ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ռու­սաս­տա­նի բնա­կան կա­զի ըն­կե­րու­թեան՝ «Կազփ­րոմ»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­րո­շած են ձեռ­նար­կել «Թրքա­կան հոսք» խո­ղո­վա­կա­շա­րի շի­նա­րա­րու­թեան։ Ռու­սա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րէն մէ­կուն տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին ան նշեց, թէ պի­տի սկսին խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծո­վէն անց­նե­լիք հա­տուա­ծի կա­ռուց­ման։ Թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած են այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Իսկ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ սա թրքա­կան հոս­քի դրու­թիւ­նը բաղ­կաց­նե­լիք չորս խո­ղո­վա­կա­շար­նե­րէն միայն մէկն է։ 1100 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ խո­ղո­վա­կա­շար մը պի­տի ըլ­լայ այս մէ­կը, ո­րով 47 մի­լիառ խո­րա­նարդ մեթր բնա­կան կազ պի­տի փո­խադ­րուի Թուր­քիա-Յու­նաս­տան սահ­մա­նին։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Ան­գա­րա կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ջնջած է Հա­րա­ւա­յին հոս­քի ծրա­գի­րը, որ յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր Եւ­րո­միու­թեան վե­րա­պա­հու­թիւ­նը։ Ռու­սա­կան կող­մի այդ ո­րոշ­ման զու­գա­հեռ հա­սուն­նալ սկսած է ներ­կայ ծրա­գի­րը։

Միւս կող­մէ, «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Հուն­գա­րիան ալ փա­փաք յայտ­նած է մաս­նակ­ցե­լու հա­մար թրքա­կան հոս­քին եւ անդ­րա­նա­տո­լեան բնա­կան կա­զի (TANAP) խո­ղո­վա­կա­շա­րին։ Ներ­կա­յիս Հուն­գա­րիա իր օգ­տա­գոր­ծած բնա­կան կա­զին 80 տո­կո­սը կ՚ա­պա­հո­վէ Ռու­սաս­տա­նէն՝ Ուք­րայ­նոյ վրա­յով։ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի դէմ ձեռք առ­նուած նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րուն եւ Ռու­սաս­տա­նի Ուք­րայ­նոյ տա­րան­ցու­մով ա­ռա­քած բնա­կան կա­զի խա­փան­ման հե­տե­ւան­քով, Պու­տա­փեշ­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­նում­նե­րու մէջ մտած են ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար բնա­կան կա­զի մա­տա­կա­րա­րու­մը։ Այս ծի­րին մէջ է, որ հուն­գա­րա­կան կող­մը կը փոր­ձէ ներգ­րա­ւուիլ սոյն այ­լընտ­րան­քա­յին ծրագ­րե­րուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015