ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԴ.

«Թովմաս ըսաւ Իրեն.

-Ցոյց տուր մեզի Հայրը» (Յհ 14.8):

Կարծեց, թէ մարմնաւոր տեսիլքով պիտի տեսնէր Հայրը, կ՚ըսէ, թէ՝ Քեզ տեսանք ու ճանչցանք, մեզի կը պակսի Հօր տեսութիւնը:

Ապա, Տէրը ի՞նչ կ՚ըսէ անոր.

«Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չի ճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ» (Յհ 14.9):

Կ՚ըսէ, ոչ թէ արժանապէս կրցար գիտնալ Աստուածութիւնս, քանի որ եթէ հոգիիդ աչքով կարենայիր տեսնել Աստուածութիւնս, արդեօք չէի՞ր ուզեր հարցնել Հօր, որովհետեւ նոյն բնութիւնը, Աստուածութիւնը եւ կամքը, որ Իմս է, նոյնն Հօրն է նաեւ: Բայց կը թուի, այն որ ըսաւ, թէ՝ «չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպոս», հակառակ է այս խօսքին, որ ետքէն ըսաւ, թէ՝ «ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսած եղաւ», քանի որ ան թանձր, շօշափելի մարմին կը տեսնէր, հակառակ չէ, այլեւ շատ վայելուչ, քանի որ այն ինչ զգալի աչքով կը տեսնէր, կրնար միտքի աչքերով անոր մէջ Աստուածութիւնն ալ տեսնել, եւ չէր ըսեր, թէ ցոյց տուր մեզի Հայրը, այլ՝ որովհետեւ չճանչցաւ, ինչպէս արժան էր, քանի որ ինչպէս խօսքը միտքին թարգմանն է, նոյնպէս ալ Որդին Հօր թարգմանն է, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, թէ՝ «որ Հօր աներեւոյթ պատկերն է» (Բ. Կր 4.4) եւ ո՛չ թէ միայն մեզմէ անհասնաելի է, այլեւ հրեշտակներէն եւս: Ապա, այստեղ ամօթահար կ՚ընէ հրեայ Սաբէլիոսին, եւ Եւնոմիոսին, Աետոսին եւ Արիոսին՝ անոնց հետեւողին, որոնք Որդին արարած է ըսին, եւ ո՛չ միայն զանոնք կը պապանձեցնէ, այլեւ զանոնք, որոնք անճառ միաւորութենէն ետք երկու բնութիւն եւ երկու կամք ըսին Քրիստոսի, որ քաղկեդոնիկներն են, իսկ մենք Բանին Աստուծոյ մարմինին հետ անճառելի միաւորութենէն ետք կը խոստովանինք մէկ բնութիւն եւ կամք եւ ներգործութիւն, ինչպէս Ինք ըսաւ. «Ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսած եղաւ» (տե՛ս Յհ 14.9), եթէ մարմինը չէր, որ անոր միացած էր Աստուած՝ հաւասար Հօր Աստուծոյ, ինչպէ՞ս կ՚ըսէր՝ «ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսած եղաւ»: Նոյնը Թովմասը շօշափեց յարութենէն ետք եւ զԻնք Տէր ու Աստուած դաւանեցաւ (Յհ 20.26-29), իսկ եթէ չարափառներէն ոմանք ըսեն, թէ այն Աստուածութեան համար ըսաւ, թէ՝ «ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսած եղաւ», ասիկա կ՚ըսենք անոնց համար, թէ՝ ո՜վ յիմարներ, եթէ այդպէս էր, պատշաճ էր ըսել, թէ ով որ Աստուածութիւնս տեսաւ, որ մարմինիս մէջ է ու հաւատայ, Հօր կը հաւատայ, եւ այն ինչ որ աշակերտներուն կը խօսէր, որովհետեւ թերեւս թերակատարներ էին, պէտք էր այս փոքր խօսքին միջոցով գիտուն ընել զանոնք, տակաւին հրեաները եւս զԻնք Աստուծոյ Որդի եւ Աստուած կը կարծէին, բայց երբ կ՚ըսէր՝ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը» (Յհ 6.41), եւ «ով որ մարմինէս ուտէ, մահ պիտի չտեսնէ» (հմմտ. Յհ 6.57-59), կը խռովէին, ապա ինչո՞ւ հրեաներուն չըսաւ, թէ մարմինիս համար չես ըսեր աստուած, այլ Աստուածութեանս հաւատացէք, որ մարմինիս մէջ է, եւ անոնք ասիկա յօժարութեամբ կ՚ընդունէին ու կը հաւատային, սակայն մարմինին համար կ՚ըսէր Հայր Աստուծոյ հաւասար, որովհետեւ անորն էին բարձրագոյնները, եւ անոր՝ խոնարհագոյնները, քանի որ ո՛չ թէ անօթութիւնը, ծարաւը, յոգնութիւնը կամ հիւանդներ բժշկելը, բորոտները սրբելն ու մեռելները յարուցանելը բնութիւններուն յատկութիւնները ցուցնող էին, այլ հետեւանք միայն, որպէսզի հաստատապէս գիտնաս, թէ Աստուած է եւ մարդ, քանի որ եթէ մէկը ըլլայ, որ բարձրագոյնները Աստուածութեանն է ըսէ, իսկ խոնարհագոյնները՝ մարդկութեան, նզովեա՛լ թող ըլլայ, ինչպէս Կիւրեղը կ՚ըսէ տասներկու կանոններուն մէջ1, բայց թէ՛ խոնարհագոյնները եւ թէ՛ վեհագոյնները կը ներգործէր, նոյն մարմինով, որ աստուածացած էր, որովհետեւ Հօր հաւասար կը գործէր. Ան [Հայր Աստուած] հողէն Ադամին ստեղծեց, իսկ Սա [Յիսուս Քրիստոս] հողէն կոյրին աչքերը ստեղծեց [բացաւ]: Արդ, Արիոսը թող ամչնայ, որ Որդիին արարած կ՚ըսէր եւ ո՛չ թէ անեղ՝ Հօրմէն, կամեցաւ արծաթէն ոսկի բնութիւնը խնդրել, անմիտը [սակայն] չկրցա՛ւ իմանալ, թէ անեղը չի՛ կրնար արարած ըլլալ, այդ պատճառով Տէրը Փիլիպպոսին կ՚ըսէ՝ «ով որ զիս տեսաւ, Հայրը տեսած եղաւ», որպէսզի զայն ճանչցնէ Իր Աստուածութեան, որովհետեւ եթէ իսկապէս գիտէր, Հօր մասին չէր հարցներ:  

