«ԹՈՒԱՅԻՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐԱՌՈՒԻՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի կողմէ կազմակերպուած առցանց լսարաններու շրջանակին մէջ, վերջերս հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան արեւմտահայերէնի վերաբերեալ հարցերը։ Հերթական՝ 41-րդ առցանց լսարանի ատենախօսն էր լեզուագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեան, որ Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօսներէն է։ «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քեհեան վարեց այս լսարանը, որու քննարկումները կեդրոնացան կրթական ու լեզուական հարցերու վրայ։ Յակոբ Չոլաքեան, որ իր բնագաւառին մէջ յայտնի դէմք մըն է եւ հեղինակութիւն մը կը համարուի, այս առթիւ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է թուային արհեստագիտութիւնը ներառել դասաւանդման ծրագրերուն։
Դասախօսը նախ իրաւամբ հիասթափութիւն յայտնեց, որ զանազան հարթակներու վրայ նման կրթական խնդիրներու արծարծումէն նկատելիօրէն կը բացակային ուսուցիչները, որոնք լուռ են նման քննարկումներու պարագային, նաեւ հեռու՝ հանրային հրապարակագրական մարզէն։ Ապա Չոլաքեան խօսեցաւ արեւմտահայ նոր դպրոցի ձեւաւորման գործընթացի կարեւորագոյն փուլերուն մասին՝ վանական բնոյթէն յարանուանական, միաբանական, անհատական եւ միութենական, դպրոցական հաստատութիւններու կայացման հոլովոյթը ներկայացնելով: Դպրոցները եղած են մանչերու, աղջկանց եւ երկսեռ: Ունեցած են նախակրթարանի բաժին, ապա ծաղկոցներ, որոնք վերածուած են մանկապարտէզի. յետագային՝ միջնակարգ, երկրորդական բաժիններ: Ըստ իրեն, քոլէճական համակարգը հայկական իրականութիւն ներմուծուած է աւետարանական կրթական պատասխանատուներուն կողմէ: Իսկ արեւմտահայ նոր դպրոցի ծրագիրները ընդհանրապէս ազդուած են եւրոպականէն: Մասնագէտը բացատրեց, որ կրթակարգի առումով սկզբնական շրջանին ներառուած էին դպրոցական կայքին առընթեր տնային ուսուցումը (ամիրաներու ընտանիքներ) եւ հեռակայ ուսուցումը՝ նամակագրական ձեւով:
Դասախօսութեան ամբողջին մէջ Չոլաքեան յատկապէս կեդրոնացաւ Հայր Արսէն Այտընեանի քննական քերականութեան գիտաշխատութեան վրայ, ինչ որ հիմնովին նպաստած է աշխարհաբառի գրական լեզու դառնալուն: Տրուած ըլլալով, որ դպրոցները ունին տարբեր պատկանելիութիւններ՝ ազգային դաստիարակութեան մէկ բանաձեւ գոյութիւն չունի: Կան տարբեր մօտեցումներ այս ուղղութեամբ, սակայն բոլորը համաձայն են, որ գլխաւոր միջոցը հայերէն լեզուն է: Չոլաքեան յիշեցուց նաեւ, որ 19-րդ դարու աւարտին մեր դպրոցներուն մէջ տիրական էր թրքերէնը: Սփիւռքի մէջ նպատակ էր արդէն թրքախօսութիւնը, քրտախօսութիւնը եւ բարբառախօսութիւնը փոխարինել արեւմտահայերէնով: Ուրեմն սփիւռքահայ դպրոցական համակարգը դարձաւ արեւմտահայ նոր դպրոց: Չոլաքեան կեդրոնացաւ նաեւ սփիւռքի արեւելեան գաղութներու առաջին 30-ամեակի ժամանակահատուածին վրայ: Ան հաստատեց, որ նոյնիսկ ցեղասպանութենէն առաջ. օրինակ՝ Սուրիոյ պարագային կը գործէր 54 հայկական վարժարան: Առաջին 30-ամեակի երեւոյթներէն էր գիշերօթիկի դրութիւնը՝ Նշան-Փալանճեանի, Մելգոնեանի եւ Մուրատ-Ռափայէլեանի օրինակները նկատի ունենալով: Աւելցուց, որ դասաւանդման նոր մեթոտներ չկային: Չոլաքեան աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ 1950-ական թուականներուն այս առումով փոխուած էին միջոցները։ Մրցունակ ըլլալու պարտաւորութիւնը ստիպած էր գիտական եւ յարակից նիւթերը տեղական (ոչ-հայերէն) լեզուով դասաւանդելու ոչ-պետական եւ պետական վարժարաններու մէջ: Այսպէսով հայերէնը փաստօրէն կորսնցուց գիտելիքներու ուսուցման լեզուի իր հանգամանքը: Այս կէտին վրայ դասախօսը օրինակներ տուաւ սուրիահայ վարժարաններուն կողմէ որդեգրուած մեթոտական միջոցներու՝ գրաճանաչութեան եւ եզրաբանութեան հայացման աշխատակարգի առումով: Ան հաստատեց, որ արեւմտահայերէնը ծայրայեղօրէն աւանդապաշտ լեզուի հանգամանքը պահեց՝ ուղղագրութեան եւ քերականութեան մէջ:
Ելոյթին մէջ շատ կարեւոր դիտարկումներ ներկայացնելով՝ Յակոբ Չոլաքեան խօսեցաւ համակարգչային եւ համացանցային համակարգը հայկական դպրոցական ծրագիրներուն մէջ թերի ներառումին մասին: Ան անհրաժեշտ նկատեց հայերէն ստեղնաշարի օգտագործման, թուային հաղորդակցութիւնը հայերէնով կատարելու վարժութիւններու դասաւանդումը՝ դիտել տալով, թէ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այս առումով ինքնուսուցման սահմաններուն մէջ է: Չոլաքեան ողջունեց ներկայ պայմաններուն մէջ արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցման երեւոյթը, միեւնոյն ժամանակ, ըրաւ մտահոգ զգուշացում մը։ Արդարեւ, պէտք չէ զարգանայ այնպիսի մտածում մը, թէ երբ կայ հեռավար արեւմտահայերէնի ուսուցման կարելիութիւն, ապա ինչո՛ւ աշակերտը պիտի յաճախէ հայկական վարժարան։ Այս առումով ան շեշտեց, որ դպրոցը՝ իբրեւ միջավայր, կառոյց եւ հաւաքավայր, անփոխարինելի է:
Հրատապ, այժմէական եւ գործնական ուղիներ մատնանշելու բազմաթիւ օրինակներով յագեցած դասախօսութեան հետեւեցաւ շատ հետաքրքրական քննարկում: Այս դասախօսութիւնը հասանելի է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։