ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ԿԱՊՈՅՏԸ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։
Երկինքի անբիծ կապոյտը անդրադարձում մըն է մարդուն, թէ երբ կ՚ապրի երկրի վրայ, ժամանակաւոր է այդ կեանքը, ոտքը դեռ երկրի վրայ է, բայց հի՛ւր է ինք հոս՝ պարզապէս հոգեպէս «պանդուխտ» մըն է միայն, որ կ՚անձկայ հասնելու իր «երկնաւոր տո՛ւն»ը։ Ան չունի պայուսակ, չունի տոմսակ, բայց երբ կը գիտակցի, թէ երկինքի ճամբուն ուխտաւոր մըն է ինք՝ Աստուած կը տրամադրէ ամէն դիւրութիւն ձրիաբար եւ կ՚առաջնորդէ զայն դէպի երկինք, որ է յաւիտենական ու իսկակա՛ն կեանք…։
Աւա՜ղ սակայն, որ երկնակամարը չի՛ կրնար պահել իր անբիծ կապոյտը երկար ատեն՝ նոյնիսկ մարդուն շեղումներուն պատճառով։ Հովեր՝ հեռաւոր հորիզոններէ կը քշեն, կը բերեն ամպեր, որոնք կը քօղարկեն կապոյտ ու լուսաւոր դէմքը երկինքին, եւ դժբախտաբար կը խոժոռեցնեն, կը ծամածռեն, կ՚այլափոխեն, խաւարի մէջ կը թողուն զայն։ Եւ մա՛րդն է, որ կ՚ընէ այդ, եւ ո՛չ բնութիւնը։ Մա՛րդն է, որ կը փոխէ իր իսկ «ճակատագիր»ը, մա՛րդն է շեղի երկինքի ճամբէն եւ դիմելով դէպի խաւար, ի՛նքն ալ կը խաւարի…։
Երբ հարցը «ճակատագրի» մասին է, կ՚արժէ այս մասին խորհրդածել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «ճակատագիր»ը ընդհանրապէս։
Նախ ըսենք, որ «ճակատագիր»ը կապ ունի Աստուծոյ ամենատեսութեան հետ, այսինքն Աստուած, քանի որ ժամանակի մարդկային ըմբռնումով չի նայիր եւ չի տեսներ աշխարհային դէպքերը, մարդոց կատարած գործերը եւ անոնց արդիւնքը, ապա ուրեմն Աստուած գիտէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերջանայ, ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ մարդկային որեւէ արարք։ Բայց Ան չի միջամտեր։ Ուրեմն հարցը հոս է. մարդ ազատ կամքով կը շարժի, կը գործէ եւ յանձնառու կ՚ըլլայ անոնց հետեւանքին, կը վարձատրուի եւ կամ կը տուժէ։ Մարդ իր արարքին հետեւանքը շատ անգամ, կամ ըսենք ընդհանրապէս չի գիտեր եւ այս իսկ պատճառով «ճակատագիր» կ՚ըսէ հետեւանքին։
Բայց չկայ որեւէ արդիւնք առանց պատճառի։
Եւ այդ պատճառը մարդուս «ազատ կա՛մք»ն է։
Արդարեւ Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը։ Աշխարհի ստեղծագործութիւնը անհրաժեշտութեան մը, «կոյր ճակատագրի» մը, դիմադրական ուժի մը կամ դիպուածի մը արդիւնքն ալ չէ՛։
Ստեղծագորութիւնը իր ամենալայն առումով ու ճշգրիտ իմաստով՝ յառաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութեան ազատ կամքէն։ Եւ ուրեմն «դիպուած» չէ՛…։
Եթէ մարդկային աչքէն ծածկուի երկինքի անբիծ կապոյտը, այդ չի նշանակեր, թէ սրբուած լէ երկինքի կապոյտը, քանի որ երկինքի այդ հարազատ գոյնը երբեք չի՛ սրբուիր, երբեք չի՛ կորսուիր, այլ՝ կը մնայ ան հո՛ն անայլայլ, անփոփոխ, թէեւ ամպեր՝ գորշագոյն եւ կամ սեփսեւ փռոց մը տարածեն անոր երեսը։ Արդարեւ բան մը չի տեսնել՝ անոր չգոյութիւնը չի՛ նշանակեր։ Բան մը եթէ գոյութիւն ունի՝ անոր գոյութիւնը երբեք ենթակայական չէ, կամ ըսենք, ուրիշներու աչքին տեսութենէն կախում չունի՛, եւ միշտ ան կա՛յ…։
Եւ ո՜րքան մխիթարական է մարդուս համար վստահութիւնը այս անայլելի իրականութեան մասին։
