STRATFOR-ԷՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային վերաբերեալ նիւթերը կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել քաղաքական օրակարգին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու երկիրները յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած են Սերտար Քըլըչն ու Ռուբէն Ռուբինեանը՝ բնականոնացման հեռանկարին շուրջ բանակցութիւններ վարելու առաջադրութեամբ։ Թէ՛ Անգարա եւ թէ Երեւան հաստատած են այս ուղղութեամբ գոյացած փոխադարձ ըմբռնումը, սակայն առայժմ հաւանական ժամկէտներուն շուրջ յստակութիւն մը չկայ։

Ներկայ սպասման մթնոլորտին մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ շուտով նախատեսուած է յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը։ «Մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղութեամբ քայլեր կ՚առնենք։ Հայաստանի հետ ուղղակի շփումներու սկսելուն համար փոխադարձ ներկայացուցիչներ նշանակեցինք։ Ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի մէկտեղուին» ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն կարգ մը ընկերութիւններ պիտի սկսին իրականացնել նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան չուերթները։ Նախարարը յիշեցուց, որ Թուրքիա այս բոլոր որոշումները կ՚առնէ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցաբար։

Անգարայէն հնչած այս յայտարարութիւններուն փոխարէն յարաբերաբար աւելի զուսպ է Երեւան։ Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամկէտներուն վերաբերեալ հայկական կողմը առայժմ ոչինչ հաղորդած է։ Չավուշօղլուի յիշեալ յայտարարութիւններուն արձագանգեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան։ Երեւանի արձագանգին մէջ շեշտադրումները ամբողջական հերքումի մը տպաւորութիւնը չստեղծեցին։ Արդարեւ, բանբերը յայտնեց, որ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակեցուած չէ կողմերուն միջեւ ու երբ որ յայտնի դառնայ, անմիջապէս պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը պիտի փոխանցուի։

Միւս կողմէ, Անգարա-Երեւան առանցքին վերաբերեալ նոր սպասումները միջազգային հարթութեան վրայ ալ հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Այսպէս, ամերիկեան «Stratfor»ը եւս անդրադարձաւ համապատասխան հեռանկարներուն։ Հեղինակաւոր այդ հարթութեան վրայ մատնանշուած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանէ ներս անբաղդատելիօրէն պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։ Այսպէս, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը էապէս պիտի զօրացնէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, կը գրէ «Stratfor» վերլուծական թերթը։

«Յստակ չէ, թէ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում տեղի պիտի ունենա՞յ, որովհետեւ երկիրներէն որեւէ մէկը չի փափաքիր փոխել իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առընչութեամբ։ Սակայն, յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը բանայ անոնց միջեւ փակ սահմանները, տնտեսական օգուտ կը բերէ երկու կողմերուն եւ էապէս կը մեծցնէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Բանակցութիւնները ինքնին կ՚ազդարարեն, որ Ռուսաստան պէտք է աւելին ընէ Հայաստանի համար, եթէ յոյս ունի ուշացնել իր ազդեցութեան անկումը Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ  Թուրքիա պէտք է օգտագործէ բանակցութիւնները՝ զսպելու համար Ատրպէյճանը, որ փոխադրական ուղիներու եւ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններուն Հայաստանին չափազանց շատ պահանջներ չներկայացնէ։ Այս քայլը կրնայ նպաստել Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու բարելաւման, յատկապէս Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ, որովհետեւ ամերիկեան կառավարութիւնը տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ կոչ կ՚ուղղէ բարելաւելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ կառավարութեան անհրաժեշտ է ելեւմտական եւ քաղաքական աջակցութիւն, զորս կրնայ ստանալ այնպիսի հզօր գործընկերներէ, ինչպիսիք են Ամերիկան եւ Եւրոպական Միութիւնը, որոնք կը գնահատեն ռազմական գործողութիւններու առանցքային թատերաբեմին վրայ Ռուսաստանին հակազդելու Թուրքիոյ գործողութիւնները», կը գրէ թերթը։

Միջազգային այս արձագանգներու մթնոլորտին մէջ, երէկ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան որոշած են Իգդիրի եւ Նախիջեւանի միջեւ կազամուղ խողովակաշարի մը շինարարութեան ձեռնարկել։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ տարածաշրջանի երկիրները պէտք է ձգտին խաղաղութեան ու կայունութեան եւ Թուրքիա պատրաստ է այս գործընթացէն ներս իր ներդրումը ունենալու։

Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Անգարա-Պաքու թանտեմի նախաձեռնութիւնները արդէն դարձած են գերակշիռ։ Ատրպէյճան բոլոր բնագաւառներէ ներս կայուն թափով կը զարգացնէ նաեւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Վերջին օրերուն Պաքուի մէջ շփումներ ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլածէ, որ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Ան ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ պաշտպանութեան նախարարները երէկ Պաքուի մէջ ստորագրեցին յառաջիկայ տարուայ երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021