ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԽՕՍԵՑԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեցին Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի կայունացման կապակցութեամբ։ Սա անոնց վերջին շրջանի իրերայաջորդ զրոյցներու շարքը համալրեց եւ երկու ղեկավարները հերթական անգամ արժեւորեցին տարածաշրջանի իրավիճակը՝ կարծիքներ փոխանակելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ Մոսկուա եւ Փարիզ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին են։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առընչութեամբ փոխանակուած կարծիքներու շրջանակին մէջ, Վլատիմիր Փութին եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնեցին իրավիճակի կայունացման ու խաղաղ կեանքի հաստատման, տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն կապակցութեամբ։ Մատնանշուեցաւ, որ Ռուսաստան եւ Ֆրանսա կը գործեն այդ հարցերուն շուրջ եւ ապագային մտադիր են համաժամանակեայ ջանքեր գործադրելու։
Երկու ղեկավարները հեռախօսազրոյցի ընթացքին բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն ընդառաջ։ Նկատի ունենալով, որ զրոյցը կը զուգադիպէր ֆրանսացի ղեկավարի ծննդեան օրուան՝ ռուս ղեկավարը այս կապակցութեամբ եւս շնորհաւորութիւններ յղեց իր պաշտօնակցին։