ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Անոնք կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի լիցքաթափումը։ Միեւնոյն ժամանակ Միրզոյեան եւ Լաւրով կանգ առին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութեան վրայ։ Նախարարներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերով դրութեան ձեւաւորուիլը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէ ներս խաղաղութեան պահպանման երաշխաւորն են։ Մինչ այդ, ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ ամանորեան նուէրներ յանձնեցին շուրջ հազար երեխայի։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ երէկ հիւրընկալեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը։ Այս վերջինը Երեւան այցելած է՝ Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահ դառնալուն ընդառաջ։ Զաս տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն Զասի այցելութեան կապակցութեամբ գրած էր, որ Երեւանի մէջ իր մասնակցութեամբ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծման հարցերուն շուրջ։ Երեւան հասնելէ առաջ ընդհանուր քարտուղարը յայտնած էր, որ ՀԱՊԿ կը սատարէ Հայաստանի քայլերուն՝ տարածաշրջանի իրավիճակը քաղաքական ճանապարհով կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում սկսիլը կը համարուի առկայ իրավիճակի կրկնութիւնը կանխելու կարեւոր քայլ մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021