Երկինքի իրականութիւնը կա՛յ ու կը մնա՛յ. անայլելի ու մշտնջենաւոր, եւ ո՛չ մէկ խաբուսիկ փաստ ու երեւոյթ կարող է որեւէ ձեւով հերքել զայն։ Ո՛չ թէ յաւիտենականութեան իրականութիւնը փաստարկութեան պէտք ունի, հապա՝ անոր ուրացո՛ւմը։ Թէ՛ մարդ ինչո՞ւ չի հաւատար. բացատրութիւնը կամ պատճառաբանութիւնը անհրաժեշտ կ՚ընէ։ Արդէն բնական ու բանական, տրամաբանական է հաւատալ յաւիտենականութեան։ Երկինքի կապոյտը տեւակա՛ն է. ինչո՞ւ ուրեմն մարդ տարուի խաբուսիկ ու անհաստատ երեւոյթներու անվաւեր վկայութիւններէն…։
Տգիտութեան եւ սկեպտիկութեան, իմացական տարակուսանքներու հովերը միշտ պիտի փչեն մարդուն հոգեւոր իմացողութիւնը պղտորելու, մթագնելու, բայց մարդուն դիրքը «անբան» պիտի մնայ միշտ՝ ինչպէս մնաց դիրքը Կալիլէոյի մը, եւ մարդ կարող պիտի ըլլայ հաստատապէս յայտարարելու, թէ գորշ, սեւ եւ մութ ամպերու տակ ծածկուած կը մնայ «կապոյտ»ը՝ երկինքի անբիծ ու հարազատ կապոյտը, որ նշանակն է ու դրօշը յաւիտենական կեանքի։ Արդարեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքը, ես եմ լոյսը աշխարհի», Ա՛ն է կեանքը, Ա՛ն է լոյսը, եւ այդ կեանքը անվախճա՛ն է եւ այդ լոյսը՝ անշէ՛ջ…։
Մարդուս այս «երկրաւոր» կեանքը կը նմանի երկրակամարին երեսը թռչող ամպի մը՝ որ կ՚երեւնայ ու կ՚անհետանայ, բայց երկինքի կապոյտը կը մնա՛յ անեղծ, իր գոյնովը եւ էութեամբը։
Եւ դո՛ւք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ կը խորհիքն այս մասին։ Կարեւոր է ասիկա։
Խորհուրդներու երկա՜ր թափօր մը անցք կը կատարէ մարդկային մտքին մէջէն՝ թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկային, եւ պիտի շարունակէ իր անցքը ապագային եւ միշտ։ Անշուշտ ամէն մէկուն ուշադրութիւնը հրաւիրել կարելի չէ, կարելի չէ նաեւ անդրադարձնել անոնց իւրաքանչիւրը։ Բայց գոնէ սա՛ մէկին եւս…։
Ո՜ւր էր, որ մարդուս հոգիին «կապոյտ»ը, անոր անբծութիւնը, անոր «երկինք»ն ալ միշտ «կապոյտ» մնար իր հարազատութեամբ։ Բայց ինչպէ՞ս մնայ. երբ հոն ալ կը փչեն հովե՜ր եւ կը խռովեն տիրող խաղաղութիւնը, եւ հոն ալ կը փչեն հովե՜ր ու կը ծանրացնեն կեանքը։
Եւ հոն ալ տեսակ տեսակ հոգերու, եւ անձկութիւններու, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու եւ վիշտերու սեւ սեւ ամպեր կու գան, կը կուտակուին եւ կը ծանրացնեն ճնշումը մարդուս սրտին վրայ։
Կա՞յ ազատում։ Ո՛չ, այս կեանքին մէջ, քանի որ ինքն իսկ Յիսուս ըսաւ, թէ՝ նեղութիւններ պիտի ունենաք այս աշխարհի վրայ։ Ուրեմն քա՛ջ պէտք է ըլլալ։
Իրապէս այս աշխարհի վրայ երբեք մարդուս խոստացուած չէ վարդաստան մը, ինչպէս՝ կատարեալ խաղաղութիւն։ Ուրեմն կեանքը ընդուիլ այնպէս՝ ինչպէս կը ներկայացուի մարդուս եւ աշխատիլ տանիլ զայն։ Այո՛, կեանքը վարդատան մը չի ներկայացներ մարդուս, բայց տանելի ընելու համար միջոցներ կը ներկայացուին, եւ անոնք որ կ՚անդրադառնան, մասամբ կը դիւրացնեն կեանքը։
Անհատի կեանքին երջանկութեան կարեւոր բաժինը կախեալ է ուրիշներէ՝ անոնցմէ, որոնց հետ կ՚ապրինք եւ ապրելու պարտադրուած ենք ընդհանրապէս։ Արդարեւ մարդ ընտրելու առիթը չունի իր միջավայրը, իր շուրջինները։ Ուրեմն մարդ տոկալո՛ւ է հոգերու, անձկութիւններու՝ միասնաբար, իր շուրջիններուն հետ։ Անհատը «անհա՛տ» է միշտ «ուրիշ»ներու մէջ, շուրջիններուն հետ, այդ միջավայրին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 29, 2015, Իսթանպուլ