«Չե՞ս հաւատար թէ Ես Հօր մէջ եմ եւ Հայրս Իմ մէջս է» (Յհ 14.10):

Արդարեւ, ո՞ւր են անոնք, որոնք կ՚ըսեն առաւել եւ նուազ է Աստուած, քանի որ եթէ Որդին նուազ էր, ինչպէ՞ս կրնար Հայրը տանիլ Իր մէջ, որ կ՚ըսէ, թէ՝ Հայրս Իմ մէջս է, իսկ եթէ Հօրմէն փոքր էր, ինչպէ՞ս կը լրացնէր Հօրը, որ կ՚ըսէ, թէ՝ Ես Հօր մէջ եմ, որովհետեւ հնարաւոր չէ նուազը բազումը տանի եւ կամ փոքրերը մեծին ձգտիլ ու հաւասարիլ:

«Այս խօսքերը որ ձեզի կ՚ըսեմ՝ Ես Ինձմէ չեմ ըսեր. Հայրը որ մէջս կը բնակի՝ Իմ միջոցաւս կը կատարէ Իր գործերը» (Յհ 14.10):

Տէրը երեք վկայութիւններ կը դնէ Իր խօսքին մէջ, որ ճշմարիտ է. նախ՝ որովհետեւ Հայրս կը գործէ, եւ Ան Աստուած է, ու Անոր մէջ ստութիւն չկայ: Երկրորդ. գործը որպէս վկայութիւն կու տայ, քանի որ թէեւ Ինծի չէք հաւատար, սակայն գործերը, որ կը գործեմ, անոնք կը վկայեն, որ Աստուած եմ: Երրորդ. քանի որ Ինծի հաւատացողներուն այնպիսի շնորհներ պիտի տամ, որպէսզի մեծամեծ բաներ գործեն, քան Ես:

Եւ որո՞նք են մեծամեծ [գործերը]. այս է, որովհետեւ Քրիստոս ձեռք դնելով հիւանդները կը բժշկէր, իսկ աշակերտներուն ստուերը կը բժշկէր, Տէրը խօսքով կը բժշկէր, իսկ անոնց քրտինքով թաշկինակը, ապա երբ այսպէս էր, առաքեալները աւելի մեծ կ՚ըլլային քան զՔրիստոս, այդ պատճառով նոյն բանի մասին կ՚աւելցնէ, թէ՝

«Ես Հօրս քով կ՚երթամ: Եւ ինչ որ Իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն» (Յհ 14.12-13):

Այսինքն՝ երբ ձեր մէջէն մեկնիմ, եւ դուք տիեզերքի չորս կողմը սփռուիք քարոզելու եւ ուսուցանելու, եւ ինչ որ նշան խնդրէք Իմ անունովս, պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի ատոնցմով մարդիկը հաւատարիմ դարձնէք եւ նոյներէն աւելի գործէք:

Նախ այստեղ յայտնի է, այսինքն՝ առաքեալներուն վարդապետութենէն, որովհետեւ շատ աւելի են, որոնք Քրիստոսի դարձան առաքեալներուն քարոզութեամբ, քան թէ Քրիստոսի վարդապետութեամբ, որովհետեւ առաքեալներուն քարոզութեամբ հաւատացեալներու բազմութիւն մը դարձան դէպի Քրիստոս, իսկ Քրիստոս վարդապետութեամբ հրեաներէն քիչեր դարձի եկան:

Երկրորդ. քանի որ առաքեալները բոլոր լեզուներով կը քարոզէին, ինչպէս Գործք Առաքելոցէն յայտնի է, իսկ Քրիստոս միայն մէկ լեզուի [ժողովուրդի] քարոզեց, այսինքն՝ եբրայեցի, ինչպէս Ինք կ՚ըսէր. «Ես միայն Իսրայէլի ժողովուրդին կորսուած ոչխարներուն համար ղրկուեցայ» (Մտ 15.24):

Երրորդ. որովհետեւ Տէրը միայն Պաղեստինի մէջ քարոզեց, իսկ առաքեալները ամբողջ տիեզերքին մէջ:

Չորրորդ. սքանչելիքներէն յայտնի է, քանի որ մեծ կ՚երեւէր, որոնք Քրիստոսի քղանցքին [դպնալով] կը բժշկուէին, բայց առաւել մեծագոյն կ՚երեւի, երբ հիւանդները կը բժշկուէին Պետրոսի հագուստներուն ստուերէն, ինչպէս Գործքին մէջ կ՚ըսէ (Գրծ 5.15):

Իսկ եթէ հարցնես, ինչո՞ւ համար է, որ առաքեալները Քրիստոսէն աւելի մեծամեծ հրաշքներ կը գործէին, Ինքն իսկ՝ Քրիստոս պատասխան կու տայ՝ ըսելով. «Որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՚երթամ», քանի որ շատ վայելուչ էր Սուրբ Հոգիին գալուստէն ետք մեծամեծ հրաշքներ ըլլային, բայց Քրիստոս եւ առաքեալները այլ եւ այլ կերպերով սքանչելիքներ կը գործէին, որովհետեւ առաքեալները աղաչելով, իսկ Քրիստոս ներգործելով եւ պատուիրելով, եւ թէեւ սքանչելիքները առաքեալներուն միջոցաւ եղան, առաւել սակայն կ՚ըսուի Քրիստոս Աստուծոյ փառքին համար:

Սակայն գիտելի է, թէ ինչո՞ւ համար երբ մարդ Աստուծմէ բան մը կը խնդրէ եւ չի ստանար:

Այս է. նախ՝ որովհետեւ եթէ անարժան բան մը խնդրէ, խնդրածը չի ստանար:

Երկրորդ. քանի որ երբ ինք անարժան ըլլայ, չի ստանար:

Երրորդ. որովհետեւ եթէ փութկոտ ըլլայ խնրանքը եւ երկար համբերութեամբ չըլլայ, չի ստանար:

Չորրորդ. քանի որ եթէ խնդրուածը մարմնական բան մը ըլլայ եւ կամ մարմինին համար, անհնար է ստանալ, իսկ եթէ արժանաւոր բան մը խնդրէ եւ ինք խնդրողը արժանաւոր ըլլայ եւ եթէ Աստուած ուշացնէ եւ չտայ, ան փութկոտ ու անհամբեր թող չըլլայ, այլ՝ համբերութիւն ունենայ եւ խնդրուածը հոգեւոր բան ըլլայ եւ հոգեւորին համար, հնարաւոր չէ որ խնդրողը չստանայ, եթէ այս չորս բաները ունենայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 134

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս Կիւրեղ Աղեքսանդրացի, «Գիրք Պարապմանց», էջ 472-747:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021