մար, սա­կայն կան գա­ղա­փար­ներ, դիր­քո­րո­շում­ներ, ո­րոնք են­թա­կայ չեն փո­փո­խու­թեան։ «Ար­մէնփրէս»ի փո­խանց­մամբ, նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ ափ­սո­սանք յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ ըն­դու­նուած բա­նա­ձե­ւի ա­ռըն­չու­թեամբ նման դիր­քո­րո­շում մը յայտ­նած է, քա­նի որ ան իր հա­մե­րաշ­խու­թիւնն ու հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը յայտ­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի եւ ան­մեղ մար­դոց զո­հուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

«Յու­լի­սի 1-ին Թուր­քիոյ դես­պա­նը ե­կաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Զին­քը ըն­դու­նեց Ար­տա­քին գոր­ծոց գլխա­ւոր քար­տու­ղար, դես­պան Սեր­կիօ Տե­նէս եւ սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւն տուաւ ան գոր­ծըն­թաց­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք կ՚ըն­թա­նան ծե­րա­կոյ­տի մօտ։ Նշուե­ցաւ, թէ կան տե­սա­կէտ­ներ եւ ա­ւան­դա­կան դիր­քո­րո­շում քա­նի մը հար­ցե­րու ա­ռըն­չու­թեամբ, ո­րոնք են­թա­կայ չեն փո­փոխ­ման։ Նոյն բա­ցատ­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Հոն կ՚ընդգ­ծուի, թէ ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ ծե­րա­կոյ­տը հիմ­նուած է Պրա­զի­լիոյ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րուած ան­կա­խու­թեան լիա­զօ­րու­թեան վրայ։ Միա­ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յոյս յայտ­նեց, թէ Թուր­քիոյ հետ պաշ­տօ­նա­կան երկ­կող­մա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մօտ օ­րէն վե­րա­դառ­նան բնա­կա­նոն հու­նին։

Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թի­ւը ճանչ­ցող ու դա­տա­պար­տող ըն­դու­նու­մէն ետք Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած էր եւ Ան­գա­րա կան­չած այդ երկրի մէջ պաշտօնավարող իր դես­պա­նը՝ խորհրդակ-ցութեանց համար։

Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տը միա­ձայ­նու­թեամբ վեր­ջերս ըն­դու­նած էր ծե­րա­կու­տա­կան Ա­լոի­զիօ Նու­նէս Ֆե­րէյ­րա Ֆի­լիո­յի եւ ծե­րա­կու­տա­կան Ժո­զէ Սե­րա­յի հե­ղի­նա­կած հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015