ԲԱԶՄԱՀԱՐԹԱԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Օրակարգի նիւթերու շուրջ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ Վլատիմիր Փութին ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց այս անպաշտօն գագաթաժողովի մասնակիցները։
Նիկոլ Փաշինեան Սեն Փեթերսպուրկ մեկնելէ առաջ տեղեկացուցած էր, որ թէեւ գագաթաժողովը անպաշտօն է, քննարկումներն ու բանակցութիւնները նոյնպէս, սակայն յամենայնդէպս, Իլհամ Ալիեւի հետ նախատեսուած է շփում։ Պաշտօնական աղբիւրները առայժմ ոչինչ հաղորդած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ շփումին շուրջ։ Վերջին հաշուով, այս շրջանին Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ նկատելի աշխուժութիւն ստեղծուած է, ինչ որ կը ներառէ նաեւ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Անգարան։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերստին աշխուժացման զուգահեռ՝ Ռուսաստանի վերլուծաբաններու անմիջական ուշադրութիւնն ալ կը շարունակուի՝ մանաւանդ, որ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումն ալ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է։
Հայաստանեան աղբիւրները այս շրջանին արձագանգ կը հանդիսանան «Regnum» ռուսական գործակալութեան տնօրէն, կովկասագէտ-վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովի մեկնաբանութիւններուն, ըստ որոնց մինչեւ 2022 թուականի մայիսը Անգարայի մէջ երեք փուլերէ բաղկացեալ ճանապարհային քարտէս մը կը մշակուի Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Սա առաւել չափով կ՚ենթադրէ Անգարայի կողմէ Երեւանին ներկայացուելիք պահանջները՝ մասնաւորապէս 1915 թուականի դէպքերու գնահատման հարցին մէջ տարածքային պահանջներէ հրաժարելու վերաբերեալ գրաւոր երաշխիք ապահովելու նպատակով։ Վերլուծաբանը թրքական աղբիւրներու ալ յղում ընելով նշած է, որ Անգարայի մէջ համոզուած են, թէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու գծով նշաձողի խոշոր փոփոխութեան պէտք չէ սպասել յառաջիկայ տարուան յուլիսէն առաջ։ Արդարեւ, այդ փուլին է, որ պիտի նախաձեռնը-ւի Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծի իրականացման առաջին քայլերուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն յետոյ, տարածաշրջանի հաղորդակցական միջանցքներու ապաշրջափակման շուրջ կողմերու մտադրութեան համայնապատկերին վրայ ենթադրութիւններ կը կատարէ ռուս վերլուծաբանը։ Թուրքիա այդ գործընթացին Նախիջեւանի միջոցաւ մասնակից կը դառնայ։ Այս առումով տրամաբանական կը թուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը՝ յատկապէս, որ իր գործունէութիւնը սկսած է՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+2» ձեւաչափով (Թուրքիա, Ռուսաստան, Իրան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան)։
Այս բոլորի լոյսին տակ մեկնաբանութեան մէջ կ՚ընդգծուի, որ Անդրկովկասէ ներս աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութիւն մը կը ձեւաւորուի եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է նորովի գնահատել տարածաշրջանի ընդհանուր թափը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին տեսակէտէ յառաջիկայ մարտը, պայքարը դիւրին պիտի չըլլայ՝ իր թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքական կերպարի պահպանման տեսակէտէ, մասնաւորապէս՝ բաց ու փակ դիւանագիտութեան ժամանակահատուածին։
Մինչ ռուս վերլուծաբանը մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրած է «3+2» ձեւաչափին նկատմամբ, Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ ալ այս նիւթը չ՚անտեսուիր։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս կրկնեց, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին դուռը միշտ բաց է Թիֆլիզի համար։ Իր կարգին, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երկրի հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ շատ լաւ հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի՝ օգտուելու համար տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած նոր իրավիճակէն։ Վրացական կողմը, որ ձեռնպահ մնացած է «3+3» ձեւաչափով հարթակին մասնակցելէ, կը ձգտի Երեւանն ու Պաքուն ներգրաւելով այլընտրանքային ճանապարհով մը ընթանալ։ Ուստի, Ղարիպաշվիլի մատնանշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հանդէս կու գան տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ի նպաստ։ «Այս տարի Վրաստան կարեւոր նախադէպ մը ստեղծեց տարածաշրջանէ ներս։ Ես շատ ուրախ եմ, որ սա տեղի ունեցած է իմ միջնորդութեամբ։ Մենք ստեղծած ենք առաջին նախադէպը մեզի համար բարեկամ ու հարեւան երկու երկիրներուն միջեւ», ըսաւ ան։ Թուրքիոյ պարագային ալ Ղարիպաշվիլի յայտնեց, որ տարածաշրջանէ ներս ան շատ կարեւոր դերակատար մըն է։ «Մենք բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ», նշեց ան։
Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան մէջ, 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ, օրակարգի հրատապ նիւթերու շարքին կը դասուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ան համոզուած է, թէ Երեւան եւ Պաքու պէտք է առանց նախապայմաններու ձեռնարկեն այս գործընթացին։ «Սահմաններու որոշումը օրակարգային կարեւոր հարցերէն մին է։ Անկախութիւն ձեռք բերելէ յետոյ, գրեթէ 30 տարիէ ի վեր Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն սկսած սահմանազատման, ինչ որ բնականոն չէ», ըսաւ Պայրամով եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ սահմանազատման սկսելու։
«Նոր իրավիճակը, նոր իրողութիւնները հնարաւորութիւն ստեղծած են սահմանի քաղաքակիրթ որոշման համար։ Ատրպէյճան բազմիցս կոչ ուղղած է այդ ուղղութեամբ աշխատելու», ըսաւ Պայրամով, որու խօսքով՝ Սոչիի եռակողմանի հանդիպման յաջորդած փաստաթուղթին մէջ առաջին անգամ արտացոլուած է համապատասխան անհրաժեշտութիւնը։ «Թէեւ անցեալ տարուայ մայիսին ալ այդ անհրաժեշտութիւնը բարձրաձայնուած էր եւ Ատրպէյճան այդ բոլորին ի պատասխան համաձայն գտնուած էր ստեղծել աշխատանքային խումբ մը։ Սակայն, այնուհետեւ, Հայաստան յառաջ քշած էր նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք անընդունելի էին Ատրպէյճանի համար», շարունակեց Պայրամով։
Այս բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Երեւանէն ալ կը կատարուին պաշտօնական յայտարարութիւններ, որոնք միշտ կը շեշտադրեն քանի մը հիմնական հանգամանք։ Այս ծիրին մէջ դիտել կը տրուի, որ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան առանց նախապայմաններու եւ կ՚ակնկալէ նոյն մօտեցումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Անգարա-Երեւան երկխօսութեան օրակարգը տակաւին չէ յստակացած։ Անդրադառնալով Զանգեզուրի միջանցքի խնդրին՝ բանբերը նշած է, որ հայկական կողմը թրքական կողմի հետ երկխօսութեան կ՚երթայ՝ առանց որեւէ կերպով փոխկապակցելու երրորդ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները։