ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Երէկ, Երեւան ունեցաւ նոր քաղաքապետ մը. ի դէմս Հրաչեայ Սարգսեանի։ Քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով այժմ արդէն նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի դէմ անվստահութիւն յայտնելու նիւթը։ Հարկ է նշել, որ 2018 թուականի իշխանափոխութեան ժամանակ Հայկ Մարութեան եղած էր Նիկոլ Փաշինեանի Թաւշեայ յեղափոխութեան հետամուտներէն մին։ Ան իշխանափոխութեան հիմնական խորհրդանշաններէն մին դարձած է՝ ընտրուելով Երեւանի քաղաքապետ։ Նոյնպէս Քաղաքապետութեան խորհուրդէն ներս ալ մեծամասնութիւն ապահոված էր «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը։ Վերջին շրջանին Հայկ Մարութեանի եւ իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած էին տարաձայնութիւններ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անջրպետ մը յառաջացած էր նաեւ քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան միջեւ։

Այս բոլորէն վերջ օրակարգի վրայ եկաւ Հայկ Մարութեանի դէմ անվստահութիւն յայտնելու հարցը եւ զինքը պաշտօնէն հեռացնելու նիւթը։ Քաղաքապետութեան խորհուրդի «Իմ քայլը» խմբակցութեան բոլոր անդամները թէեւ համամիտ չգտնուեցան այս նախաձեռնութեան, սակայն, այդ պառակտումը վերջին հաշուով ազդեցութիւն մը չունեցաւ արդիւնքին վրայ։ Սուր բանավէճերէ վերջ Քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկուան քուէարկութիւնով անվստահութիւն յայտնեց Հայկ Մարութեանի դէմ եւ այս վերջինը պաշտօնազրկուեցաւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի նոր քաղաքապետը դարձաւ Հրաչեայ Սարգսեան, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր նոյնպէս «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021